Սթիվըն Իունիվըրս
Սթիվըն Իունիվըրս (անգլերէն՝ Steven Universe) Ամերիկեան շարժապատկեր մըն է, ստեղծուած Րէպէքայ Շուկըրի (անգլերէն՝ Rebecca Sugar) կողմէ, եւ որ կը ցուցադրուի Քարդուն Նէթուըրքի (անգլերէն՝ Cartoon Network) վրայ։ Շարժապատկերին պատմութիւնը կը կեդրոնանայ Սթիվըն անունով մանչի մը վրայ, որ կ’ապրի եւ կը մեծնայ երեք կախարդական էակներու հետ, Քրիսդալ Ճէմզ-երը (անգլերէն՝ The Crystal Gems), Կարնէթ (անգլերէն՝ Garnet), Ամէթիսթ (անգլերէն՝ Amethyst), Բըրլ (անգլերէն՝ Pearl), եւ որոնց հետ աշխարհը կը պաշտպանէ իրենց ցեղի վտանքներէն։ Սթիվըն Իունիվըրսը միակ շարժապատկերն է որ ստեղծուած է աղջկայ մը կողմէ, եւ որու գաղափարը մէջտեղ բեռած է Րէպէքան, երբ ուրիշ շարժապատկերի մը վրայ՝ Ատվէնդըր Թայմ ([[անգլերէն՝ Adventure Time]]), կ'աշխատէր։ Ցոցադրուելու կը սկսի Նոյեմբեր 4, 2013-Ին։
Սթիվըն Իունիվըրս (Steven Universe) | |
---|---|
Սթիվըն Իունիվըրս | |
Բեմադրիչ |
Էլա Միքալքայ Նիք ՏէՄայո Իյըն Ճոնզ-Քուարդի |
Երաժշտութիւն |
Այւի Դրան Սթիվըն Վէլէմայ |
Արտադրող ընկերութիւններ | |
Տեւողութիւն | 22 վայրկեան |
Երկիր | ԱՄՆ |
Լեզու | անկգլերէն |
Սթիվըն Իունիվըրս ստացած է քննադատական ցնծութիւն իր արուեստի պատկերին, երաժշտութին, ձայնեղութեան, յատկանշման խորութեան, եւ ստեղծաբանութեան գիտութեան կառուցման համար։ Հաղորդաշարքը թեկնածու նշանակուած է Էմի Աուորտի (անգլերէն՝ Emmy Award) նաեւ Աննի Աուորտի (անգլերէն՝ Annie Award)։ Յուլիս 2015-ին հաստատուեցաւ որ հաղորդաշարքը պիտի նորոքուի երրորդ անգամ ըլլալով։ Քոմիքսներ, գիրքեր եւ վիտէօ խաղեր ստեղծուեցան հաղորդաշարքէն ներշնջուած։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՇարժապատկերը տեղի կ'ունենայ յօրինուած Պիչ Սիդի-ին (անգլերէն՝ Beach City) Տէլմարվա Բէնինուլաին մէջ, Ամերիկայի արեւելքը, եւ ուր անմահ կախարդական մարտիկները, Քրիսդալ Ճեմզերը, ծովափին վրայ գտնուող հին տաճառի մը մէջ կ'ապրին։ Անոնց մարմինները իքական, մարդանման ձեւ ունին, եւ որոնք կը ստեղծուին իրենց գոհարներէն, որոնք իրենց կեանքի միջուկներն են։ Քրիսդալ Ճեմերը բաղկացած են, Կարնէթ, Ամէթիսթ, Բըրլ, եւ Սթիվընէ, որ կես մարդ, կես «Ճէմ» մանչ մըն է, եւ որու գոհարը ժառանգած է մորմէ, Ճէմերուն նախկին առաջնորդը, Րոզ Քուորձ (անգլերէն՝ Rose Quartz)։ Սթիվըն կը փորձէ գիտնալ ինչպէս իր կախարդական ուժերը գործածել, միեւնոյն ատեն, ան իր օրերը կ'անցնէ իր մարդ հոր, Կրեկին, մտերիմին՝ Գոնիին (անգլերէն՝ Connie), Պիչ Սիթիի բնակիչներու, կամ Ճէմերուն հետ։
Հաղորդաշարքը կը յայտնէ թէ չորս Ճէմերը մնացորդներ են նախկին քաղաքակրթութենէ մը։ Իրենց այցելած վայրերուն մեծամասնութիւնը աւերակներ էն, որոնք ատենօք կաերւոր էին իրենց մշակոյթին մէջ, սակայն ժամանակի ընդացկին քանդուած են։ Ճէմերը անջատուած են իրենց երկիրէն, եւ յայտնի կը դարնայ թէ հրեշները, որոնց դէմ կը կրուին, ժամանակին իրենց նման էակներ էին, սակայն կորսնցուցած են իրենց բնաւորութիւնն ու միտքը։ Պատմութեան ընդացկին, կը յայտնուի թէ «Րոզ Քուորձ», «Սթիվընին» մայրը, Ճէմերուն երկրին դէմ ապստամբութեան ղեկավարը եղած է, որ յաջողած է։