Սպանիոյ դրօշը իրենից կը ներկայացնէ երեք հորիզոնական շերտեր ունեցող ուղղանկիւն պաստառ, կարմիր, ոսկեգոյն, եւ կարմիր գոյներով (վերեւէն ներքեւ), ոսկեգոյն շերտը կը կրկնապատէ կարմիր շերտերուն։ Դրօշի լայնքը եւ երկայնքը 2։3 յարաբերակցութիւնով է։

Սպանիոյ Դրօշը
Տեսակ ազգային դրօշ[1], symbol of Spain? եւ դրօշ[1]
Իրաւասութեան տարածք Սպանիա
Նշան 🇪🇸
Յարաբերութիւն 3:2
Ընդունուած է 28 Մայիս 1785
Գոյներ կարմիր, ոսկեգոյն եւ կարմիր
Պատկերուած է դաշտ, գօտի եւ Սպանիոյ զինանշան
Սպանիոյ դրօշի կառուցուածքը։

Աւանդութիւն

Խմբագրել

Այս դրօշի գոյներու խորհրդանշական նշանակութիւնը աւանդութիւնը կը կապէ անոր ծագման հետ։ Ըստ աւանդութեան՝ Արակոնի թագաւորներէն մէկը ցանկացաւ ունենալ սեփական դրօշը։ Ուսումնասիրելով դրօշներու բազմաթիւ նախագիծեր, ան կանգ առաւ հարթ ոսկիէ պաստառին։ Այնուհետեւ ան հրամայեց բերել կենդանական թարմ արիւն, երկու մատները թաթխեց արեան մէջ, եւ անցուց դեղին պաստառի վրայ․ արդիւնքով ստացուեցաւ երկու կարմիր շերտ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Սպանիոյ դրօշը իր ներկայ տեսքով գոյութիւն ունի 1785-էն, երբ թագաւոր Քարլոս Գ. Պուրպոնը սպանական ռազմանաւերուն հրամայեց օգտագործել նշաններ, որոնք թոյլ կու տային այլ պետութիւններու նաւերը տարբերել․ սպիտակը Սպանիոյ ծովային թագաւորական դրօշակն է՝ Պուրպոններու տան գերբով զարդարուած։ Այդ օրէն կարմիր եւ դեղին գոյները աւանդաբար զուգորդուած են Սպանիոյ հետ, չնայած իբրեւ պետական գոյներ անոնք ընդունուած են 1927-ին[2]։

1931-ին հռչակուեցաւ հանրապետութիւն եւ ընդունուեցաւ նոր դրօշ, որթ կը ներկայացնէր ուղղանկիւն պաստառ՝ երեք հաւասարամեծ շերտերով՝ կարմիր, դեղին եւ ծիրանագոյն։ Սակայն 1939-ին զօրավար Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոյի ռազմական ապստամբութիւնը վերջնականապէս վերջ դրաւ հանրապետութեան, եւ դեղին-կարմիր դրօշը, որ ձեւականօրէն հաստատուած էր 1936-ին, քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք վերականգնուեցաւ։

Ժամանակակից զինանշանային տարբերակով դրօշը պաշտօնապէս ընդունուած է 19 Դեկտեմբեր 1981-ին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 https://www.eldebate.com/historia/20231025/dia-isabel-ii-establecio-decreto-bandera-espanola_148705.html
  2. «Flag of Spain»։ Encyclopædia Britannica։ արտագրուած է՝ Սեպտեմբեր 15, 2015