Ռումանիոյ Հայերը

Ռումանիոյ Հայերը, Ռումինիոյ Հանրապետութիւն, պետութիւն Եւրոպայի հարաւ-արեւեիքը։ Տարածքն է 238,4 հզ. ²քմ.: Մայրաքաղաքը՝ Պուխարեստ:

Ռումանիոյ հայկական գաղութը Եւրոպայի հնագոյն գաղութներէն մէկ է։ Կ՛նթադրուի, որ Բիւզանդական կայսրութեան կազմակերպած բռնագաղթերու հետեւանքով արդէն, 5-12-րդ դարերուն, հայերու հոծ զանգուածներ բնակեցուած են Ռումինիոյ տարածքին։

967-ին Աքերմանի մէջ գտնուած է թուագրուած արձանագրութեան մը բեկոր մը, որ նոյնպէս կը վկայէ հայերու գոյութիւնը Ռումինիոյ մէջ՝ նախքան Բագրատունիներու թագաւորութեան անկումը։

Ռումանիոյ մէջ հայերու վաղեմի եւ ստուար բնակութեան վկայութիւնն են հայկական բազմաթիւ տեղանուններու, երբեմնի հայաշատ գրեթէ բոլոր քաղաքներու մէջ հայկական թաղամասերու ու փողոցներու առկայութիւնը։ Հայերը Ռումինիա գաղթած են Անի-Ղրիմ-Աքերման ճանապարհով։ Անոնց հոսքը Ռումանիա բազմացած է Անիի անկումէն (11-րդ դար) ետք։ Ռումինիոյ մէջ հայերու հաստատման պաշտօնական տարեթիւը կը համարուի 1350-ը՝ Պոթոշանի մէջ առաջին եկեղեցւոյ հիմնադրման տարին։ Անոնք ունեցած են իրենց հոգեւոր թեմը, որ 1365-էն ենթարկուած է Լվովի հայկական եպիսկոպոսութեան։ 14-րդ դարուն Ռումանիոյ մէջ հայերու թիւն այնքան աճած է, որ իշխան Ալեքսանտր Բարեպաշտը 1401-ի հրովարտակով Սուչավա մայրաքաղաքին մէջ անոնց համար հիմնած է առաջնորդական թեմ' Յովհաննէս եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ։ 1408-ի հրովարտակով ան Լվովէն հրաուիրած է հայ վաճառականներ եւ բնակեցուցած Սուչավա, Սիրետ, Չեռնովցի քաղաքներուն մէջ՝ անոնց շնորհելով շարք մը արտօնութիւններ (նուազ հարկերով առեւտուր կատարելու իրաւունք): 1418-ին նոյն իշխանի հրաւէրով Լեհաստանէն 3 հազար հայ ընտանիք գաղթած է Ռումինիա։ Մեծ թիւով հայեր Ռումինիա եկած են, երբ թուրքերը զաւթած են Կ. Պոլիսը (1453) եւ Ղրիմը (1475): 16-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 16-րդ դարու սկզբին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ջալալիներու ասպատակութիւններէն եւ Իրանի շահ Ապպաս Ա․-ի բռնագաղթերէն խուսափած շատ հայեր ապաստանած են Ռումանիոյ հիւսիսային (Մոլտաւիոյ) եւ հարաւային (Վալախիոյ) քաղաքներուն մէջ։ 17-րդ դարու 2-րդ կէսին Լեհաստանի հայերու բռնի կաթոլիկացնելու քաղաքականութիւնը շատերուն ստիպած է Ռումինիոյ մէջ ապաստան գտնել։ 17-րդ դարու գաղթած հայերուն զգալի մասը հաստատուած է երկրի արեւմտեան մասին մէջ՝ Թրանսիլվանիոյ մէջ։ Յետագային, երբ մարզն անցած է Աւստրո-հունգարիոյ տիրապետութեան տակ, հայերը կաթոլիկացուած են եւ ձուլուած՝ ժամանակի ընթացքին։