Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Հալէպ)

Ս. Աստուածածին եկեղեցի, (10 Սեպտեմբեր 1972-Հալէպ): Մեծ եղեռնի վաղորդայնին, մանաւանդ հայկական աղէտէն ետք,առաւելաբար Այնթապէն Հալէպ ապաստանած հայութիւնը հոգեւոր սնունդը ստացած է Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շրջափակի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, տնօրինութեամբ`օրուան Առաջնորդական Տեղապահ Յարութիւն Աւագ քահանայ Եսայեանի եւ Ազգ. իշխանութեան:

1976- ին Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան հոգաբարձութեան համատեղ գործակցութեամբ, գնուած է նորակառոյց եկեղեցւոյ եւ դպրոցին հողաշերտը` վիլլաներ թաղամասէն: Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր հիմնարկէքը կատարուած է 10 Սեպտեմբեր 1972-ին հովանաւորութեամբ` Խորէն Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ նախագահութեամբ` օրուան Առաջնորդ Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի: Շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1982-ին, իսկ հանդիսաւոր օծումը կատարուած է 1 Մայիս 1983-ին, ձեռամբ` Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (նախագիծ`պէյրութահայ ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեանի, իրագործում ճարտարապետ Գեղամ Խրիկեանի):

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայերը Հալէպի պատմութեան մէջ հեղինակ Աւօ Գաթրճեան։