Չինական Երաժշտութիւն
Չինական Երաժշտութիւն, Չինաստանի մէջ տարածում գտած երաժշտութիւն:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՉինական երաժշտական մշակոյթը հիմնուած է հին դարաշրջանի ծիսական երգերուն եւ պարերուն վրայ: Չինական երաժշտութեան մէջ կը գերակշռեն երգային սեռերը, որոնց յատուկ է միաձայնութիւնը:
18-րդ դարուն Չինաստանի մէջ կը զարգանայ օփերային արուեստի յատուկ տեսակ մը, որ կը կոչուի «Beijing կամ Peking Opera
6-10-րդ դարերուն պուտտայականութեան տարածման հետ Չինաստան կը ներթափանցեն այլ ժողովուրդներու երաժշտական մշակոյթներ:
18-20-րդ դարերուն Չինաստան աստիճանաբար մուտք կը գործէ եւրոպական երաժշտութիւն եւ մեծ թիւով երաժիշտներ իրենց երաժշտական ուսումը կը կատարելագործեն Եւրոպայի մէջ: ݀Երգեցողութեան զուգահեռ կը ներկայացուին պարեր եւ մարմնամարզական տեսարաններ: Դերասանները իրենց դէմքերը կը ծածկեն շպարի հաստ շերտով կամ դիմակ կը կրեն:
Չինական Նուագախումբը
ԽմբագրելՉինական նուագախումբը կը բաղկանայ մօտ հարիւր նուագարաններէ, որոնցմէ ամէնէն մեծը լարային խումբն է, բաղկացած երեսուն տեսակ կսմիթային եւ աղեղնային նուագարաններէ, նաեւ փողայիններէ (տարբեր տեսակի սրինգներ) եւ հարուածայիններէ (թմբուկներ եւ այլն):
Աղբիւրներ
Խմբագրել«Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2017, էջ 52: