Պարթեւ Կարեան, Հայկական երգերու սիրուած մեկնաբան, Պոլսոյ ամենասիրուած ու յայտնի երգիչներէն տասնամեակներէ ի վեր համայնքէն ներս եղած է հայկական երաժշտութեան ջահակիրներէն մին։ Երաժշտասէր հասարակութիւնը իր անձին մէջ ոչ միայն կը տեսնէ մենակատար մը, այլ նաեւ կ՚ողջունէ առաքելութիւն մը, որ յառաջ կը տարուի հետեւողականօրէն։ Պարթեւի հիմնական առանձնայատկութիւններէն մին այն է, որ կը յաջողի իր ջանքերով հայկական երաժշտութեան համար տեղ մը ապահովել, պատուհան մը բանալ՝ մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ, զուտ մարդկային շարժառիթներով, համապատասխան զգացումներով։ Ան այս գործը այդքան յաջողութեամբ ըրած է, որ իր համբաւը դուրս եկած է մեր համայնքի սահմաններէն։

Պարթեւ Կարեան
Կարողութիւն մեներգիչ
Երեխաներ Արեւ

Պարթեւ Կարեան այսօր սփիւռքի մէջ ալ հայկական երաժշտութեան համակրելի ու այնքան փնտռուած կատարողներէն մին է։ Ամէն տարի կանոնաւոր պարբերութեամբ համերգներու կը հրաւիրուի արտասահման։ Ցայսօր հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի մէջ։

Պարթեւ Կարեան, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է միայն հայերէն ու հայկական երգերու մեկնաբանութեան, այդ երկրի դժուարին պայմաններուն տակ, յաջողած է նաեւ իր ձայնը հասցնել այլ հայաշատ երկիրներ։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Պարթեւ Կարեան 1976ին սկսած է կիթառի դասերու հետեւելու: Մանուկ տարիքէն իր նախասիրութեան առանցքը եղած է հայկական երաժշտութիւնը եւ ան ինզինք մարզած է այդ ուղղութեամբ: Բազմաթիւ անգամներ սփիւռքահայերու կողմէ հրաւիրուած է Ամերիկա, Գանատա եւ Աւստրալիա: Բացի այս երկիրներէն, հրաւէրներ ստացած է նաեւ Հոլանտա, Գերմանիա, Պելճիքա, Ֆրանսա եւ Զուիցերիոյ նման Եւրոպական երկիրներէ, որոնց ընդառաջելով՝ բեմ բարձրացած

Գործունէութիւն Խմբագրել

2000-ին, հայ երաժշտութիւնը իր ապագայ սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնը իրականացնելու յոյսով՝ պատրաստած է «Մանկութիւնն Է» անուն ձայներիզը:

2005-ին, Պոլսոյ մեր առաջին հայկական Սեմֆոնիք փոփ համերգներու հիմնադիրներէն մէկը եղած է ան, նաեւ՝ «Տեսիլք» անունին տակ 70 հոգիէ բաղկացած այդ ծրագիրին մենակատարը: Միեւնոյն տարին, «Տեսիլք»ի համերգները կրկնուած են երեք անգամ:

2004-2005 թուականներուն, «Եաշամ» ձայնասփիւռին մէջ հայկական երաժշտութիւնը ծանօթացնելու նպատակաւ պաշտօն ստանձնած է:

2009-ին Պարթեւ Կարեան հրապարակ հանած է իր նոր ձայնապնակը, որ կ՛ընդգրկէ 17 երգ։ Ձայնապնակին երգերը ունին յաջող ու առինքնող մշակումներ, նաեւ նուագարանային ճաշակաւոր ընկերակցութիւն։ Ձայնապնակին վրայ տեղ գտած է նաեւ «Ճէմալ Ռէշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած սէնֆոնիք համերգի ընթացքին երգուած «Հայաստան իմ չքնաղ» երգը, որ արժանացած էր բարձր գնահատանքի։ Երգերուն մէջ պարբերաբար Պարթեւին կ՛ընկերակցին սիրուած երկու «վոքալիսթ»ներ Մարալ եւ Սիպիլ Փէքթորոսօղլու։ Նոր ձայնապնակը կը կրէ «Հաւաքածոյ» անունը։

2010-2012 տարիներուն, հայկական երաժշտութեան ծառայելու նպատակով, «Պարթեւ եւ Իր Ընկերները» անուան տակ, պոլսահայ համայնքի սիրուած մենակատարներուն հետ շարք մը համերգներ սարքած է:

2014-ին, համայն աշխարհի մէջ ընդունելութիւն գտաւ acoustic երաժշտութեան ոճով մեկնաբանուած 20 հայկական երգերով տուած համերգ մը, որուն կրկնումը կատարուած է չորս ամիս ետք եւ հասած է 1400 հոգիներու:

2015-ին սարքած է նոր համերգ մը, որ ձօնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:

2017ի համերգին «Առագաստ» նուագախումբին աւելցուցած է չորս լարաւոր նուագարաններ:

երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակը Խմբագրել

2018-ին Պարթեւ Կարեան կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակը։ Ապրիլ 2018-ին ան հանդէս կու գայ յոբելենական համերգով մը, որ տեղի կ'ունենայ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Պարթեւ Կարեան 2018ին ամբողջացուց երաժշտութեան մէջ 40րդ տարին եւ դարձեալ բեմ բարձրացաւ համերգով: «Հայ Երգով 40 տարի» վերնագիրով այս համերգն ալ կրկնուեցաւ երկու անգամ: Սոյն համերգին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, շնորհաւորելով Պարթեւին՝ հայ երգին նկատմամբ ծառայութիւնը եւ վաստակը՝ կնքեց զայն շքանշանով:

Պարթեւ Կարեան տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքէն ներս եղած է հայկական երաժշտութեան ջահակիրներէն մին։ Երաժշտասէր հասարակութիւնը իր անձին մէջ ոչ միայն կը տեսնէ մենակատար մը, այլ նաեւ կ՚ողջունէ առաքելութիւն մը, որ յառաջ կը տարուի հետեւողականօրէն։ Պարթեւի հիմնական առանձնայատկութիւններէն մին այն է, որ կը յաջողի իր ջանքերով հայկական երաժշտութեան համար տեղ մը ապահովել, պատուհան մը բանալ՝ մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ, զուտ մարդկային շարժառիթներով, համապատասխան զգացումներով։ Ան այս գործը այդքան յաջողութեամբ ըրած է, որ իր համբաւը դուրս եկած է մեր համայնքի սահմաններէն։ Պարթեւ Կարեան այսօր սփիւռքի մէջ ալ հայկական երաժշտութեան համակրելի ու այնքան փնտռուած կատարողներէն մին է։ Ամէն տարի կանոնաւոր պարբերութեամբ համերգներու կը հրաւիրուի արտասահման։ Ցայսօր հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի մէջ։

Պարթեւ Կարեան կ՚երգէ Հրանդ Տինքի համար Խմբագրել

Հրանդ Տինքի մա­­հուան տա­­րելի­­ցին ձօ­­նուած մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու շար­­քէն երաժշտա­­կան ներ­­կա­­­յացում մը կը կա­­տարո­­ւի Պար­­թեւ Կա­­րեանի մաս­­նակցու­­թեամբ, Շաբաթ, 19 Յու­­նո­­­ւար 2019-ին, Պէ­­յօղ­­լու «Հան­­ճը» անուն դահ­­լի­­­ճին մէջ ժա­­մը 21.30-ին, Կա­­րեան բեմ կ՚ել­­լայ սաք­­սա­­­ֆոնա­­հար Սա­­յաթ Տալ­­տա­­­լի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ եւ յա­­տուկ մշա­­կուած յայ­­տա­­­գիրով կու գայ յար­­գանքի տուրք մա­­տու­­ցե­­­լու նա­­հատակ մտա­­ւորա­­կան Հրանդ Տին­­քի յի­­շատա­­կին։

Սահակ Պարթեւ Կարեան Պարգեւատրուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Կողմէ Խմբագրել

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ, 2 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, ի ժամ Ս. Պատարագի, Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան Ոսկեայ Շքանշան»ով պատուուեցաւ երգիչ՝ Սահակ Պարթեւ Կարեան։ Արարողութեան ներկայ էին Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան եւ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, հանդիսադիր Սրբազան Հայրը, կիսասարակագաց ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ քարոզեց։ Իր խօսքերու աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը ծանրացաւ արուեստի կարեւորութեան Հայ մշակութային կեանքէ ներս, որուն երաժշտական ճիւղի ժրաջան սպասաւորներէն էր Պարթեւը։ Երբ, համայնքային ոեւէ հանդիսութեան մէջ իրեն կարիքը զգացուէր, ան երբեք չէր զլանար ընդառաջելու եկած հրաւէրներուն։ 35-տարիներ ջանացած էր Հայ երգը բարձր պահելու։Այս պատճառաւ է որ, Պատրիարքական Աթոռը զայն արժանի տեսած էր պարգեւատրելու։

Քարոզի աւարտին Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան ընթերցեց, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրը, որմէ յետոյ Նորին Սրբազնութիւնը մեծարեալին յանձնեց «Օրմանեան Ոսկեայ Շքանշան»ը։

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌ ՏԻԱՐ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ Խմբագրել

Գոհունակութեամբ տեղեկացանք, թէ այս տարի կը նշուի Ձեր երաժշտական գործունէութեան երեսունեւհնգամեակը։ Դուք լաւագոյնս արժեւորելով Ձեր աստուածատուր շնորհները, երաժշտութեան բնագաւառէն ներս արժանացած էք մեր համայնքի անդամներու անվերապահ գնահատանքին։

Երաժշտութիւնը ունի խորհրդաւոր լեզու մը, որ ունկնդիրներու կեանքերէն ներս կþարթնցնէ ազնիւ զգացումներ, որոնք ենթականերու առջեւ կը բանան նոր հորիզոններ։ Ձեր երաժշտական տաղանդը, մանաւանդ մեր մայրենիով երգելու գովելի եւ ազնիւ տրամադրութիւնը, մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ յառաջացուցած է սէր եւ գնահատանք հանդէպ Հայ երգին։ Դուք կրցած էք հայադրօշմ երգերով գրաւել մեր մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ երէցներուն սրտերը։ Դուք կրցած էք մեր մանուկներուն ներարկել Հայերէն խօսելու եւ երգելու զգացումը։ Կրցած էք նաեւ մեր երիտասարդներուն թելադրել Հայերէն երաժշտութեան կարեւորութիւնը իրենց առօրեայ կեանքէն ներս, մանաւանդ զգացնելու՝ Հայերէն երգով ուրախանալու կարելիութիւնը։

Դուք, անձնական ջանքերով հասած էք մակարդակի մը, որ ինքնին կը խօսի Ձեր վաստակին մասին։ Դուք, ոչ միայն անձնապէս բարձրացաք, այլ նաեւ քաջալերեցիք մեր երիտասարդները, որպէսզի անոնք եւս հետեւին Հայ երաժշտութիւնը ապրեցնել մեր բեմերուն վրայ։

Դուք սիրով ու պատրաստակամութեամբ ընդառաջեցիք Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրներուն եւ սիրայօժար մասնակցեցաք մեր մանուկներուն համար սարքուած ամանորեան խրախճանքներուն։

Մենք կու գանք բաժնել Ձեր երաժշտական գործունէութեան 35րդ տարեդարձի ուրախութիւնը եւ սոյն Օրհնութեան Գիրով կ՚ողջունենք Ձեր վաստակը եւ առ ի գնահատութիւն Ձեզի կը շնորհենք ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՈՍԿԵԱՅ ՇՔԱՆՇԱՆԸ։

Մեր աղօթքն է, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի եւ Ձեր ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք, որպէսզի տակաւին երկար տարիներ առիթն ունենաք Ձեր ծառայութիւնը բերել ի փառս Հայ երաժշտութեան եւ ի պարծանս մերազն ժողովուրդին։

Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զձեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ զձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

ՊԱՐԹԵՒ «ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ» ԵՐԳԵՐՈՎ ԽԱՆԴԱՎԱՌԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ Խմբագրել

Պոլսոյ ամենասիրուած ու յայտնի երգիչներէն Սահակ Պարթեւ Կարեան իր մօտն ունենալով տաղանդաւոր երաժիշտ՝ Ռոպէր Տօղանայը եւ երիտասարդ երաժիշտ՝ Ռաֆֆի Տէր Գէորգեանը, 28 Օգոստոս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 21.30-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ, ոգեւորիչ համերգով մը ներկայացաւ Կղզեցիներուն։ Սոյն հանդիսութեան կը հանդիսապետէր՝ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, որ նոյնինքն անձամբ հսկած էր նաեւ համերգի կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի, Վարչութեան նախկին շրջանի ատենապետներէն՝ Լեւոն Գուզիքօղլու, Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամները եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։

Հանդիսութիւնը արտասովոր ոգեւորութիւն մը կը ստեղծէր, քանի նախ նուիրուած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին եւ կոչուած էր «Մեսրոպաշունչ Երգերու» գիշեր։ Արտասովոր էր այն առումով, քանի եկեղեցւոյ պատին վրայ կը ցոլանար Մեսրոպ Պատրիարքի հսկայածաւալ նկարը։ Եւս առաւել տպաւորիչ էր տեսարանը, քանի Պարթեւեան ամառնային համերգները, Գնալը Կղզիի աւանդութիւններէն մին դարձած էր անցեալին։

Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին, Պարթեւ անակնկալով մը բեմ հրաւիրեց, Թաթիանա Պօսթանն ու Մարալ Չաղլըչուպուքճուն, որպէսզի միասնաբար երգեն Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի հեղինակած ու Ռոպէր Տօղանայի յօրինած «Իմ լեզուս» երգը։ Սոյն երգին յաջորդեցին, Թաթիանա Պօսթանի «Ազգ Փառապանծ»ը եւ Մարալ Չաղլըչուպուքճուի «Ամպից Կորաւ» երգը։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, Պարթեւի երգած «Երջանկութեան արցունքները» երգով ու ծափերով։

Աղբիւրներ Խմբագրել