Սկիհը Սուրբ Պատարագի ընթացքին օգտագործուղող այն սրբազան բաժակն է, որուն մեջ սպասի գինին ու հացը պատարագի միջոցով կը սրբագործուին եւ կը դառնան ճշմարիտ մարմին եւ արիւն Քրիստոսի:

Սկիհ կը նշանակէ Յիսուսի չարչարանքներուն բաժակը եւ այն բաժակը, որմէ Յիսուս օրհնելով գինին, վերջին ընթրիքի ատեն, տուաւ առաքեալներուն հաղորդուելու` ըսելով[1].

Բոլորդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. այս է Իմ արիւնս, որմով Նոր Ուխտ կը կնքուի Աստուծոյ հետ եւ որ շատերուն համար կը թափի իրենց մեղքերուն թողութեան համար» (Մատթէոս 26.28; Մարկոս 14.24; Ղուկաս 22.20; Ա Կորնթացիներ 11.25):

Սկիհին վրայ պատկերուած կ'ըլլան տէրունական պատկերներ` Խաչ, Քրիստոս, Յարութիւն, Աստուածամայրը Մանկան հետ, կամ ալ չորս Աւետարանիչները, երբեմն ալ պատրաստող արուեստագէտը կը զարդարէ ըստ իր ճաշակին եւ ընդունակութեան:

Եթէ նոյնիսկ սկիհին պատուանդանը սովորական մետաղէ կազմուած է, ապա բաժակը պէտք է անպայման ըլլայ արծաթէ, իսկ ներսի կողմը՝ ոսկեզօծ[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել