Սեռային Յարաբերութեան Ճամբով Փոխանցուող Հիւանդութիւններ
Սեռային յարաբերութեան ճամբով փոխանցուող հիւանդութիւնները, կը կոչուին նաեւ վեներական հիւանդութիւններ, սիրոյ չաստուածուհի Վեներայի անունով: Ամէն օր աշխարհի մէջ հազարաւոր մարդիկ կը վարակուին վեներական հիւանդութիւններով:
Շատեր կը վարակուին անհոգութեան հետեւանքով՝ պատահական սեռային յարաբերութեան ընթացքին: Ժամանակից բժշկութիւնը հնարաւորութիւն ունի բուժելու վեներական հիւանդութիւնները: Սակայն կարեւոր է, որ հիւանդութիւնը ժամանակին ախտաճանաչուի, եւ յարաբերութիւն ունեցող զոյգերը միաժամանակ բուժում ստանան: Չբուժուելու կամ ոչ լիարժէք բուժման պարագային հիւանդութիւնը կ'ունենայ քրոնիկ եւ ձգձգուող ընթացք եւ կը յառաջացնէ բարդութիւնները:
Սեռային օրկաններու բշտիկացում
ԽմբագրելՎարակիչ հիւանդութիւն է, որ կ'արտայայտուի արտաքին սեռային օրկաններու վրայ բշտիկներու առկայութեամբ: Եթէ զոյգերէն մէկը հիւանդ է, պէտք է սեռային յարաբերութենէ խուսափի վարակը չփոխանցելու նպատակով: Հիւանդութեան ախտանշաններն են. ջերմութիւն, գլխացաւ, ընդհանուր թուլութիւն, ցաւ սեռային օրկաններու շրջանը, քերուըտուք, հեշտոցէն արտադրութիւն եւ ցաւոտ միզարտադրութիւն: Հիւանդութիւնը բուժելի է եւ կը տեւէ երկուքէն-երեք շաբաթ, որուն ընթացքին բշտիկները չորնալով կը ծածկուին կեղեւով:
Քլամիտիոզ
ԽմբագրելՄիզասեռային օրկաններու հիւանդութիւն է, որուն պատճառը ներբջիջային քլամիտիա կոչուող մանրէներն են: Կը փոխանցուին սեռային ճամբով, հազուադէպ՝ կենցաղային՝ ճերմակեղէնի, բաղնիքի պարագաներու միջոցով:
Հիւանդութեան գաղտնի շրջանը 5-7 մինչեւ 30 օր է. սկիզբը կ'ախտահարուի այր մարդու միզածորանը, իսկ չբուժուելու պարագային բոլոր միզա-սեռային օրկանները: Կիներւ մօտ կ'ախտահարուի արգանդի վզիկի լուսանցքը, իսկ չբուժուելու պարագային կը վարակուին նաեւ արգանդափողերը, ձուարանները: Հիւանդութեան բուժման համար պարտադիր է, որ զոյգերը կատարեն միաժամանակ բուժում:
Ձիահ (սիտա)
ԽմբագրելՁեռքբերովի եւ մարմնի պաշտպանողական համակարգի անբաւարարութեան հետ կապուած հիւանդութիւն է: Հիւանդութեան յարուցիչը HIV-ն ժահրն է, որ կը փոխանցուի ինչպէս արտասեռային, այնպէս ալ սեռային յարաբերութեան միջոցով: Նոյնիսկ փոքր կասկածի պարագային, անձը պէտք է ենթարկուի տարրալուծարանային քննութեան:
Հիւանդութեան գաղտնի շրջանը կը տեւէ 3 ամիսէն մինչեւ 15-18 տարի: Հիւանդութիւնը կ'ընթանայ տարբեր դրսեւորումներով. կը նկատուին աւշահանգոյցներու, լեարդի, փայծախի մեծացում, հեւոց, հազ, մազաթափութիւն: Կը փոխուի արեան կազմը, կը յառաջանան նորագոյացութիւններ եւ տարբեր հիւանդութիւններ: Արդի գիտութիւնը սիտայի բուժում չունի եւ պայքարելու միակ ձեւը նախազգուշական միջոցառումներն են:
Տրիխոմոնաս
ԽմբագրելՀիւանդութեան պատճառը Trichomonas vaginalis մանրէն է, որ կը փոխանցուի յարաբերութեան ճամբով: Կիները կ'ունենան տհաճ հոտով առատ արտածորում, մինչ այր մարդու մօտ ան կ'ընթանայ առանց հիւանդագին նշաններու, սակայն ենթական վարակող կ'ըլլայ: Բուժումը զոյգը պէտք է ստանայ միաժամանակ:
Տրիխոմոնասով կրնան վարակուիլ նաեւ լողաւազանէն, հիւանդներու անձնական իրերը՝ յաճախ անձեռոցները գործածելէն:
Ջերմամիզութիւն, սուսանակ (gonorrhea)
ԽմբագրելԱյս հիւանդութիւնը այր մարդու մօտ կ'արտայայտուի միզածորանի բորբոքումով:
Հիւանդութեան յարուցիչը կոնոքոք կոչուած մանրէն է:
Ախտանիշերը երեւան կու գան վարակուելէն 4-8 օր ետք: Այդ ընթացքին անձը առանց այդ մասին վարակի տեղեակ ըլլալու աղբիւր կը հանդիսանայ: Հիւանդը սկիզբը կ'ունենայ միզուկէն թափանցիկ ապա թարախային արտադրութիւն, որ կ'ուղեկցուի այրոցով, այդ պատճառով հիւանդութիւնը կը կոչուի նաեւ ջերմամիզութիւն:
Առաւօտեան թարախամիզութիւնը աւելի արտայայտուած կ'ըլլայ եւ ցաւոտ կը դառնան նաեւ աճուկային գեղձերը:
Շագանակագեղձի սուսանակային բորբոքումը կ'ըլլայ սուր կամ քրոնիկ, ան աւելի դժուարութեամբ կը բուժուի եւ յաճախ սեռային թուլութեան պատճառ կը դառնայ:
Կիներու մօտ հիւանդութեան մանրէները կուտակուած կ'ըլլան իգափողի գեղձերու մէջ եւ սկզբնական շրջանին հիւանդութիւնը կ'ընթանայ առանց որեւէ նշանի, սակայն անոնք շատ վարակիչ կ'ըլլան: Ժամանակ մը ետք կինը կը զգայ որովայնի շրջանի ծանրութիւն, առատ սպիտակահոսութիւն, ընդհանուր թուլութիւն:
Եթէ կինը յղի է, ծննդաբերութեան ընթացքին նորածինը կը վարակուի, եւ անոր մօտ կը յառաջանայ կուրութիւն: Մինչեւ այսօր բոլոր նորածիններուն ծնունդէն անմիջապէս ետք, կը տրուին աչքի կաթիլներ՝ որպէս յաւելեալ պաշտպանութիւն սուսանակի դէմ: Սուսանակով արտասեռային ճամբով կրնան վարակուիլ գործածելով հիւանդ անձի անձեռոցը, բաղնիքի սպունգը կամ քնանալով անոր հետ միեւնոյն անկողինին մէջ։ Ջերմամիզութիւնը բուժելի հիւանդութիւն է. կարեւոր է, որ զոյգերը բուժուին միաժամանակ եւ ամբողջութեամբ՝ խուսաբելու համար հետագայ բարդութիւններէ եւ հիւանդութեան կրկնութենէ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Զգոյշ» Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ Բ. Տարի, թիւ 1(5), 2016 էջ 16-17-18