Սահակ Յովհաննէսեան

Սահակ Յովհաննէսեան (1898-1984, ծնած է Խարբերդ նահանգի Ջարսանճագ գաւարի Նորքեղ գիւղը։ Ունեցած է երկու եղբայրներ, որոնք 1909 թուականին զոհ գացած են Ատանայի կոտորածներուն, եւ քոյր մե՝ որ մահացած է Ամերիկայի մէջ։

Սահակ Յովհաննէսեան
Ծնած է 1898
Մահացած է 1984

Իբրեւ հողատեր, Ջարսանճագի պէյերուն եւ աղաներուն խժդժութիւններուն ենթարկուելու, միջադէպի մը պատճառով գիշեր մե ամէն բան, տուն-տեղ, կարասի, արջառներ ու ոչվարներ ետեւ ձգելով, ծնողքին հետ գիւղէն կը փախչին եւ կ՝ ապաստանին Խարբերդ քաղաքը։

Սահակ կը յաճախէ Եփրատ Գոլէճը, նախակրթարանէն սկսեալ մինչեւ վերի կարգերը. սակայն քաղաքական անստոյգ եւ սպառնական կացութեան հետեւանքու կիսատ կը թողու իր ուսումը եւ 1913 թուականին կը մեկնի Ամերիկա՝ Պոսթոն։

Միթտ աթխատաւորի դիրքին մէջ մնացած ըլլալով, տնտեսական պայմանները թոյլատու չեն եղած որ ան բարձր ուսման հետեւի։ Իր գաղափարապաշտ մտքին թռիչքներուն մասնակի գոհացում տուող կարեւոր ազդակները եղած են յարատեւ ինքնազարգացումը եւ յամառ ջանասիրութիւնը։

Երկար տարիներ կապ հաստատած է «Պայքար» օրաթերթին ու «Նոր Օր» եռօրեային հետ իբրեւ գրաթար եւ աշխատակից։

1932 թուականին Պէյրութի մէջ կ՝ ամուսնանայ Էննի Թուխմանեանի հետ, երջանիկ բոյն մը կազմելով։ Կը բախտաւորուին երկու զաւակներով։

Ս. Յովհաննէսեան 1947 թուականին կը հաստատուի Գալիֆորնիա, նախ՝ Ֆրէզնօ, յետոյ՝ Փասատինա։ 1981 թուականին կը հրատարակէ Մտքի Թափառումներ հատորը։

Հեղինակը գիւղական հարազատ ու հաճելի բարբառով եւ հիւմըրով օժտուելով իր պատմուածքները, իր վառ երեւակայութեան քովէն կ՝ անցընէ գաւառացիի նկարագրին տարբեր երեսակները։ Ինքնաբուխ է իր ոճը եւ գունագեղ։