Ռատիօ Եան (անգլերէն Radio Yan) հայատրոփ համացանցային ձայնասփիւռի կայան ՝ հայկական, աշուղական, սիրային, ազգագրական, գաւառական, եւ յատկապէս, ազգային յեղափոխական տարրերով։

Ռատիօ Եանը սկսած է սփռուիլ համացանցի վրայ Փետրուար 2011-էն ի վեր, եւ նախաձեռնութիւնն է խումբ մը երիտասարդներու, որոնք մտահոգ են հայկական երգերու եւ մշակոյթի աղաւաղման ընթացքէն եւ իրենց այս քայլով կը փորձեն տարածել իսկական հայկական երաժշտութիւն եւ ազգային յեղափոխական մթնոլորտ։

Ռատիոն մինչ օրս նշանակալի ժողովրդականութիւն ապահոված է իր աշխատանքին եւ յատկապէս բարեգործական նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ, որոնց կրնաք ծանօթանալ Ռատիոյի համացանցային կայքի միջոցավ՝ Ռատիօ Եան։ Ռատիոն իր համացանցի էջին վրայ ունի նաեւ արխիւի բաժին[permanent dead link] ուր կը գտնէք երգարան, կը տեղադրուին ազգային հետաքրքրական քարոզչական եւ պատմական նիւթեր, ու ինչպէս նաեւ յայտնի դէմքերու մասին տեղեկութիւն եւ կենսագրութիւն։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել