Սան Սերվանտոյի Ամրոցը
Սան Սերվանտոյի ամրոց (սպ.՝ castillo de San Servando), միջնադարեան ամրոց Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքի՝ Թախօ գետի արեւելեան ափին վրայ: Տեղակայուած է Թոլետոյի Ալքասարին դիմաց: Հիմնադրուած է 14-րդ դարուն որպէս վանք, որ նախապէս պատկանած է վանականներուն, ետքը անցած է Տաճարականներու միաբանութեան տիրապետութեան տակ:
1874 թուականին ամրոցը յայտարարուած է որպէս ազգային յուշարձան: Ան գծուած է Էլ Կրեքոյի «Տեսարան Թոլետոյէն» նկարին մէջ:
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելԱմրոցին հիմքը ուղանկիւնաձեւ է: Անոր երեք անկիւնները տեղակայուած են աշտարակներ, իսկ չորրորդ միջանկեալ աշտարակը կը գտնուի հարաւային պատին վրայ եւ կը պաշտպանէ ոչ շատ մեծ դարպասները: Ամրոցին գլխաւոր դարպասները կը գտնուին քաղաքին կողմը: Անոնց ետեւը կը գտնուին Երդման աշտարակը (Torre del homenaje), որ բոլոր աշտարակներէն ամենամեծն է, կը գտնուի արեւելեան կողմը եւ ունի ձուաձեւ հիմք: Աշտարակներուն պատուհանները զարդարուած են աղիւսներով եւ բարձրաքանդակներով:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱմրոցը կը գտնուի բլուրի վրայ: Իր ռազմավարական նշանակութեան շնորհիւ այս տարածքին մէջ պաշտպանական կառոյցներ շինուած են Թոլետոյի հիմնադրումէն անմիջապէս յետոյ. անոնք կը ձգեն վերահսկել ճանապարհները դէպի Ալքանթարա կամուրջը, գետը եւ ջրանցքը: Ըստ հնագիտական տուեալներու՝ նախապէս այդտեղ եղած է հռոմէական ամրոց: Հետագային կառուցուած է Ուեսթկոթական եկեղեցի, իսկ աւելի ուշ՝ արաբական ամրոցը: Մահմետական ամրոցին հիմքը (ուղղանկիւնաձեւ աշտարակներով) ներկայիս ծածկուած են հողով:
1085-ին Թոլետօն կրկին կ'անցնի Ալֆոնզօ VI թագաւորի տիրապետութեան տակ, որ իր կնոջ՝ Քոնսթանս Պուրկունտային հետ ձեռնմուխ կ'ըլլայ վանքի վերանորոգման աշխատանքներուն[1]: Ամրոցը կը վերածէ պաշտպանական կառոյցներով ամրացուած վանքի (չափերով աւելի փոքր, քան նախորդ արաբական ամրոցը) եւ կը նուիրէ Սերվանտօ եւ Կերման սուրբերուն ի նշան երախտագիտութեան անոնց, որ փրկած են իրեն Սագրախասի ճակատամարտին: Ճոն Օրմսպին, որ անգլերէն թարգմանած է Միկել Սերվանթեսի «Տոն Քիխոթ» վէպը, կը գրէ, Ալֆոնզօ VI-ը. ամրոցը կոչած է սպանացի նահատակ Սան Սերվանտոյի պատիւին: Հետագային անունը կ'ենթարկուի փոփոխութեան՝ դառնալով Սան Սերվան, Սան Սերվանթես եւ Սան Գերվանթես (San Cervantes):
11 Մարտ 1088-ին թագաւորը վանքը կը յանձնէ Հռոմի պապի ենթակայութեան այն պայմանով, որ ան մշտապէս պիտի գտնուի Սուրբ Վիքթորի աբբայութեան վերահսկողութեան տակ: Այդ պայմանը կ'ընդունուի Ուրպանոս II պապի կողմէ: Վերջինս վանքի կառավարիչ կը նշանակէ քարտինալ Ռիչըրտին, որ Սուրբ Վիքթորի աբբայութենէն էր: Ատկէ ետք սպանական վանքը կ'անցնի ֆրանսացի վանականներուն ձեռքը:
Ալֆոնզօ թագաւորը Սան Սերվանտոյի վանքը կը համարէր որպէս տարածաշրջանին քրիստոնէութեան պահպանման միջոց: 13 Փետրուար 1099-ին ան նուիրատուութիւն կ'ընէ Սանթա Մարիա տէ Ալֆիզեն վանքին եւ անոր միութեան: Հետագային ան վանքին կից կը հիմնէ Պենետիքդեան միանձնուհիներու վանքը: Այդ երկու վանքերուն կը յանձնարարուի անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերել տարածաշրջանին մէջ ապրող աղքատներուն եւ ճանապարհորդներուն[1]:
Վանքը աւերակի վերածուած է 1110 թուականին սարաքինոսներուն կողմէ, եւ վանականները հեռացած են Մարսել: Վանքը անցած է Թոլետոյի արքեպիսկոպոսութեան ձեռքը: Ալֆոնզօ VIII թագաւորը վանքը յանձնած է Տաճարականներու միաբանութեան, որ վանքը դարձուցած է ամրոց, եւ Փուենթէ տէ Ալքանթարան կը պաշտպանէր մահմետականներուն հնարաւոր յարձակումներէն: Մահմետականներուն յարձակման սպառնալիքի վերացման եւ 1312 թուականին Տաճարականներու միաբանութեան վերացումէն ետք վանքը կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը եւ լքուած է:
14-րդ դարուն՝ Փետրօ I Տաժանի եւ Էնրիքէ Եղբայրասպանի հակամարտութեան ժամանակ, ամրոցը կրկին ունեցած է ռազմական նշանակութիւն, եւ արքեպիսկոպոս Թենորիոն յանձնարարած է վերակառուցել զայն: Վերակառուցման աշխատանքները աւարտած են 1386-ին: Այդ ժամանակին կը պատկանին այն կառոյցները, որ կը պահպանուին ներկայիս:
1857-ին ամրոցին մէջ կառուցուած է վառոդի նկուղ: 1873-ին ամրոցը ծախուած է 3000 փեսետով: Այդ պատճառով ալ 1874-ին Յուշարձաններու յանձնաժողովին կողմէ ամրոցը յայտարարուած է ազգային պատմագեղարուետսական յուշարձան՝ դառնալով Սպանիոյ առաջին ամրոցը, որ ստացած է նման կարգավիճակ:
Ամրոցը վերակառուցուած է 1959-ին: Վերակառուցողական աշխատանքներուն ընթացքին կառուցուած է եւս մէկ աշտարակ եւ բացուած է նոր մուտք: Ատկէ ետք ամրոցին մէջ եղած են քոլէճ, համալսարանական հանրակացարան եւ այլն: Ամրոցին մէջ կ'ըլլան նաեւ պտոյտներ, որոնց ընթացքին այցելուներուն կը ներկայացուի ասպետ Տոն Նունօ Ալվեարին յօրինուած պատմութիւնը[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Fita Fidel (25 May 1906) [July–September 1906]։ «Cuaderno IV»։ El monasterio toledano de San Servando en la segunda mitad del siglo XI։ Boletín de la Real Academia de la historia (իսպաներեն)։ Tomo XLIX։ էջեր 280–331
- ↑ «La muerte de Don Nuño Alvear, una leyenda templaria de Toledo»։ LeyendasDeToledo.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-03
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Լուսանկարներ castillosnet.org կայքէն Archived 2007-10-08 at the Wayback Machine.
Ուիքիպահեստ նախագիծի Սան Սերվանտոյի Ամրոցը ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |