Պէրպէրեան Վարժարան (Գահիրէ)

Պէրպէրեան վարժարան, ամենօրեայ վարժարան Եգիպտոսի մէջ։ Հիմնուած է 1924-ին, Քահիրէի մէջ՝ Օննիկ եւ Շահան Պէրպէրեաններու ջանքերով։ Կոստանդնուպոլսոյ նոյնանուն միջնակարգ վարժարանի շարունակութիւնն էր։ Ունեցած է 9-ամեայ գիշերօթիկ եւ ցերեկային բաժիններ։ Ընդունուած են 8-20 տարեկան պատանիներ (ընդհանուր թիւը՝ մինչեւ 120)։ Շրջանաւարտներուն իրաւունք կը տրուէր առանց քննութեան ընդունուիլ եւրոպական համալսարաններ։ 1933-ին նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով փակուած է։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։