Սպանիոյ Սահմանադրութիւն

Սպանիոյ Թագաւորութեան Սահմանադրութիւն (սպConstitución Española), Սպանիոյ ժողովրդավարական իրաւական համակարգի հիմքն է՝ երկրի հիմնական օրէնքը, որուն պէտք է համապատասխանեն միւս բոլոր օրէնքներն ու իրաւական գործողութիւնները։ Այն ընդունուած է սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքով եւ կը խորհրդանշէ սպանացի ժողովուրդի անցումը ժողովրդավարութեան[1]։ Ներկայիս կիրառուող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1978-ին եւ կը համարուի սպանական երկու լիակատար ժողովրդավարական Սահմանադրութիւններէն մէկը (առաջինը եղած է 1931-ի սահմանադրութիւնը)[2]: Խուան Քարլոս Ա. Պուրպոնը Սահմանադրութիւնը հրապարակած է 31 Հոկտեմբեր 1978-ին «Boletín Oficial del Estado»-ին (թարգմանաբար՝ «Սպանիոյ պաշտօնական կառավարական թերթ»): Սահմանադրութիւնը երկիրը կ՛ենթարկէ շարք մը քաղաքական, ընկերային եւ պատմական փոփոխութիւններու, որու արդիւնքով Սպանիոյ Թագաւորութիւնը կը վերածուի ֆրանչիստական վարչակարգի ժողովրդավարական կառավարմամբ իրաւական պետութեան։

Սպանիոյ սահմանադրութիւն

Սպանիոյ անցումը ժողովրդավարութեան բարդ գործընթաց է։ Ժողովրդավարական Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք անգամ Սպանիան չի հրաժարիր ֆրանչիստական վարչակարգէն, փոխարէնը՝ քայլ առ քայլ, աստիճանաբար կը վերափոխէ օրինական դաշտի հակաժողովրդավարական կէտերը։

Սահմանադրութիւնը արժէքաբանական-գաղափարական փաստաթուղթ է, որ կը սահմանէ հասարակութեան կազմակերպման ամենահիմնական սկզբունքները, որոնց գործնական կիրառման եւ ամրապնդմաը պէտք է ձգտի պետութիւնը։ Սպանիոյ Սահմանադրութեան առաջին յօդուածը կը սահմանէ սպանական պետութիւնը։ 1․1 եւ 1․2 յօդուածները բովանդակուած են հետեւեալ ձեւով[3]

Սպանիան ստեղծուած է որպէս ընկերային եւ ժողովրդավարական պետութիւն, որ ենթակայ է օրէնքի գերակայութեան։ Վերջինս կը պաշտպանէ իր իրաւական համակարգի բարձրագոյն արժէքները՝ ազատութիւնը, արդարադատութիւնը, հաւասարութիւնն ու քաղաքական բազմակարծութիւնը։
- Սպանիոյ Թագաւորութեան «Սահմանադրութիւն» մայր օրէնք, յօդուած 1.1


Թագաւորական Սպանիոյ Սահմանադրութիւնը կազմուած է տասը բաժիններէ, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ ներածական, եզրափակիչ եւ միջանկեալ դրոյթներէ։ Առաջին բաժինը կը սահմանէ մարդու եւ անհատի հիմնարար իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, երկրորդ բաժինը՝ թագաւորական իշխանութեան կարգաւորումն ու միապետի սահմանադրաիրաւական կարգավիճակը, երրորդ բաժինը՝ օրէնսդիր մարմինի եւ քորթէսի գործունէութիւնը։ Հինգերորդ բաժինը կը ձեւակերպէ Սպանիոյ կառավարութեան սահմանումն ու պետական կառավարման առանձնայատկութիւնները, վեցերորդ բաժինը՝ դատական իշխանութեան անձեռնմխելիութիւնը։ Սահմանադրութեան եօթերորդ բաժինը կը ձեւաւորէ ֆինանսատնտեսական համակարգը եւ հիմնական գաղափարը այն է, որ երկրի բոլոր հարստութիւնները ենթակայ են ընդհանուր շահի եւ հասարակական նախաձեռնութեան ու սեփականութեան պաշտպանութեան։ Ութերորդ բաժինը կը ներկայացնէ պետութեան տարածքային սահմաններն ու տեղական ինքնակառավարումը, իններորդ գլուխը՝ սահմանադրական դատարանի գործունէութեան ու օրէնքներու սահմանադրականութեան։ Վերջին գուլխին մէջ ամփոփուած է Սահմանադրութեան ընդունումը, փոփոխումն ու հանրաքուէի անցկացումը, իսկ վերջը՝ եզրափակիչ եւ անցումային դրոյթներ։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Սպանիոյ սահմանադրական պատմութիւնը սկսած է 1812-ին՝ համասպանական առաջին սահմանադրութեան ընդունմամբ։ Բռնակալ Ֆրանչիսքօ Ֆրանքոյի մահէն ետք՝ 1975-ին, երկրին մէջ կը ստեղծուին «սահմանադրական դատարաններ» (Սպանիոյ խորհրդարանը՝ որպէս սահմանադիր ժողով)՝ երկրին մէջ սահմանադրականութիւն հաստատելու նպատակով։ Սահմանադրութեան նախագիծի քննարկման եւ մշակման համար Սպանիոյ քորթէսէն կ՛ընտրուիէ եօթ պատգամաւոր, որոնք ալ կը ձեւաւորին սահմանադրական խորհուրդ։ Կարճ ժամանակահատուածի մէջ ԶԼՄ-ներու տարածած նիւթերու շնորհիւ խորհուրդի անդամները յայտնի կը դառնան որպէս Սպանիոյ «Սահմանադրութեան հայրեր»։ Խորհուրդի անդամներու կուսակցական պատկանելիութիւնը եղած է բոլորովին տարբեր, ինչպէս եւ քաղաքական դիրքորոշումը։

Խորհուրդի անդամներն էին Գաբրիէլ Սիսներոսը (Ժողովրդավարական կեդրոնի միութիւն), Խոսէ Փետրօ Փերես Եորկան, Միգէլլ Էռերօ Ռոտրիկէս տէ Մինիոն, Միքէլ Ռոկա Խունյէնթը (Քաթալոնիայի ժողովրդավարական կոնուերգենցիայ), Մանուէլ Ֆրագա Իրիպարնէն («Յայտնի դաշինք» կուսակցութիւն), Կրեկորիօ Փեսէս Պարպան (Սպանիոյ սոցիալ-աշխատաւորական կուսակցութիւն) եւ Խորտի Սոլէ Տուրան։

Սպանիոյ Սահմանադրութիւնը Քորթէսի կողմէն հաստատուած է 31 Հոկտեմբեր 1978-ին[4] եւ ամրագրուած 6 Դեկտեմբերին ժողովրդական հանրաքուէով[5]։ Հանրաքուէի ժամանակ ընտրողներու 91.81%-ը կողմ քուէարկած է նոր Սահմանադրութեան: Վերջիվերջոյ, 27 Դեկտեմբերին խորհրդարանի ներկայացուցչութեան ներկայութեամբ արքայ Խուան Քարլոսը կ՛ընդունէ Թագաւորութեան Սահմանադրութիւնը։ Այն վերջնական իրաւական ուժի մէջ կը մտնէ 29 Դեկտեմբերին եւ նոյն օրը կը հրապարակուի պաշտօնական տեղեկագրին մէջ։ Այպիսով՝ 6 Դեկտեմբերը Սպանիոյ մէջ կը նշուի որպէս Սահմանադրութեան տօն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել