Պորտասար
Պորտասար (թրք.՝ Göbekli Tepe), Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծիսակրօնական համալիր, որ կը ներառնէ նաեւ աստղադիտարան: Մեծ եւ հնագոյն մեկալիթեան կառոյցներէն է, շուրջ 12 հազար տարեկան: Պորտասարը մեր ժամանակի ամենակարեւոր յայտնագործութիւններէն է: Այն՝ մարդու ձեռքով կառուցուած առաջին տաճարն է:
Պորտասարի հսկայական կառոյցի քարերէն մէկուն վրայ պատկերուած է համաստեղութիւններու բաժնուած աստղային երկինքի հատուած մը: Գլխաւոր տեղը պատկերուած է Անգղի համաստեղութիւնը, որ իր պատկերով կը համընկնի Կարապի (Անգղի) համաստեղութեան եւ Քարահունջի ճարտարապետութեան հետ:
Շատ հետաքրքրական է կառոյցին տարիքը: Ըստ կառոյցը առաջին անգամ հետազօտող գերմանացի հնագէտ Քլաուս Շմիտթի շուրջ 12 հազար տարեկան է: Ըստ Օքսֆորտ համալսարանի «Քարեր եւ աստղեր» ծրագիրի հայաստանեան արշաւախումբի աստղագիտական հաշուարկներու կառոյցին տարիքը 18,5 հազար տարի է[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վ. Վահրադեան. «Պորտասարը մեծ զուգահեռներ ունի Քարահունջի հետ. կառուցողները եղել են նոյն մշակոյթի կրողները»»։ armenpress.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2023-07-05
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Բազմավէպ» հայագիտական-բանասիրական-գրական հանդէս, 2010, էջ 175-176։[1]