Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի (Պոլիս-Ղալաթիա)
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի (Պոլիս-Ղալաթիա), Պոլսոյ ամենահին եկեղեցին։
Պատմականը
ԽմբագրելԸստ 1360 եւ 1361 թուակիր երկու ձեռագիրներու յիշատակարաններու Ղալաթիոյ մէջ գոյութիւն ունեցած է Ս. Սարգիս անունով եկեղեցի մը։ Իսկ Արմաշի վանքին մատենադարանը գտնուած ձեռագրի մը յիշատակարանին համաձայն Կոզմա անուն վաճառական մը 1391ին Պոլիս գալով կառուցանել տուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին եւ Աւետ անուն դարբին մը շինած՝ Սուրբ Խաչ մատուռը։ Այս յիշատակարաններուն առընթեր Ղուկաս Վարդապետ Ինճիճեան կ՚արձանագրէ, թէ Կոզմա անուն վաճառականը 1391ին Պոլիս եկած եւ գնած է եկեղեցւոյ հողը։ Եկեղեցւոյ որմերուն վրայ տեղադրուած երկու արձանագրութիւններ կը յստակացնեն, թէ եկեղեցին 1431 թուականին գոյութիւն ունէր։ 1635ին ազդեցիկ հայ մը՝ Շահին Չէլէպի, Գրիգոր Կեսարացի Պատրիարքի մարմինը ամփոփեց եկեղեցւոյ պատին տակ։
Հիմնական Վերանորոգութիւններ եւ Բարեզարդումներ
ԽմբագրելՇէնքը, 1660ին Ղալաթիոյ մէջ պատահած հրդեհէն վնաս չէ տեսած։ Իսկ 1731ի հրդեհին ան ամբողջովին հրոյ ճարակ դարձած է։ Շչւանի Պոլսոյ Պատրիարք՝ Յովհաննէս Կոլոտի օրով, 1733ին Սարգիս Խալֆայի կողմէ վերաշինուեցաւ։ Կառուցման ծախքերը հոգացած են Ակնցի Մահտեսի Սեղբոս Ամիրա Երեւանենց եւ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք, որուն ձեռքով նաեւ պաշտամունքի բացուած է եկեղեցին։ 1771ին եկեղեցին դարձեալ հրոյ ճարակ կը դառնայ։ Եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը կը կատարուի 1799ին, ճարտարապետութեամբ Մինաս Խալֆայի։ Եկեղեցւոյ քով աւելցած են նաեւ Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Կարապետ մատուռները։ 1888ին ներքին որմերը կամարաձեւ կը բացուին եւ երեք տաճարները իրար կը միանան։
1958ին քաղաքի(Պոլիս) բարեզարդման աշխատանքներուն պատճառաւ, եկեղեցին ամբողջութեամբ ապասեփականացուելով քանդուեցաւ եւ հողին մեծ մասը յատկացուեցաւ ընդարձակելի պողոտային համար։ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի յանձնարարութեամբ, ճարտարապետ Պետրոս Զօպեանի կողմէ պատրաստուած յատակագիծը Էջմիածնի կողմէ ալ վաւերացուելով գործադրութեան դրուեցաւ եւ մնացեալ հողին վրայ 1962ին կաթողիկէ գմբէթով կառուցուեցաւ այժմու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (Ղալաթիա)։ Նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը ու պաշտամունքի բացումը կատարուեցաւ 1966ին, ձեռամբ Շնորհք Պատրիարքի։ Պոլսոյ մէջ հայ դասական ոճով կառուցուած միակ եկեղեցին է։ Ներքնայարկը կը գտնուի Ամենափրկչի Մատուռը։ Հոն տեղադրուած է Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի դամբարանը։
Որմերուն վրայ կը գտնուին հին եկեղեցւոյ յիշատակարանները ու թանկարժէք յախճապակիներու մնացորդներ։
Եկեղեցին նորոգութեան ենթարկուած է 2005 թուին, օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հօր։
Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը տեղի ունեցած է 2011 թուականին ու պաշտամունքի վերաբացուած, ձեռամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի։
Եկեղեցւոյ կից 1871ին քարուկիր վիճակով շինուած է Կեդրոնական վարժարանի շէնքը։
Եկեղեցւոյ ներքնայարկը թաղուած են՝
Յովհաննէս Թ. Պատրիարք Բաղիշեցի (Կոլոտ) 1678-1741
Գրիգոր Պատրիարք Կեսարացի 1570-1636
Իսկ եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են Կեդրոնական Վարժարանի բարերարներ՝
Յարութիւն Էֆէնտի Գափամաճեան 1814-1878
Մաքրուհի Գափամաճեան (Կողակից Յարութիւն Էֆէնտի Գափամաճեանի) 1827-1887
-
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի - Ղալաթիա
-
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի - Ղալաթիա