Պուլկարիոյ Ազգային Պատկերասրահ
Պուլկարիոյ ազգային պատկերասրահ (պուլկարերէն՝ Национална художествена галерия, Natsionalna hudozhestvena galeriya) կերպարուեստի ազգային պատկերասրահ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ:
Հոս կը ցուցադրուի պուլկարական արուեստի 50,000 նմուշ։ Տեղակայուած է Սոֆիայի Ալեքսանտր Պաթենպըրկ (Alexander of Battenberg) հրապարակին պատմական շէնքին մէջ, որ շրջան մը եղած է արքայական պալատ։
Թանգարանը կը գտնուի ծովու մակերեսէն 556 մեթր բարձրութեան վրայ[1]:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀաւաքածոյին սկսած են ձեռնարկել 1892-ին, երբ ստեղծուած է Ազգային հնագիտական թանգարանին արուեստի բաժինը։
Ազգային պատկերասրահին կառուցումը կազմակերպուած է 1934-1941 թուականներուն։
Պուլկարացի առաջին կին ճարտարապետ Վիքթորիա Անժելովայի նախագիծով կառուցուած շէնքը կ'ընդգրկէր թէ՛ վերածննդեան, եւ թէ՛ ժամանակակից արուեստի հաւաքածոներ։ Շէնքին կառուցումը աւարտած է 1942-ին, սակայն 1944-ի Պուլկարիոյ ռմբակոծման ընթացքին, ամբողջութեամբ աւերուած է[2]:
1948-ին, նախարարներու խորհուրդին որոշումով, ստեղծուած է Ազգային արուեստի պատկերասրահը իբրեւ անկախ հիմնարկ։
Թանգարանին ժամանակակից պուլկարական արուեստի հաւաքածոները՝ Օսմանեան տիրապետութենէն Պուլկարիոյ ազատագրումէն (1878) մինչեւ 1990-ականները կը պարունակեն աւելի քան 30.000 արուեստի գործեր, որոնք բաժնուած են երեք հիմնական մասերու՝ բարձրորակ նկարներ, գծանկարչութիւն եւ քանդակներ[3]։ Ակնբախ են պուլկարացի արուեստագէտներու սեւ եւ սպիտակ գծանկարներու հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ Ի. դարու պուլկարացի քանդակագործներու լաւագոյն քանդակները[4]:
Ռմբակոծումէն պահպանուած կտաւներով ու արքայական հաւաքածոյով կը համալրուի հաւաքածոյին կազմը։
Ազգային արուեստի պատկերասրահը ունի նաեւ գրադարան մը, որ կը պարունակէ աւելի քան 6.500 գիրք, որոնք առնչութիւն ունին Պուլկարիոյ արուեստի պատմութեան, տարբեր արուեստագէտներու գործերուն եւ անոնց գեղարուեստական կեանքին հետ [5]:
Միապետութեան վերացումէն եւ Պուլկարիոյ ազգային հանրապետութեան ստեղծումէն ետք, թագաւորական պալատին մեծ մասը տրամադրուած է Ազգային պատկերասրահին։
Պատկերասրահին միջնադարեան բաժինը ձեւաւորուած է 1965-ին:
Գրականութիւն
Խմբագրել- Vitanova, Antoniya. "The National Art Gallery – a museum and partner to contemporary art". Interview with Borislav Danailov. Bulgarian Diplomatic Review Magazine. Retrieved 2006-07-23.
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Պուլկարիոյ ազգային պատկերասրահ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-05-31
- ↑ «МУЗЕЙНОТО ДЕЛО В БЪЛГАРИЯ» (Bulgarian)։ Build Bulgaria։ 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 9 Հոկտեմբեր, 2015
- ↑ Արուեստի հաւաքածոները
- ↑ Պուլկարացի արուեստագէտներուն գործերը
- ↑ Ազգային արուեստի պատկերասրահ