Սեպագիրը ամէնէն հին հնչիւնական գիրն է։ Սեպագիր կը կոչուի, որովհետեւ կը գրուէ կաւի սալիկի վրայ սեպաձեւ նշաններ ընելու միջոցով։

Սեպագիր արձանագրութիւն Էրեբունի ամրոցի հիմնադրման մասին

Պատմութիւն Խմբագրել

Գոյութիւն ունին 3 տեսակի սեպագիրեր՝ վանկագիրեր, գաղափարներ եւ որոշիչներ, որոնք ցոյց կու տան այդ սեպագիրին իմաստը։ Սեպագիրերը կարդալով կարելի է սորվիլ, թէ անոնք ինչպէս արտասանուած են այն լեզուով, որմով գրուած են։

Սկիզբը ուրարտացիները կը գրէին եւ կը կարդային իրենց թշնամիին լեզուով Ասորերէն, ապա երբ Իշպուինի եւ Մենուա կ'որոշեն ստեղծել նոր լեզու մը, որ ըլլայ Ուրարտերէն իսկ իրենց գիրը կը կոչեն սեպագիր։

Սեպագիրը ստեղծուած է շումերներու կողմէ, 5000 տարի առաջ։ Շումեր ազգը, որ այժմ վերացած է, կ'ապրէր Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու միջեւ ինկած տարածութեան մէջ, որ կոչուած էր Միջագետք։ Սեպագիր կը կոչուէր, որովհետեւ հին ատեն մարդիկ կը գրէին սեպերով[մեխերով] քարի վրայ, նաեւ՝ կը վերցնէին կաւէ սալիկ մը եւ բամբուկի ծայրամասով արագ կը գրէին վրան եւ կաւը կը ձգէին, որ չորնար։

Հետագային սեպագիրը տարածուած է այլ երկիրներու մէջ։ Սեպագիր արձանագրութիւններ կ'ըլլային տարբեր լեզուներով՝ աքքադերէն, խեթերէն եւ այլն։ Մեզմէ 4200 տարի առաջ Էբլա կոչուող երկրին մէջ, որ ներկայիս Սուրիոյի տարածութեան մէջ կը համարուի, գրուած են արձանագրութիւններ, որոնց մէջ յիշատակուած է հայ ժողովուրդը՝ հայա անունով։ :

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել