Սոլար իմփալս, Զուիցերիաական երկարատեւ փոձարական ծրագիր, որ սկսած է մօտաւորապէս 2002 թուականին[1]։ Ծրագիրին նպատակն է, իբրեւ վառելանիւթ քարիւղ գործածող օդանաւերուն փոխարէն, ստեղծել արեւային օդանաւեր, որոնք կ՛աշխատին արեւուն ուժանիւթին շնորհիւ։ Օդանաւերը իբրեւ վառելանիւթ քարիւղ կը գործածեն բանելու համար, այս արեւային օդանաւը կ՛աշխատի շնորհիւ արեւուն ուժանիւթին։

Սոլար իմփալսին թեւերը երկար են ամէնէն մեծ օդանաւերուն թեւերուն նման, սակայն անոնք ինքնաշարժի մը ծանրութիւնը ունին: Այս օդանաւը շինուած է երկարատեւ թռիչքի համար, հետեւաբար ան շատ արագ չէ՝ ժամական 50-100 քմ. արագութիւն ունի, սակայն ան կրնայ թռչիլ սովորական օդանաւէ մը աւելի երկար ժամանակ:

Օդանաւին առջեւը գոյութիւն ունի օդաչուին համար փոքրիկ խցիկ մը: Օդանաւը ծածկուած է արեւային տախտակներով՝ արեւուն ուժանիւթը ամբարելու համար. այս ուժանիւթին շնորհիւ է, որ շարժակները կը բանին: Արեւուն շնորհիւ մարտկոցները կը լեցուին օրուան ընթացքին: Իսկ իրիկունը անոնք օդանաւին կարելիութիւնը կու տան իր թռիչքը առնելու մինչեւ յաջորդ առտու՝ արեւուն ծագիլը:

Զուիցերիացի գիտնական եւ Պերթրան Փիքար այս գաղափարը յղացած է օդաչուի մը` Անտրէ Պորշպըրկի հետ: Առաջին արեւային օդանաւէ մը ետք, «Սոլար իմփալս»ը թիւ 2 օդանաւն է[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Solar Impulse - Around the world to promote clean technologies»։ Solar Impulse (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-07-21 
  2. «Աշխարհին Շուրջ` Արեւուն Շնորհիւ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-05-09։ արտագրուած է՝ 2020-07-21