Պարի Միջազգային Օր

Պարի Միջազգային Օր, 1982 թուականէն ի վեր ամէն տարի Ապրիլ 29-ին` Թատրոնի միջազգային հիմնարկի եւ Պարի միջազգային կոմիտ՝ի նախաձեռնութեամբ կը նշուի Պարի միջազգային օրը: իսկ 1995 թուականէն կը նշուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարձր հովանիին ներքոյ[1]։ Օրը նուիրուած է պաիր բոլոր ոճերուն։ Տարիներ շարունակ աշխարհով մէկ սփռուող պարի միջազգային օրուան ուղերձը կը հեղինակէ պարարուեստի որեւէ ականաւոր ներկայացուցիչ: Ամսաթիւը չէ կապուած ուղիղ յատուկ անձի կամ որոշ պարի մը, թէպէտեւ այդ նաեւ Ֆրանսացի պարուհի, պալէի վարպետ բարեկարգիչ, եւ պալէի տեսաբան «Ժան Ժորժ Նովեր»ի (Jean-Georges Noverre (1727-1810)) ծննդեան օրն է[2]

Թարս ծար

Օրուան Թեմաներ

Խմբագրել

Եւրոպայի երկիրներուն մէջ ապրիլ 29-ը կը նշուի պետական մակարդակով եւ ամէն տարի տօնը կ՛ունենայ խորհուրդ մը եւ կամ կը նուիրուի ինչ որ բանի մը։

  • 2010, նուիրուած էր աշխարհի բոլոր մանուկներուն։
  • 2011, նուիրուած էր արդիական պարի մասնագէտներուն։
  • 2012, նուիրուած էր պարային բուժման։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Պարի Միջազգային Օր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-24-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-08 
  2. UNESCO : Celebration of the International Dance Day by the International Theatre Institute (ITI)(անգլերէն)