Պետրոս Մաղաքեան

Պետրոս Մաքաղեան (1826, Պոլիս - 1891), արեւմտահայ թատրոնի առաջին հայ դերուսոյց:

Պետրոս Մաղաքեան
Ծնած է 1826
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1891
Մասնագիտութիւն թատրոնի դերասան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մաքաղեան ծնած է 1826-ին, Պոլսոյ մէջ։ Ան ծնած է կաթողիկէ ընտանիքի մէջ:

Կիսատ նախակրթութիւն ստանալէ ետք կը ղրկուի Լիբանանի Զմառի վանքը՝ հոգեւորական դառնալու նպատակով, սակայն որոշ ժամանակ ետք ան կը վերադառնայ Պոլիս: Հայրը զինք կը մղէ աշխատիլ կօշկակարի մը քով՝ արհեստ սորվելու համար: Պետրոս կը սորվի այդ գործը եւ անուանի վարպետ կ՛ըլլայ, սակայն ան միայն կօշկակարութեամբ չի գոհանար: Իր մտերիմ ընկերոջ՝ Ստեփան Էքշեանի հետ երեկոյթներու ժամանակ կը սկսի դերեր կատարել, օրինակ Միջագիւղի, Խասգիւղի, Քուրուչէչմէի եւ Բերայի մէջ, եւ հետզհետէ բեմ կը բարձրանայ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, Հրտրկ. Գէորգ Մելիտինեցի Գրական մրցանակի, թիւ 4, էջ 19-36: