Սէշաթ
Սէշաթ, հին եգիպտական իմաստութեան, գիտելիքներու եւ գրագրութեան[1] աստուածուհի:
Սէշաթ | |||||
---|---|---|---|---|---|
| |||||
Սէշաթը կը պատկերէին հովազի մորթիով եւ ձեռքին բռնած վրձինով |
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելԿը համարուի իմաստութեան աստուած Թոթի դուստրը կամ քոյրը: Անոր սրբազան գազանը կը համարուէր Յովազը: Գլխավերեւին կը պատկերէին եօթնագագաթ աստղ:
Սէշաթը կը պատուէին որպէս «կեանքի տան», այսինքն՝ ձեռագիրներու պահոցի գլխաւորը: Անոր գործառոյթներէն մէկն էր ծառի տերեւներուն վրայ փարաւոնի կեանքի եւ կառավարման տարիները գրանցելը: Ատկէ զատ, ան կը վերահսկէր պատերազմի աւարներու, գերիներու, նուէրներու, հաշիւներու արուեստը: Նաեւ կը կազմէր շինարարութեան ծրագիրներ եւ կը հովանաւորէր շինարարութեան աշխատանքները:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Encyclopedia of Religion and Ethics - James Hastings - Google Boeken։ Books.google.com։ արտագրուած է՝ 2013-01-23