Սումօ Լալկան Երեխաներու Մրցոյթ
Սումօ լալկան երեխաներուն փառատօնի օրը ճափոնցիները կը կազմակերպեն ամէն տարի[1]:
Ճափոնի մէջ, երբ երեխայ մը կու լայ, առողջ ըլլալու նշանն է:
Ըստ ԺԷ. դարու ասացուածքի մը, այն երեխաները, որոնք կու լան, ամէնէն արագը կը մեծնան:
Լացը կը պաշտպանէ նաեւ գէշ ոգիներէն:
Սումոներուն մրցարանին մէջ, ծնողները մեղմօրէն կ'օրօրեն իրենց երեխաները, անոնց ծամածռութիւններ կ'ընեն, կամ նոյնիսկ տգեղ դիմակ մը կը դնեն զանոնք վախցնելու համար: Իւրաքանչիւր ծնողի նպատակն է իր երեխային ամէնէն շատ ձայն հանել տալ, որպէսզի ան գլխաւոր յաղթականը դառնայ[2]: