Սուրբ Թադէոս-Բարդուղիմէոս մայր տաճար (Պաքու )
Պաքուի Սուրբ Թադէոս-Բարդուղիմէոս մայր տաճար (ազրպ.՝ Müqəddəs Faddey və Varfolomey Kilsəsi) կամ Պուդագովսկի եկեղեցի (ազրպ.՝ Budaqov kilsəsi), Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կոթող էր Պաքուի մէջ։ Եկեղեցին կը գտնուէր Դիմիտրովա-Բոնդարնայա-Շամսի Պատալպեյլի փողոց։
Պաքուեցի մեծահարուստ Ենովք Պուտաղեանի կտակած միջոցներով Պաքուի կեդրոնը հայկական եկեղեցի կառուցելու համար 1898 թ.-ին Սանկտ Պետերբուրգի ճարտարապետներու կայսերական ընկերութիւնը կը յայտարարէ մրցոյթ։ 28 Փետրուար,1907-ին մրցոյթին ներկայացուեցան հինգ նախագիծեր, որոնցմէ մէկն ալ Հովհաննէս Քաջազնունիի նախագիծն էր։ Հունիսի 4-ին կը ստացուի ժիւրիի պատասխանը, որուն համաձայն յաղթող կը ճանաչուի Գաբրիէլ Տեր-Միքայելեանի նախագիծը, իսկ երկրորդ տեղը՝ ճարտարապետ Պետրովսկու նախագիծը։ Սակայն Պուտաղեանի ժառանգները դժգոհ կը մնան արդիւնքէն, եւ 7 Յունիսին անոնք պատուէրը կ՛ուտան Քաջազնունիին։
2 Օգոստոսին ան կ՛ըսկսի եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները։ Շինարարութեանը կը հետեւէր շինհրապարակի կառուցուած փայտէ տնակէն։ Եկեղեցւոյ կառուցման պիւտճէն, ըստ նախնական նախագիծի, կազմած է 300 հազար ռուպլի, սակայն ժառանգուած գումարը ընդամէնը 200 հազար էր, այդ պատճառով Քաջազնունին կը կատարէ որոշ փոփոխութիւններ, մասնաւորապէս եկեղեցւոյ տարողունակութիւնը 1500 մարդոցմէն կը պակսեցնէ 1000-ի։ Հակադաշնակցական քրէական հետապնդումներու պատճառով, 1911 թուականին Քաջազնունին ստիպուած կ՛ըլլայ մեկնիլ երկրէն, չկարողանալով անձամբ յսկել եկեղեցւոյ շինարարութիւնը։
Իր բացակայութեան ընթացքին շինարարութեանը կը հետեւի եւ աւարտին կը հասցնէ ճարտարապետ Նիկողայոս Պայեւը։ 1914 թուականին կը կայանայ եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, որմէ յետով Ենովք Պուտաղեանի աճիւնը, որ ժամանակաւորապէս հողին յանձնուած էր հայկական հին գերեզմանատանը, կը տեղափոխուի եւ կը վերայուղարկաւորուի նորակառոյց եկեղեցւոյ բակին մէջ, ինչպէս նախօրոք յայտարարած էր հայկական եկեղեցւոյ աւագ քահանայ Ղեւոնդ Տէր-Աստուածատուրեանը: