Պետրոս Քհնյ. Պապուճեան
Տ. Պետրոս Քհնյ. Պապուճեան (1859-1947), աւազանի անունով՝ Յովհաննէս, որեի Աբրահամի եւ Մանուծակի, ծնած է քեսապցի ծնոցքէ 1859-ին, Քեսապի մէջ։
Պետրոս Քհնյ. Պապուճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1859 |
Ծննդավայր | Քեսապ |
Մահացած է | 1947 |
Երեխաներ | 8 զաւակ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆախնական կրթութիւն չէ ստացած, որովհետեւ ընտանիքին նիւթական պայմանները առիթ չեն տուած անդպրոց յաճախելու։ Հետեւաբար, իր ընտանիքին օգտակար դառնալու համար, շատ փոքր տարիքին մտած է կեանքի ասպարէզ ու հետեւած արհեստի։ Տարիներ ետք դարձած է վարդապետ ատաղձագործ ու զբաղած գիւղի փայտաշէն բնակարաններու նորոգութեամբ եւ հողագործութեամբ։
Յովհաննէսի մայրենի լէզուն Քեսապի բաբառը եղածէ։ Ան գրել կարդալ սորված է ինքնաշխատութեամբ։
Կանոցխ հասակին ընտրածէ իր կեանքի ընկերուհին՝ Վարդուհին, որիւն հետ պսակուած է Քեսապի մէջ եւ ունեցած է ութ զաւակներ՝ Քերոբ, Վարդան, Զարոււհի, Մանուղակ, Ստեփան, Զընոբ, Աբրահամ եւ Սերոբ։
Երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Մկրտիչ Քէֆսիզեան հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ ետած է Քեսապ 1890 թուին, Քէսապի ու շրջակայ բոլոր գիւղերու քեսապցիները մեծ շուքով ընդունելութիւն մը կազմակերպած են։ Տեղւոյն ազգայիններն ու Քեսապի ու Գարատուրանի եկեղեցականներուն թաղականութեանց անդամները խնդրած են վեհաբառէէն, որ երկու մնայուն քահանաներով օժտէ Քեսապն ու Գարատուրանը, եւ ներկայացուցած են երկու երիտասարդ քահանայացուներ, որոնցմէ մին Յովհաննէսն է եղած։ Վեհափառը ընթացք տալով թաղականութեանց եւ ժողվուրդին փափաքին, հովուապետական այցելութեան աւարտին, իր հետ Սի սի Մայրավանք տարած է Աթիկեան եւ Պապուճեան Յովհաննէսը՝ Քեսապի եւ Գարատուրանի եկեղեցիներուն համար։
Այս երկու քեսապցի երիտասարդները Սիսի դպրեվանքին մէջ կարճ ժամանակուայ մը համար հետեւած են կրօնական եւ քահանայական դասընթացքներու, եւ ապա քահանայական տարրական գիտելիքները սորվելէ ետք, 1890-ին, Սիսի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ. Մկրտիչ Քէֆսիղեան Կաթողիկոսի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուած են, վերակոչուելով Տէր Պետրոս եւ Տէր Պօղոս, առաջինը՝ Գարատուրանի եւ երկրորդը՝ Քեսապի եկեղեցիներօւն համար։
Անոնք քահանայ ձեռնադրուելէ ետք, քառասնօրեայ պատրաստութեանշրջանը անցուցած են Սիսի դպրեվանքին մէջ, ուր սորված են քահանայագործութեան ու խորհրդակատարութեանց' գործնական գիտելիքներ։ Ապա, վերադարձած են իրենց ծննգավայրը եւ կոչուած՝ հովուական կեանքի։
1909-ի Ատանայի կոտորածին Սակայն Տէր Պետրոս, քանի մը քաջ երիտասարդներու ղեկավարութեամբ, ոտքի հանած է րոլոր երիտասարդ ուժերը, կազմակերպած է զանոնք ու դիմած՝ ինքնապաշտպանութեան միջոցներու։ երիտասարդներուն ու ժողովուրդին հետ, ան աւելի քան չորս ժամեր կռ֊իւ մղած է թուրք խուժանին դէմ եւ յաջողած՝ իր ժողովուրդին հետ թուրք թշնամին հեռացնել ու փախցնել գիւղի սահմաններէն դուրս։
1946|1946]]-ի ներգաղթի օրերուն, Քեսապի մէջ ալ աշխատանք տարուած է փափաքողները հայրենիք տանելու։ Տէր Պետրոս որոշած է վերջնականապէս հայրենիք գաղթել ու իր որոշումր գործադրած՝ 1947-ին։ Բայց ափսոս, որ ան երկար չէ ապրած հայրենիքի մէջ։ Ըստ ժողովուրդի վկայութեան եւ հայրենիքէն հասած լուրերուն, ան հայրենիք հաստատուելէ ետք, հազիւ վեց-եօթ ամիս ապրած է եւ նոյն տարին՝ 1947-ին ալ վախճանած ու մարմինը հայրենիքի մէջ ամփոփուած է[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 348-353։