Պիթքոյն, տարբերանշանը պիթքոյն (անգլ.՝ bit - տեղեկութեան միաւոր եւ coin - մետաղադրամ), ինքնաբաւարար թուային արժոյթի տեսակ, որ գաղափարը հանրութեան առաջին անգամ ներկայացուեցաւ 31 Հոկտեմբեր 2008 թուականին՝ ծածկագրման վերաբերող նամակային վեպցուցակով։ Սատոշի Նակամոտօ անունով հանդէս եկած հեղինակը իր նախագիծը ներկայացուցած էր հետազօտական յօդուածի տեսքով։ Յօդուածին մէջ մեկնաբանուած եւ դիտարկուած էին թուային նոր արժոյթի գործառնական սկզբունքները, առաւելութիւնները, թուլութիւններն ու իրացման գործելակերպը։ Անոր շուրջ իրարանցում առաջացաւ 2013 թուականին։

Պիթքոյնը առաջին թուային արժոյթն է, որուն գործունէութիւնը դեռ նախագծման փուլին՝ հիմնուած էր ապակեդրոնացած սկզբունքի շահագործման վրայ։ Անոր հիմնական առաւելութիւնն այն է, որ գործարքները անանուն են եւ կ'իրականացուին անմիջապէս առանց միջնորդներու։

Պիթքոյնի գինը շատ փոփոխական է՝ հաշուի առնելով, որ 2013 թուականի սկիզբը գինը մօտ 10-15 տոլար էր եւ նոյն թուականի վերջին ան հասաւ 1163 տոլարի։ Յաջորդ 18 ամիսներու ընթացքին գինը իջաւ 200 տոլարի։ 2016 թուականին ան բաւական մեծ տարածում գտաւ Չինաստանի մէջ, երբ պետական արժոյթը արժեզրկուեցաւ։ Ան հասաւ 1140 տոլարի: Վերջնական արժէքը 2017-ի վերջը՝ պիթքոյնի գինը հասաւ 20.000 տոլարի։ Զարմանալի չէ, որ պիթքոյնի շղթայի գործարքներու թիւը հասաւ օրական մօտ 400.000-ի։

Այս պահուն պիթքոյնի գինը հասած է մօտ 12.000 տոլարի։

Գործառական սկզբունքները

Խմբագրել

Այսօրուան դրութեամբ ապակեդրոնացման սկզբունքով գործած եւ տարածուած են յետագայ զարգացում ստացող տեղեկութեան վերաբաշխման ցանցերը, ինչպէս նաեւ առաջնային փորձարկման փուլի մէջ գտնուող P2P համացանցերն ու նախագծուող քանի մը ընկերացանցեր։ Այդ բոլոր նախագիծերու հիմնաքարային առանձնայատկութիւնն այն է, որ անոնց գործունէութեան ապահովումը պայմանաւորուած չէ որեւէ կեդրոնական վերլուծական մարմնի (սերվերու, հոսթինկի եւ այլն) անընդհատ գործունէութեամբ եւ հետեւաբար աւելի դիմացկուն է կողմնակի վտանգներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ գործելու համար աւելի սակաւ դրամային ներդրումներ պահանջած է։

Տեղեկատուական ցանցերու պարագային բացառուող վտանգներէն է համակարգի իրաւական հետապնդումը կեդրոնական մարմնի աշխատանքի կասեցման, կամ զայն միջոցներու բռնագրաւման կամ ձերբակալման միջոցով։ Թէեւ այս պարագային ալ հնարաւոր է առանձին մասնակիցներու հետապնդումը, սակայն բնական աշխատանքի ընթացքին անոնց ցանցէ ցանց մեկուսացումը չէ վնասուած։ Ընկերացանցերու ապակեդրոնացումը եւ ապակեդրոնացած տեղեկատուական համակարգերու կառուցումը թոյլ տուած են ձերբազատուիլ շարք մը գործառնական ծախսերէ, ինչպէս նաեւ ապահոված են փոխանցուող տեղեկութեան անվտանգութիւնը ատոր մասնակի վնասման կամ արգելափակման պարագային, քանի որ նոյն տուեալները միաժամանակ հասանելի են բազում տարբեր մասնակիցներու մօտ։

  • Հիմնական պլոկային շղթան (սեւով) կազմաւորուած է. պլոկներու առաւել երկար հերթականութիւնը սկիզբ առած է սկզբնական հատորէն (կանաչով)։ Բացի անոնցմէ կան նաեւ «լքուած»՝ եզակի հատորներ (մոխրագոյնով), որոնք հիմնական շղթայով ներառուած չեն։

Պիթքոյնին նախորդող թուային արժոյթները թէեւ մասամբ փորձած էին զայն սպառողներուն ապահովել ազատ եւ ճկուն գործարքներ կատարելու հնարաւորութիւնը, գործունէութեան կեդրոնացումի պատճառով խոցելի մնացած էին կառավարչական ճնշումներու հանդէպ։ Այդպիսի իրավիճակ ստեղծուած էր, օրինակ, e-Gold համակարգին մօտ, որ 2006 թուականէն ի վեր շարունակաբար խնդիրներ ունեցած էր ԱՄՆ կառավարութեան հետ։ Վերջինին կողմէ մեղադրանքներ ուղղուած էին առ այն, որ համակարգը օգտագործած էր անօրինական գործողութիւններ կազմակերպելու մէջ՝ մասնաւորապէս դրամային բուրգերու կառուցման եւ դրամի լուացման համար։ Այդպէս, 2007 թուականի Ապրիլին ԱՄՆ կառավարութիւնը ստիպուած էր e-Gold կառավարիչներուն սառեցնել մօտ 60 հաշիւ, իսկ ատկէ մէկ շաբաթ անց չորս տարբեր գործեր էին յարուցուած e-Gold կառավարիչներու դէմ։

Հաշուային նման սառեցումներ հնարաւոր են նաեւ օրինական համացանցային դրամատուներու դրութենէն օգտուելու պարագային, ինչպէս տեղի ունեցած էր, օրինակ, Ճուլիան Ասանժի եւ զինք օժանդակել փափաքողներու հետ, երբ խոշոր դրամական գործակալութիւններու կողմէ սառեցուցած էին Ասանժի հաշիւները։

Վերահսկողութեան բացակայութիւնն ու գործարքներու արձանագրութեան պլոկային համակարգը

Խմբագրել

Հիմնական պլոկային շղթան (սեւով) կազմաւորուած է պլոկներու՝ առաւել երկար հերթականութեան, սկիզբ առած է սկզբնական հատորէ (կանաչով)։ Բացի ատկէ կան նաեւ «լքուած»՝ եզակի հատորներ (մոխրագոյնով), որոնք հիմնական շղթայով ներառուած չեն։ Առանց կեդրոնական սպասարկող մարմնի պիթքոյնը կը կարողանայ գործել իր սպառողներու միջեւ վերաբաշխելով հարկաւոր սպասարկման իրականացումն ու տարածքային ակերու ապահովումը։ Համանման P2P սկզբունքը գործածուած է նաեւ հոսքային (թորենտային) փոխանակումներու կարգին, երբ կեդրոնական սերվերները կամ օգտագործուած են վերահասցէաւորումներու սպասարկման համար, կամ ընդհանրապէս չեն ներառուած գործառական համակարգին մէջ։ Պիթքոյնային ցանցի մասնակիցները տեղեկութիւններու պահպանման եւ վերաբաշխման գործընթացին մասնակցած են ծրագրի աշխատացման միջոցով գրուած բաց քոտով։ Անոնք համացանց հաստատած են իրարու միջեւ եւ ապա գործած են որպէս միասնական ժամանակագրական սերվեր (Time Stamp Server)։

Նախագծի հեղինակը նման սերվերու առկայութիւնը կ'արդարացնէ իրականացուող գործարքներու իրաւազօրութեան ստուգման եւ հաստատման անհրաժեշտութեամբ։ Այդ կը կատարուի շնորհիւ անոր, որ ներկայ պահուն կատարուող բոլոր գործարքները կապուած են նախկինին արդէն իրականացուած գործարքներու հետ։ Այդպիսով համակարգը «ջարդելը» սովորական պայմաններու մէջ դարձած է չափազանց խրթին. եւ, քանի դեռ համացանցի մասնակիցներու մեծամասնութիւնը հետաքրքրուած կը մնայ օժանդակել իրաւասու գործարքներուն եւ հաստատել զանոնք, ջարդողներու հնարաւորութիւնները համեմատաբար աննշան մնացած են։

Համակարգի նախկին իրականացուած գործարքներու մասին տեղեկութիւնները պահուած են պլոկներու մէջ։ Պլոկները կը ներկայացնեն JSON ֆորմատով կառուցուած նիւթ, որ ներառած է որոշակի ժամանակային կտրուածքով իրականացուած գործարքներու մասին միմիանց միջեւ փոխկապակցուած տուեալները։ 3 Օգոստոս 2011 թուականի դրութեամբ մէկ պլոկի միջին ծաւալը (վերջին 1000 պլոկներու հաշուարկով) կազմած էր 21,018 կԲ, իսկ պլոկներու ամենաերկար շղթան պարունակած էր 139,440 տարր։

Պլոկներու «հաւաքմամբ» զբաղուած են մասնակիցները՝ միաւորելով դեռ չարձանագրուած, սակայն իրաւասու ստորագրութեամբ տարածուած գործարքները շղթայի յաջորդ օղակի մէջ եւ ապա աշխատելով հաստատել իրենց ստեղծած օղակի իրաւասութեան ծրագրի կողմէ առաջարկուող մեքենայական խնդրի լուծմամբ։

Մասնակիցներու կողմէ լուծուող մեքենայական խնդիրը, նման խնդրի լուծման մօտեցումը (Proof-of-Work) պահանջուած է ժամանակագրական սերվերու գործունէութեան ապահովման համար։ Այն նաեւ կոչուած է խոչընդոտելու զուտ հասցէաւորման տուեալներու վրայ (բազմակի IP-ներու օգտագործում փրոքսիներու կամ վարակուած համակարգիչներու միջոցով) հիմնուած յարձակումները եւ աննպատակայարմար դարձնել այլ միջոցներով պիթքոյն-համակարգի չարաշահման ու վնասելու ուղղուած գործունէութիւնը։

Նոր շղթայական օղակներ ստեղծող մասնակիցներու համար կայ երկու դրամական խթան։ Մէկն այն է, որ ամէն այդպիսի նոր օղակ ստեղծող մասնակիցը (կամ մասնակցային խումբը) կը ստեղծէ նաեւ պիթքոյնի լրացուցիչ միաւորներ, որոնք կ'արձանագրուին անոր հաշւոյն։ Այսօրուան դրութեամբ այդ լրացուցիչ միաւորները՝ ծրարը պարունակած է 50 ղրշ., սակայն այդ թիւը կրճատուած է իւրաքանչիւր 210,000 պլոկը (մօտ չորս տարին) մէյ մը եւ վերջնականապէս սպառած, երբ արժութային միաւորներու ընդհանուր ծաւալը հասնի 21 միլիոնի։ Միւսը «հաւաքողներուն» գործարքներ իրականացնողներու կողմէ առաջարկուող ընտրային միքրօ վճարումներն են, որոնք կատարուած են այն պատճառով, որ հաւաքողները նոր պլոկի տարրերու ընտրութեան ժամանակ աւելի խրախուսուած ըլլան ներառել վճարում ներառող գործարքները եւ այդպիսով վճարումներէ զուրկ գործարքները կարող են անտեսուած մնալ ցանցի մեծամասնութեան կողմէ։

Առաւելագոյն մասնակիցներու կողմէ գործարքի հաստատումը կարեւոր է այն պատճառով, որ կեդրոնական վարչական մարմնի բացակայութենէն բխած է առանձին գործարքներու իրաւասութեան հաւաստագրման բացակայութիւնը, որուն պատճառով համակարգին մէջ իրաւասու համարուած է հաշուէն կատարուած այն գործարքը, որ առաւելագոյն տարածում ստացած է համացանցի վրայ։

Գաղտնիութեան եւ անվտանգութեան ապահովման նախագիծը ի սկզբանէ նպատակադրուած էր սպառողական գաղտնիութեան ապահովման նոր եւ արդիւնաւէտ լուծումներու յայտնաբերումը։ Արձանագրութեան համար մասնակիցներուն չի պարտադրուիր կենսագրական տուեալներ նշել, իսկ արձանագրուած հաշիւներու վրայ եղած արժոյթը կը կառավարուի եւ կը փոխանցուի ասիմետրիկ ծածկագրման միջոցով կատարուած ստորագրութիւններու օգտագործմամբ։

Որոշ զննորդներու կողմէ, սակայն, քննադատուած է, որ պիթքոյնն ի սկզբանէ տեսականօրէն պատրաստ չէ գաղտնիութիւն ապահովել եւ այսօրուան դրութեամբ գաղտնիութիւն կարելի է միայն այն պատճառով, որ նախագիծը դեռ բաւական լայն տարածում չէ գտած եւ համապատասխան վերլուծական մշակումներու չէ արժանացած։

Համակարգէն օգտուողներու մօտ կայ մէկ այլ խնդիր եւս։ Քանի որ համակարգը վերահսկիչ կառոյցներ չ'ընդգրկեր, ապա անհնարին կը դառնայ արդէն կատարուած գործարքներ լուծարելը։ Որպէս հետեւանք համակարգէն օգտուողները անձնապէս հարկադրուած կը դառնան սեփական ուժերով հոգալ անվտանգութեան հետ առնչուող բոլոր հնարաւոր վտանգներու վերացման մասին։

Պիթքոյն մայնինկ

Խմբագրել

Պիթքոյնի ստեղծումը իրականացուած է պլոկ-շղթայ արուեստագիտութեան հիման վրայ։ Իւրաքանչիւր անձ համակարգիչի վրայ յատուկ ծրագրային ապահովութիւն տեղադրած է եւ սկսած՝ թուային արժոյթի մայնինկի սկսիլ։ Արդիւնքով՝ համակարգիչը կը միանայ թուաբանակական խնդիրներ լուծելու ընդհանուր համակարգին եւ դուք կը սկսիք քոտեր աւելցնել նախորդ գործարքի քոտերուն՝ հաշուի գործարքներու միջոցով։ Աւարտելէ յետոյ կցուած էք յաջորդ օգտագործողի հրապարակային բանալիին։ Ցանց «արձանագրուած» է այս բոլոր գործարքները եւ անոնք հասանելի կը դառնան բոլոր անդամներուն համար։

Քննադատութիւնն ու թուլութիւնները

Խմբագրել

Համակարգի նախագծողը արժոյթի գաղափարը ներկայացնելու ընթացքին նշած էր, որ ժամանակի ընթացքին ակնկալուած է աւելի կատարեալ արժեձեւերու ստեղծումը: Պիթքոյնը՝ տարածման զուգահեռ, արժանացած է բազում քննադատութիւններու, շարք մը ուղղութիւններով։ Համակարգի քննադատման առաւել սուր պատճառներն են.

  • Անոր գնանկումի բնոյթը - արժոյթի առաւելագոյն քանակը կարծրօրէն սահմանուած է օգտագործուող ծրագրային ապահովմամբ, որու արդիւնքով նոր ստեղծուող արժոյթի քանակը աստիճանաբար կը նուազի, իսկ 2030 թուականի շրջաններուն վերջնականապէս դադրելու է փոխուելէ։ Իր կենսունակութեան պահպանման պարագային, նման իրավիճակը կը յանգեցնէ արժոյթի աստիճանաբար իրականացող գնանկման։ Արդէն այսօր նկատուած է իրավիճակ մը, երբ դեռ համակարգի իրացման սկզբնաշրջանին ներգրաւուած մարդիկ ուժեղ համեմատական առաւելութիւններ կ'ունենան շուկայ նոր մտնողներու հանդէպ։
  • Գնային տատանումները - զուտ սպառողական վստահութեամբ պաշտպանուած ըլլալով պիթքոյնի փոխարժէքը կարող է շատ կտրուկ տատանումներ դրսեւորել, որ նպատակայարմար չէ առօրեայ օգտագործման համար նախատեսուող արժոյթի պարագային։ Նման կտրուկ տատանումներ նկատուած էին, օրինակ, 2011-ի Յունիս ամսուն, երբ շուկայի անյայտ մասնակիցներու կողմէ մեծ քանակութեամբ արժոյթ շուկայ բաց թողելու արդիւնքով, փոխարժէքը ինկած էր 17.50 տոլարէն մինչեւ 0.01-ի։
  • Պիթքոյններու ընդհանուր զանգուածի նախատեսուող աճը մինչեւ 2033 թուականը։
  • Թերի գաղտնիութիւնը - զուտ կառուցուածքային տեսանկիւնի համակարգին մէջ՝ իրականացուող գործարքներու մասին տեղեկութիւնները քօղարկել անհնար է։ Նման պայմաններուն մեծ մասշտաբի գործարքները արդէն համեմատաբար հեշտ կը դառնան կապել զանոնք իրականացնող մարդու կամ կազմակերպութեան գործունէութեան հետ։ Բացի այդ, գաղտնիութիւնը հեշտօրէն կրնայ տուժել նաեւ, եթէ գործարքային հանդիպակաց կողմը հետաքրքրուած ըլլայ անձնական բնոյթի հաւաքագրուած տուեալներու տարածման մեջ։
  • Օժանդակումը՝ անօրինական գործունէութեան ու սեւ շուկաներուն - քանի որ համակարգը ի սկզբանէ նախատեսուած էր որպէս դասական դրամական համակարգերու հետ մրցող եւ վերահսկումէ ու կեդրոնական կառավարումէ զուրկ արժութային այլընտրանք, ապա բացի «օրինապահ քաղաքացիներէ», որոնք պարզապէս կը ձգտին իշխանութիւն հաստատել սեփական դրամական միջոցներու եւ ատոնց կառավարման հանդէպ, համակարգը նաեւ յարմար կը դառնայ շահագործել սեւ շուկաներու մասնակիցներու համար։ Մասնաւորապէս, տեղեկացուած է, որ TOR համացանցի մէջ գործող «Մետաքսեայ Ուղին» (Silk Road), որ eBay-ի այլընտրանք կը ներկայացնէ որպէս սեւ շուկայ, վճարումներ կ'ընդունի պիթքոյններով վաճառուող թմրանիւթերու դիմաց։
  • Ռեսուրսներու ծախսը - շատերը անարդարացուած կը գտնեն համակարգին իրականացուցած մօտեցումը, որ ստիպած է անիմաստ հոսանք եւ դրամական միջոցներ վատնել նոր պլոկներու ընդհանրացման վրայ։
  • Բոտնեթերու մշակման խթանումը եւ համակարգչային վտանգներու ուժեղացումը - քանի որ նոր պլոկներու կառուցման համար հարկաւոր է մեքենայական ակեր վատնել, ապա համակարգչային ծրագիրները եւ ցանցերը վնասողներու համար նպատակայարմար կը դառնայ յատուկ բոտնեթերու ստեղծումը, որոնք ուղղուած կ'ըլլան վարակուած համակարգիչներու միջոցով նոր պլոկներու կառուցման։ Ատիկա կարող է ալ աւելի սաստկացնել ցանցային վիրուսային աշխուժութիւնը։
  • Շատ երկիրներու մէջ, ինչպիսին են Ռումանիան, Ղրղզըստանը եւ այլն, պիթքոյնի օգտագործումը անօրինական համարուած է։

Այլ խնդիր մըն ալ ակնկալուած է վեպկայքերու մէջ տեղադրուող՝ թաքնուած ենթածրագրերու զարգացման եւ բազմացման հետ, որոնք սեփական պլոկներու հաշուարկման համար աննկատօրէն պիտի ծանրաբեռնեն նաւարկողի համակարգիչը եւ վատնեն անոր հաշուողական հնարաւորութիւնները։

Արժոյթը որդեգրած կազմակերպութիւններն ու կառոյցները

Խմբագրել

Պիթքոյնով նուիրատուութիւններ ընդունելու պատրաստակամութեան մասին յայտնած են շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնցմէ յատկապէս յատկանշական են Վիքիլիքսը, Ֆրինեթը, Ազատ ծրագրային ապահովման հիմնադրամը (Free Software Foundation), I2P անդէմ համացանցը (I2P Anonymous Network), Փիրատներու իտալական կուսակցութիւնը (Italian Pirate Party) եւ Privacy Box-ը (լրագրողներու անվտանգութեան ապահովման համար նախատեսուած գաղտնի հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն տրամադրող վեպնախագիծ)։

Ընդհանուր առմամբ կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ շատ է ազատութեան եւ գաղտնիութեան հարցերով զբաղող նախագիծերու մասնաբաժինը։ Երկրորդ տեղը կը զբաղեցնեն տեղեկատուական միջոցները, որոնց ցուցակին մէջ շատ են յօդուածային կայքերն ու ցանցային ձայնասփիւռները։

Թուային սահմանի հիմնադրամը (The Electronic Frontier Foundation) որոշ ժամանակ օժանդակած էր արժոյթի զարգացման, սակայն յետագային յայտնեց իր պաշտօնական աջակցութեան դադրելու մասին։ Ներկայացուած մեկնաբանութեան համաձայն, այս որոշումը կայացուած էր այն պատճառով, որ արժեձեւի իրաւասիութիւնը յստակացնող իրաւական նախադէպեր դեռ չեն եղած եւ որ այդ առումով անյայտ չէ նախագիծի կարգավիճակը։ Նաեւ հիմնադրամի ներկայացուցիչները յայտնած էին, որ իրենց բնութագրականին մէջ չկայ նոր նախագիծերու յառաջխաղացմամբ զբաղուիլը։

Պիթքոյնը Հայաստանի մէջ

Խմբագրել

«Հայաստանի մէջ կամաց-կամաց կը ձեւաւորուի համայնք, որ հետաքրքրուած է պիթքոյնով եւ այլ թուային արժոյթով՝ «մայն» կը գնեն, կը վաճառեն եւ այլն։ Թուային արժոյթով զբաղողներու քանակը իրականութեան մէջ մեծ չէ, հիմնականը մարդիկ են, որոնք ներգրաւուած են ՏՏ ոլորտի մէջ։ Բայց կան նաեւ տեղեկութիւններ, որ քաղաքէն դուրս ապրող մարդիկ «մայնինկով» կը զբաղին։ Մարդիկ ալ կան, որոնք հիմնովին պատրաստուած չըլլալով, քանի որ լաւ գումար աշխատելու ձեւ է, սկսած են զբաղիլ թուային արժոյթներով։ Սակայն արուեստագիտական համայնքը շատ փոքր է, խօսքը թուային արժոյթներու արուեստագիտութիւնը հասկցողներու մասին է, այս կամ այն գործիքի կիրառութիւնն ու նշանակութիւնը ուսումնասիրողներու։

Շատ բարդ է կանխատեսումներ ընել թուային արժոյթներու վերաբերեալ. անիկա միայն խուճապի նման երեւոյթ է։ Թուային արժոյթներու գինը շատ արագ կ'աճի, իսկ որոշ մարդիկ ագահաբար կը մտածեն լաւ եկամուտ աշխատելու ձեւ է։ Երբ շատ մարդիկ սահմանափակ քանակութեամբ պիթքոյն կ'ուզեն գնել, բնականաբանար գինը կը բարձրանայ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Պիթքոյն՝ P2P վճարումների իրականացման էլ. արժոյթ, հետազօտական յօդուած Archived 2020-04-20 at the Wayback Machine.», Սատոշի Նակամոտօ
  2. «Պիթքոյն: Ի՞նչ է bitcoin-y եւ ի՞նչ է սպասում ապագայում»։ Vivus Blog (en-US)։ 2018-03-17։ Առնուած է 2018-06-27 (չաշխատող յղում)
  3. “PeerSoN: Privacy-Preserving P2P Social Networks”
  4. https://www.justice.gov/opa/pr/2007/April/07_crm_301.html
  5. եզակի պլոկի տեսքն ու տեքստային կառուցուածքը
  6. Jump up to:6,0 6,1 Ibid. 1, “Proof-of-Work”
  7. Ibid. 1, «Timestamp Server»
  8. Blockexplorer.com, avgblocksize — shows the average block size՝ «ցոյց կու տայ պլոկի միջին մեծութիւնը»
  9. Blockexplorer.com, getblockcount — shows the number of blocks in the longest block chain՝ «ցոյց կու տայ պլոկերի քանակը պլոկային ամենաերկար շղթայի մէջ»
  10. Lowenthal, Thomas, «Bitcoin: inside the encrypted, peer-to-peer digital currency», Ars Technica.
  11. «Պիթքոյնի ֆորումում կայացած քննարկումը»։ Արխիւացուած է օրժինալէն 2011-07-27-ին։ Առնուած է 2011-08-03-ին:
  12. «The Underground Website Where You Can Buy Any Drug Imaginable Archived 2011-06-03 at the Wayback Machine.»՝ «Ստորգետնեայ վեպկայք, ուրկէ դուք կարող էք ձեռք բերել երեւակայելի ցանկացած թմրամիջոց», Gawker.com
  13. «Libertarian Dream? A Site Where You Buy Drugs With Digital Dollars»՝ «Լիպերտարիանի երազա՞նք։ Կայք, ուր դուք թմրադեղեր կը գնէք թուային տոլարներով»
  14. օր. 2008 թուականի հետազօտական յօդուածի քննարկումներու մէջ Archived 2017-10-27 at the Wayback Machine.
  15. Այն մասին թէ ինչպէս վերաբերուած են Պիթքոյնին այլ երկիրներ կարող էք կարդալ այստեղ
  16. «Генерация Bitcoin в браузере», «Генерация Bitcoin в браузере: Обратная сторона»; Habrahabr.ru
  17. Պիթքոյնի կայքին մէջ. «Նուիրատուութիւններ ընդունող նախագծերն ու կազմակերպութիւնները»
  18. «EFF and Bitcoin | Electronic Frontier Foundation»՝ «EFF-ն ու պիթքոյնը», Eff.org.