Պորիս Աճէմեան
Պորիս Աճէմեան պատմաբան, ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» գրադարանի աւանդապահ տնօրէնը: Պատասխանատու խմբագիրն է «Études Arméniennes Contemporaines»-ին եւ խմբագրակազմի անդամ է «Vingtième Siècle: Revue d’histoire»-ի:
Պորիս Աճէմեան | |
---|---|
Ծնած է | Մարսէյլ, Ֆրանսա |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան |
Գործունէութիւն | ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» գրադարանի տնօրէնը |
Դոկտոր Պորիս Աճէմեան «École des Hautes Études en Sciences Sociales» ուսումէն ետք, պատմութԵան դոկտորականը պաշտպանած է 2011-ին՝ Նափոլիի «L’Orientale» համալսարանին մէջ: ներկայիս իր հետազօտութիւնները կեդրոնացած են սփիւռքի, ներգաղթի եւ զանգուածային բռնութեան պատմութեան եւ յիշողութիւններու վրայ:
Ես պէտք է նշեմ, որ ցեղասպանութեան պատմութեան մասնագէտ մը չեմ։ Սակայն իբրեւ Նուպարեան Գրադարանի տնօրէն շատ նպաստաւոր դիրք մը կը գրաւեմ դիտելու համար այս փոփոխութիւնները։ Եւ այս յառաջդիմութիւնները հետազօտութեան նկատմամբ [1]։ - Փարիզի «Նուպար» գրադարանի տնօրէն Պորիս Աճեմեան
|
Հրատարակութիւններ
ԽմբագրելԴոկտոր Պորիս Աճէմեան գլխաւոր խմբագիրն է ակադեմիական երկլեզու «Etudes Armռniennes Contemporaines» հանդէսի: Ան Եթովպիայի հայերու վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւնները կը սկսի 1997 թ.-ին եւ կ'արտէ 2013 թուականին՝ «La Fanfare du Négus: Լes Arme՛niens en Ethiopie (19e-20e sieՙcles» (Հայերը Եթովպիոյ մէջ 19-20-րդ դարերուն) հատորինՙ հրատարակուած 2013-ին[2]: Հեղինակն է շարք մը այլ գիտական յօդուածներու:
« Lieux Dits » հրատարակչատունը լոյս ընծայեց ՀԲԸՄի Փարիզի «Նուպարեան» մատենադարանի տնօրէն Պորիս Աճէմեանի «Ռոն Հովիտի Փոքրիկ Հայաստանները» («Les Petites Arménies de la vallée du Rhône») հատորը։ Անոր գիրքը կը պատմէ գաղթերու յաջորդական ալիքներուն մասին՝ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժամանումը, ապա՝ երգելով Հայաստան մեկնողներունը եւ անոնցմէ ոմանց դառն վերադարձը, աւելի ուշ՝ 1950ականներէն 80ականներ՝ Թուրքիայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հասնողներունը, հուսկ՝ անկախութենէն ետք՝ հայաստանցի գաղթականներունը։ Հատորին առաւել մանրամասնօրէն ծանօթանալու կամ ապսպրելու համար այցելել www.lieuxdits.fr/les-livres/les-petites-armenies-de-la-vallee-du-rhone կայքէջը [3]։
Համախմբագրութիւններ
ԽմբագրելՀամախմբագիրն է «Le Témoignage des Victimes dans la Connaissance des Violences de Masse/Victim Testimony» եւ «Understanding Mass Violence» («Études Arméniennes Contemporaines», no. 5, June 2015 բացառիկ), ինչպէս նաեւ «Jerusalem in the Making: Spaces and Communities» («Études Arméniennes Contemporaines», no. 9, September 2017 բացառիկ) բացառիկներուն[4]:
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Boris Adjemian Lecture Summary
- Boris Adjemian Biographie
- Tafari in the memory of Armenian immigration to Ethiopia
- Adjemian to Present Talk at NAASR on Armenians in Ethiopia
- http://www.crfj.org/wp-content/uploads/2014/07/Conference-Programme-The-Making-of-Jerusalem-Constructed-Spaces-and-Historic-Communities.pdf
- Lieuxdits Edition Les Petites Arménies de la vallée du Rhône