Սպանիոյ Գերագոյն Դատարան

Սպանիոյ գերագոյն դատարան (սպTribunal Supremo de España), բարձրագոյն դատական մարմին Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ, որ կը համարուի երկրի մայր օրէնք հորջորջուող Սահմանադրութեան գլխաւոր երաշխաւորն ու երկրին մէջ սահմանադրականութեան վերահսկող[1]:

Սպանիոյ գերագոյն դատարանի շէնքը Մատրիտի մէջ

Իրաւասութիւններ

Խմբագրել

Սպանիոյ գերագոյն դատարանը կը համարուի Թագաւորութեան բարձրագոյն դատական ատեանը, որու քննութեան տակ կը գտնուին տարբեր ոլորտի վարոյթներ՝ սահմանադրութեան կարգաւորման լայն շրջանակներու հետ կապուած: Այն կրնայ քննել անհատներու առնչութեամբ քաղաքացիական վարոյթներ, սակայն սովորաբար կը գործէ որպէս վերաքննիչ վարչական դատարան, որու գործառոյթներու մէջ կը մտնէ տեղական կամ նահանգային ընդհանուր իրաւասութեան դատարաններու գործողութիւններու արդիւնքով առաջացող ընթացակարգային խախտումները: Սպանիոյ գերագոյն դատարանի իրաւասութիւններու մէջ կը մտնէ նաեւ ստորադաս դատարաններու որոշումներու բեկանումը` Սպանիոյ Սահմանադրութեան, օրէնքներու եւ ենթաօրէնսդրական գործողութիւններու դրոյթներու համաձայն[2]:

Սպանիոյ գերագոյն դատարանը պատասխանատուութիւն կը կրէ օրէնքով նախատեսուած այլ ընթացակարգային բողոքները քննելու համար: ԱԱնոնց շարքին կը պատկանին կառավարութեան նախարարներու, սենատորներու ներկայացուցչութեան, տարբեր տարածաշրջանային խորհրդարաններու անդամներու, աւագ դատաւորներու, ինչպէս նաեւ երկրի ղեկավարի եւ սահմանադրական դատարանի դատաւորներու մասնակցութեամբ վարոյթներու քննութիւնը: Նման իրաւասութիւնը կ՛աւելացնէ դատարանի կողմէն ինքնաբացարկներու հաւանականութիւնը[3]:

Սպանիոյ գերագոյն դատարանի դատավճիռը կամ որոշումը ներմիապետական այլ դատական ատեաններուն մէջ բողոքարկման ենթակայ չէ, թէեւ երկրի թագաւորը ունի գերագոյն դատարանի կողմէն ընդունուած վճիռները սեղմ ժամկէտներու մէջ առ ոչինչ յայտարարելու բացառիկ իրաւունք: Գերագոյն դատարանի որոշումները կրնան չեղեալ համարուիլ Սահմանադրական դատարանի կողմէն, այն պարագային, եթէ տուեալ վճիռը կը հակասէ 1978-ի Սպանիոյ Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած քաղաքացիներու իրաւունքներու ու հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութան կամ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումներուն, քանի որ Սպանիան պաշտօնապէս վաւերացուցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրը[4]:

Սահմանադրաիրաւական կարգավիճակ

Խմբագրել

Սպանիոյ գերագոյն դատարանը կը համարուի իշխանութեան տարանջատման արդիւնքով առաջ եկած կառավարման գործիքի երեք ճիւղերէն մէկը՝ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու հետ միասին: Եթէ օրէնսդիր մարմինը կը կատարէ օրինաստեղծման գործառոյթ, իսկ գործադիրը՝ ի դէմս կառավարութեան, կ՛ամրագրէ այն, ապա գերագոյն դատարանը կ՛ապահովէ ընդունուած օրէնքներու գերակայութիւնն ու անոնց խախտումներու անաչառ պատժելիութիւնը: Գերագոյն դատարանը կ՛ապահէ այնպիսի միջոցներ, որու պայմաններով օրէնքը կը դառնայ հաւասար ցանկացած անձի համար[5]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել