Չղջիկներ
Չղջիկներ (լատին․՝ Chiroptera), միակ թռչող կաթնասուններն են. կը պատկանին ձեռնաթեւաւորներու կարգի կաթնասուններու ենթակարգին։ Յայտնի է 1100 տեսակ՝ տարածուած ամէնուրեք։ Հայաստանի մէջ կը հանդիպինք 28 տեսակի՝ միաւորուած պայտաքիթ, հարթաքիթ եւ պուլտոկակերպ չղջիկներու։
Չղջիկներէն փոքրիկ ստնաւորները վախազդու անասուններ են, որովհետեւ միայն գիշերները դուրս կու գան[1]: Չղջիկները ոչ թէ վնասակար, այլ օգտակար են մարդոց: Անոնք միջատներ կ'ուտեն եւ կ'օգնեն ծաղիկներու բեղմնաւորումին:
Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ
ԽմբագրելՄարդիկ կը կարծեն, թէ չղջիկները կրնան իրենց մազերուն փակչիլ: Իրականութիւնը այն է, որ կարգ մը չղջիկներ շատ սուր տեսողութիւն ունին, իսկ ուրիշներ արձագանգի միջոցաւ կրնան ճշդել իրենց շուրջ գտնուողներուն վայրերը: Այս ձեւով չղջիկին համար շատ դիւրին է գիտնալ թէ՝ ճիշդ ուր ենք մենք եւ շեղիլ: Նաեւ, շատ մը չղջիկներ կը վախնան մարդոցմէ եւ դիտումնաւոր կերպով չեն մօտենար անոնց[2]:
Ընդհանրացած է նաեւ այն կարծիքը, թէ չղջիկները մարդու արիւնը կը ծծեն: Իրականութեան մէջ 3 տեսակի չղջիկներ կան, որոնք արիւնով կը սնանին, սակայն անոնք միայն կ'օգտագործեն անասունի արիւն[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Chisholm Hugh, խմբգր․ (1911)։ «Chiroptera»։ Encyclopædia Britannica 6 (11th հրտրկթն․)։ Cambridge University Press։ էջեր 239–247
- ↑ «Bat»։ Dictionary.com։ արտագրուած է՝ 9 September 2017
- ↑ «Bat, noun 2»։ Online Etymology Dictionary։ արտագրուած է՝ 24 June 2013