Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչ

Ս. Մարկոս Աւետարանիչ Սուրբ Մարկոսի Աւետարանը գրուած է Հռոմի մէջ, շուրջ 65-67 թուականներուն: Աւետարանին պատմութիւնները տարիներուն ընթացքին շատ չեն փոխուած, այսինքն՝ պատմութիւնները չեն փոխուած եւ չեն զարգացած , եւ շատ կարճ ձեւով ներկայացուած են: Ան եղած է Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն մէկը եւ ձեռնասունը՝ Ս.Պետրոսի: Կ'ըսուի, թէ Մարկոս կը բնակէր իր մօրը՝ Մարիամին հետ: Անոր տունը բաւական այնքան մեծ էր, որ եղած է աշակերտներուն ժողովատեղը եկեղեցւոյ առաջին օրերուն: Ինչպէս նաեւ կ'ըսուի, թէ Յիսուս իր վերջին ընթրիքը ըրած է Մարկոսի տան մէջ: Մարկոս գիր րած Աւետարանին մէջ իր անունը չի յիշեր, սակայն կը յիշէ դէպք մը, որուն ուրիշ Աւետարանիչներ կարեւորութիւն չէին տուած. հոն կ'ըսուի, թէ երբ Յիսուսի աշակերտները սկսած էին ցրուիլ, պատանի երիտասարդ, մը Յիսուսին ետեւէն կ'երթար քահանայապետին տունը, սակայն ճամբան զինուորները կը տեսնէին այդ պիտանին եւ երբ զինք կը փորձէին բռնել ան իր զգեստները զինուորներուն ձեռքը թողելով մերկ կը փախչի, եւ այս դէպքը չէ յիշուած ուրիշ Աւետարաններուն մէջ: Սուրբը թարգմանն էր Ս. Պետրոսի: Եւ ան ընդհանրապէս Եբրայերէնէ Յունարէնի կամ Լատիներէնի խօսածները կը թարգմանէր: Սուրբը իր Աւետարանը գրած է թելադրութեամբ Պետրոսի եւ ներշնչումով Ս. Հոգիին, Քրիստոսի համբարձումէն շուրջ 15 տարի ետք, հաւանաբար Յունարէն լեզուով: Քանի մը տարի ետք, Մարկոս կը յիշուի եկեղեցւոյ զարգացման ու նուաճումներուն առնչութեամբ, եւ այն ատեն Անտիոքի եկեղեցին կը ղրկէ Պօղոսը եւ Բառնաբասը Երուսաղէմ առաքելութեան համար, եւ իրենց Երուսաղէմէն վերադարձին իրենց հետ կ'առնեն Յովհաննէս Մարկոսը, իբրեւ՝ իրենց օգնականն ու ծառայակիցը: Սակայն ան կը լքէ Աւետարանչութեան դաշտը Պէրքէի մէջ ու կը վերադառնայ Երուսաղէմ: Երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս կ'որոշեն կատարել իրենց երկրորդ առաքելական ճամբորդոութիւնը, Բառնաբաս կ'առաջարկէ առնել իրենց հետ Մարկոսը, սակայն Պօղոս կը Մերժէ եւ արժանի չի գտներ զինք իրենց գործին համար: Եւ այն ատեն վէճ մը կը ծագի իրենց միջեւ եւ կը զատուին իրարմէ, Պօղոս իրեն հետ կ'առնէ Շիղան ու կ'երթան Կիլիկիա իսկ Բառնաբաս իրեն հետ կ'առնէ Մարկոսը եւ կ'երթան Կիպրոս: Սակայն կը յիշուի, որ Մարկոս դարձած է Պօղոսի հաւատարիմ ծառայակիցներէն, եւ կ'ըսէ Պօղոս Մարկոսի մասին «իմ որդիս Մարկոս» (Ա. Պետր. 5.13):

Մարկոս իր աւետարանը կը գրէ Պետրոս առաքեալին մահէն ետք: Իր այս աւետարանը գրուած է Հռոմ, կամ Իտալիա, ինք գրած է այս բոլոր բաները պատրաստելու հռոմայեցի Քրիստոնեաները հալածանքներու, չարչարանքներու, եւ նոյնիսկ մահուան դէմ, նաեւ հաւատարիմ մնալու իրենց կոչումին մէջ: 
Մարկոսի աւետարանին մէջ Յիսուս կը ներկայացուի իբրեւ մարդ մեզի պէս, որ կ'անօթենայ, կը յոգնի եւ կը քնանայ (3,5) նաեւ ան կը ներկայացնէ Քրիստոսը իբրեւ Աստուած Իր ամբողջ փառքով ու զօրութեամբ (5,7): 

Մարկոսի Մահը Երբ հեթանոսները կը տեսնեն, թէ Սուրբը կը յաջողի շատ մարդիկ դարձի բերել, զինք կը կապեն հորթին եւ այդ հորթերը վազել կու տան քաղաքին մէջ, սուրբին մարմինը քարերուն կը զարնուի եւ ամբողջ մարմինը կը ծակծկուի եւ ինք ամէն մէկ վայրկեան փառք կու տայ Աստուծոյ: Անկէ ետք սուրբը բանտ կը նետեն, կէս գիշերին Աստուծոյ հրեշտակը կը հանդիպի Սուրբին եւ կը քաջալերէ իր կատարած գործերը, անկէ ետք Յիսուս փառքի ծաղկեպսակով կը շնորհաւորէ իր նահատակութիւնը: Սուրբին տօնը կը յիշատակուի 25 Ապրիլին:




Գալիլիա 1-8 «Ա.մաս» գլուխներուն: Ճամբուն վրայ: 8 «Բ.վերջաւորութիւն» 10 գլուխները: Երուսաղէմ: 11-16 • Յիսուսի մկրտութիւնը, փորձութիւնը եւ բժշկութիւնները: • Աստուծոյ արքայութեան մասին կը խօսուի: • Առակներ • Յիսուսի մերժուիլը նազարեթի մէջ: • 4 հազարին կերակրումը • Յիսուսի խօսիլը իր չարչարանքներուն, մահուան եւ խաչելութեան: • Այլակերպութին: • Ով է մեծը • Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի խնդրանքը: • Յիսուսի մուտքը երուսաղէմի մէջ: • Տաճարի մէջ սեղաններ դարձնելը Յիսուսի կողմէ: • Կարեւորագոյն 2 պատուիրանները: • Յուդայի մատնութիւնը, ապա Քրիստոսի ձեռբակալութիւնը, դատապարտումը, խաչելութիւնը, մահ եւ յարութիւն:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Մարկոսի Աւետարան Աստուածաշունչ Նոր Կտակարան Յիսուս Քրիստոսի եւ Սաղմոսներ, Գ. Հրատարակութիւն, Հրատարակութւին Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսւոթեան, 2019 https://www.ayletmarcharbel.org/