Սահակեան Նունեան Վարժարան

Սահակեան Նունեան Վարժարան, Պոլսոյ մէջ հայկական վարժարան։

Պատմականը

Խմբագրել

Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտի յատուկ հրովարտակով 1831-ին Նունեան մանկամսուրն ու Սահակեան վարժարանը կը շինուի Պոլսոյ Սամաթիա թաղին մէջ[1]։ 1876-ին բարերար Կիւմիւշեան եւ Գալուստեան ընտանիքներու օժանդակութեամբ, փայտաշէն այս շէնքերը քարուկիրի վերածուեցան։ 1943-ի հրդեհը Նունեան մանկամսուրը հրոյ ճարակ դարձուց։ 1962-ին եւ 1973-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի եւ բարեսէր ազգայիններու օժանդակութեամբ վարժարանը վերանորոգուելով ամբողջովին քարուկիրի վերածուեցաւ։ 1960-ին միջնակարգ, 1966-ին լիսէի բաժինները բացուեցան։

Վարժարանը ներկայիս մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ քառամեայ լիսէի բաժիններով ուսում կը ջամբէ երկսեռ աշակերտներու[2]։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. «Սահակեան Նունեան Վարժարան | Վարժարաններ | Türkiye Ermenileri Patrikliği |»։ www.turkiyeermenileripatrikligi.org։ արտագրուած է՝ 2020-05-29 
  2. info@gmmedya.com Gm Medya-www gmmedya com-։ «Tarihçe»։ Թուրքերէն։ արտագրուած է՝ 2020-05-31