Պահրէյնի Անապատի Միակ Ծառը

Պահրէյնի անապատին մէջ գտնուող միակ ծառը փրոսոփիս տեսակի ծառ մըն է, որ կոչուած է «Կեանքի ծառը»: Ան շատ հեռու է կեանքի որեւէ մէկ աղբիւրէ, սակայն, հակառակ ասոր, ան կենդանի է 400 տարիէ ի վեր:

Նկարագրութիւն Խմբագրել

 

Անոր հասակը կը հասնի մօտաւորապէս 10 մեթրի:

Մշտադալար է:

Կը գտնուի երկիրին ամէնէն բարձր կէտէն` Ժապալ Ալ Տուխանէն 2 քմ հեռու:

Ամէն տարի աւելի քան 50,000 զբօսաշրջիկ կու գայ այցելելու կեանքի ծառը:

Տակաւին մինչեւ այսօր անոր ջուրի աղբիւրը անծանօթ կը մնայ[1]: Ամբողջ տարուան ընթացքին, Պահրէյնի մէջ շատ քիչ անձրեւ կը տեղայ կամ ալ ընդհանրապէս չ'անձրեւեր: Անոր արմատները 50 մեթր խորք ունին, ինչ որ կրնայ բաւարար ըլլալ ջուրին հասնելու համար:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել