Սամութ Սոնկքրամի երկաթուղագիծը
Սամութ Սոնկքրամի երկաթուղագիծը, Թայլընտի մայրաքաղաք Պանքոքի մօտ Սամութ Սոնկքրամի նշանաւոր շուկային մէջէն անցնող շոգեկառքի գիծ: է
Շուկան տարածուած է 500 մեթր երկայնքի մը վրայ եւ կ'ընդգրկէ հարիւրաւոր վաճառականներու խանութներ:
Հոն ամէն ինչ կարելի է գտնել` ուտելիք, հագուստներ եւ յուշանուէրներ:
Օրական վեց անգամ ամէն մարդ կը հաւաքէ դուրսը շարուած ապրանքները, որպէսզի շուկային մէջէն անցնող շոգեկառքին անցքը կարելի դառնայ: Շոգեկառքը իր ճչակը կ'արձակէ եւ դանդաղօրէն կը յառաջանայ: Անոր կառքերը կ'անցնին գիծին երկայնքին զգուշութեամբ շարուած պտուղներու, բանջարեղէններու, պղպեղներու սեղաններուն մօտէն:
Վաճառականները կը հաստատեն, որ ասիկա բնաւ վտանգաւոր չէ: Անոնցմէ շատերը տասնեակ տարիներով այդ շուկային մէջ կ'աշխատին եւ ո՛չ մէկ արկածի հանդիպած են:
Այս շուկան զբօսաշրջիկներուն համար չէ նախատեսուած: Թայլանտի բնակիչները հոն կ'երթան իրենց գնումները ընելու[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Սամութ Սոնկքրամի երկաթուղագիծը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-21-ին։ արտագրուած է՝ 2023-08-25