Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցի, Նառլըգաբու

Նառլըգաբռւ Սուրբ Յովաննէս Եկեղցի (Պոլիս), 1743-ին հիմնուած է իբր հիւանդանոց, անտերունչ եւ աղքատ հիւանդներու համար։

Սակայն բացումը կատարուած է 1751-ին, հաւանաբար այդ տարին, պատահած ժանտախտի մեծ համաճարակէն վարակուողները պատսպարելու նպատակով։ Բազմավաստակ բանասէր ու պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեան (1879-1962) Ս․ Փրկիչ Ազգ․ հիւանդանոցի ձեռագիր պատմութեան մէջ, ընդարձակօրէն գրած է վերոյիշալ հիւանդանոցին մասին։ Իր տուած տեղեկութիւններուն մէջ, նորութիւն եղող մասերը ստորեւ կ՝արտագրեմ․ բնագրին էջերը չեն թուագրուած․-։ «Այս հիւանդանոցին նախաձեռնակն է Յովհաննէս Կոլոտի աշակերտ ՝ Յակոբ Նալեան Պատրիարք, որ ինչպէս Բերայի Հիւանդանոցի սեպհականութեան իրաւանց մասին, կառավարութեան խնդրամատոյց եղած թուականէն 1744 մէկ տարի առաջ ՝ 1743-ին տիրող ժանտախտի համաճարակին պատճառով, Ամիրաներուն հետ համախորհուրդ խնդրամատոյց կ՝ըլլար Սուլթան Մահմուտ Ա․Կայսեր, որպէսզի Հայերուն համար Հիւանդանոցի յարմար տեղ մը շնորհուի»[1]։

«Մեծ վէզիր Սէլիտ Հասան Փաշայի միջոցաւ, նոյն տարին իսկ Հայոց կը շնորհուի Նարլըգաբուի ծովեզերքը՝ արտաքոյ պարիսպին, արդէն գոյութիւն ունեցող շենք մը, որ հաւանօրէն պետական էր»։

«Այս նախնական շէնքը փայտաշէն էր։ Նալեան իր երկրորդ պատրիարքութեան միջոցին,1755-ին Սուլթան Օսման Գ․ի կը դիմէ, նախնական շէնքին նորոգութեան ՝ եւ սենեակներ աւելցունելու արտօնութիւնը ձեռք բերելու համար։ Սուլթանը կը շնորհէ այդ հրովարտակը, յանուն մեծ վեզիր Մէհէտ Սայիտ Փաշայի, որով կը հաստատէ 1743-ին հրովարտակը, որ Հայց Հիւանդանոոց կը սահմանէր այդ տեղը՝ եւ կուտայ խնդրուած արտօնութիւնը նորոգութեան եւ փոփոխութեան համար»։

Գէորգ Բամպուքճեանին համեմատ (Յակոբ Նալեան Պատրիարք, Կեանքը, Գործերը եւ Աշակերտերը 1981) «Նարլըգաբուի Հիւանդանոցը 1743-ին հաւանաբար միայն ժանտախտաւորներու յատկացուած էր, համաճարակը չքանալէ ետք փակուած պիտի ըլլայ։ Իսկ երկրորդ անգամ բացուած է 1751-ին, դարձեալ նոյն տարի տեղի ունեցած ժանտախտի համաճարակին առթիւ։ Այլապէս կարելի չէ շէնքին ութը տարի անգործօն մնացած ըլլալը մեկնաբանել»։

«1774-1755 թուականներուն Նարլը Գաբուի հիւանդանոցին մէջ տարեկան հազիւ 24 հիւանդներ կը դարմանուէին (Միքայէլ Քհ․ Աշճեան, «Արեւելք» թիւ ՝ 6518)[2]։Սակայն յետոյ հետզհետէ անիկա նոր մասերով ճոխացած եւ ընդարձակուած է։ 1777-ին շէնքը կը նորոգուի եւ ջրամբարով մը կ՝օժտու։ 1781-ին հովին աւերումներուն դէմ շէնքը պաշտպանելու համար քարափ մը կը շինուի։ Իսկ 1789 թուականին, Ապուչեխցի հանգուցեալ Խանուի որդի Մահտեսի Յովհաննէս Ամիրա հիւանդանոցին կից ունեցած իր քէրէստէճիի խանութը, որուն գետինը 600 կանգուն ընդարձակութիւն ունէր, հիւանդանոցին կը նուիրէ, որպէսզի խանութին վրայի սենեակները հեւանդանոցին ընդարձակման ծառայեն՝ եւ եկամուտն ալ հոն ապաստանողներու մաքրութեան ու սննդեան յատկացուի (Տոքթ․ Վահրամ Թորգոմեան «Արեւելք»թիւ ՝ 6527)»։[3]

1803-ին վերանորոգուած է, եւ մէջն ալ Ս․Յովհաննէս Աւետարաչի նուիրուած մատուռ մըն ալ կառուցուած է, որուն տեղը1807-ին շինուած է արդի եկեղեցին։[4] Հիւանդանոցը իր գոյութիւնը շարռունակած է մինչեւ 1833 թուականը, երբ տեղւոյն հիւանդները փոխադրռւած են Ետիգուլէի նորաշէն Ս․Փրկիչ Հիւանդաոցը։ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկութենէն առաջ այս եկեղեցւոյ ներքնայարկը կը գտնուէր հիւանդանոց-յիմարանոց մը, ուր մտային հիւանդներ կը դարմանուէին անյարմար պայմաններու մէջ։ Անգամ մը պաշտամունքի միջոցին լսուած են աղիողորմ ճիչեր եւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան անհանգստանալով այս տխուր դէպքէն, կը յղանայ նոր հիւանդանոց մը հաստատելու գաղափարը, զոր իրականացնելով համայնքը կ՚օժտէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցով։[5]

1849-ին նախկին շէնքը Խորէնեան-Վառվառեան վարժարանին յատկացուած է։

1955-ին շինուած մայր կպրուղին եկեղեցին անջատեց ծովէն։ Շնորհք Պատրիարքի շրջանին, 1962-ին, քարակերտ ոճով շինուեցաւ, ճարտարապետութեամբ Եդուարդ Շահպազի։

Օծումը կատարուեցաւ 1964-ին։ Մուտքին վրայ կառուցուած է ծովահայեաց սրահ մը։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը կատարուած է 2006ին եւ պաշտամունքի բացուած՝ ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ալպօյաճեան Արշակ։ Ս․Փրկիչ Ազգ․ Հիւանդանոցի Ձեռագիր Պատմութիւն։ Պօլիս
  2. Աշճեան Միքայէլ Քհ։ «6518»։ Արեւելք
  3. Թորգոմեան Վահրամ (1929)։ «6527»։ Արեւելք
  4. Բամպուքճեան Գէորգ (1981)։ Յակոբ Նալեան Պատրիարք, Կեանքը,Գործերը եւ Աշակերտերը։ Ստանպուլ: Ստանպուլի Թէքնիք Համալսարանի Ճարտարապետական Պատմութեան Ինստիտուտի։ էջ 112
  5. «Ս. Յովհաննէս Եկեղեցի, Նառլըգաբու | Ա.Վիճակ (Հին Քաղաք) | Türkiye Ermenileri Patrikliği |»։ www.turkiyeermenileripatrikligi.org։ արտագրուած է՝ 2020-12-18