«Աւագ Շաբաթ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 25 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 1.
{{ԱՀ}}
 
'''Աւագ Շաբաթ''' ([[Յունարէն|յունարէն]]՝ Μεγάλη Εβδομάδα — Megali Evdomada), Ծաղկազարդի յաջորդող [[Մեծ Պահք]]ի վերջին շաբաթը<ref>{{Cite news|url=http://www.aztagdaily.com/archives/226794|title=Քառասնօրեայ Պահեցողութիւնը Եւ Միջինք|last=|first=|date=2015-02-14|work=|newspaper=Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)|language=en-US|via=}}</ref>, որ կ'աւարտի Ս. Յարութեան տօնով (Ս. Զատիկ), որու ընթացքին կը յիշուի [[Վերջին ընթրիք]]ը, [[Յիսուս Քրիստոս]]ի դատավարութիւնը, տանջանքները, խաչելութիւնը եւ թաղումը։ Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն անուան կը նախորդէ «Աւագ» բառը (Աւագ Երկուշաբթի, [[Աւագ Երեքշաբթի]], եւ այլն)։
 
Արեւմտեան քրիստոնեաները զայն կը կոչեն «Սուրբ Շաբաթ», իսկ Արեւելեան եկեղեցիները «Աւագ Շաբաթ»<ref>{{Cite web|url=http://www.emahay.com/am/index.php/useful-info/religious-info/liturgies/88-2012-03-08-12-13-53|title=Աւագ Շաբաթ|last=Administrator|first=|date=|website=www.emahay.com|publisher=|language=en-gb}}</ref>։
Տող 46.
 
*«Վերջին Ընթրիք» կամ «Ընթրեաց Պատարագ», որովհետեւ ան կը յիշատակէ Պասեքի այն ընթրիքը, զոր Քրիստոս Վերնատան մէջ Իր առաքեալներուն հետ կատարեց, Իր չարչարանքներու եւ խաչելութեան նախօրէին։
 
*«Գոհաբանութեան Պատարագ», որովհետեւ անով գոհաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնուի Հօր Աստուծոյ, որ հաճեցաւ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկել՝ մարդոց հոգիներու փրկութեան համար։
*«Հաղորդութեան Պատարագ», որովհետեւ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ստանալով մարդիկ կը հաղորդակցին աստուածային Էութեան հետ եւ մաս կը կազմեն Անոր եկեղեցիին, հաւատացեալներու հաւաքոյթին։
 
*«Հաղորդութեան Պատարագ», որովհետեւ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ստանալով մարդիկ կը հաղորդակցին աստուածային Էութեան հետ եւ մաս կը կազմեն Անոր եկեղեցիին, հաւատացեալներու հաւաքոյթին։
 
Այս խորհուրդով Քրիստոս Նոր Ուխտ մը կը հաստատէ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։
{{Քաղվածք|Մինչդեռ Հին Կտակարանին մէջ ընտրեալ ժողովուրդը Աստուծոյ կը մօտենար քահանայի մը եւ ողջակիզուած կենդանիի մը միջոցաւ, հիմա բոլոր մարդիկ Աստուծոյ կրնան մօտենալ ուղղակիօրէն Քրիստոսի միջոցաւ եւ մանաւանդ՝ Յիսուսի Քրիստոսի հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին միջոցաւ (Հռ. 3.21-24)։}}
Փոխան Հին Կտակարանի գառնուկին, որ խորանին վրայ պիտի զոհագործուէր մարդոց մեղքերուն փոխարէն, ահա Քրիստոս իբրեւ Անարատ Գառն Աստուծոյ, Արդարը՝ անարդարներուն համար, Անմեղը՝ մեղաւորներուն համար Իր սրբարար ու քաւչարար արիւնը թափեց քառաթեւ խաչին վրայ, որպէսզի մարդոց մեղքերը միանգամընդմիշտ ներում եւ թողութիւն գտնեն։
 
Բ) Նոյն օրը Երեկոյեան կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւնը, հետեւողութեամբ Քրիստոսի ձեռքով Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու օրինակին։
Տող 81 ⟶ 79՝
 
Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը Հռոմէացի Կուսակալ Պիղատոսէն, Հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով խաչի անարագ մահուան Անոր դատապարտութիւնը, մարդոցմէ ու զինուորներէ ծաղրուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը։ Յիսուս, գիտակից իր Աստուածային ծրագրին՝ մարդկութիւնը մեղքի տիղմէն դուրս բերելու, գառնուկի մը լռութեամբ եւ հլու հնազանդութեամբ՝ կամաւորապէս բարձրացաւ դէպի Գողգոթա եւ հոն խաչուեցաւ։
{{Քաղվածք|Ան «Նախատուեցաւ, բայց փոխարէնը չնախատեց. չարչարուեցաւ, բայց փոխարէնը չսպառնաց, այլ՝ ինքզինք Արդար Դատաւորին յանձնեց։ Մեր մեղքերը ի՛նք կրեց իր մարմինով՝ խաչին վրայ, որպէսզի մեղքի տիրապետութենէն ազատած՝ արդարութեան համար ապրինք։ Անոր վերքերովն էր որ բժշկուեցաք» (Ա.Պտ 2.23-24)։}}
 
Նոյն օրուան երեկոյեան արարողութիւնը կը յիշատակէ Քրիստոսի թաղումը։ Եկեղեցիներուն մէջ խորհրդանշական ձեւով կը պատրաստուի Յիսուսի դագաղը կամ գերեզմանը, որուն վրայ կը զետեղուի ճերմակ պատանքով պատուած խաչ մը, ի նշան Յիսուսի թաղման։ Ծնկաչոք եւ արտասուալից կ'երգուի «Սուրբ Աստուած. . . որ թաղեցար վասն մեր» եւ նաեւ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականները։
Տող 96 ⟶ 94՝
[[Պատկեր:Rembrandt - The Risen Christ Appearing to Mary Magdalen - WGA19094.jpg|մինի|աջից|Յարուցեալ Քրիստոս կը յայտնուի Մարիամ Մագթաղենացիի]]
Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին դպիրներ կամ դպրոցական աշակերտներ ընթերցուածներ կը կարդան, որոնք բոլորն ալ կը պատմեն, թէ ինչպէս Աստուած կանուխ ժամանակներէն արդէն ծրագրած էր Իր Որդին աշխարհ ղրկել եւ ամբողջ մարդկութիւնը ազատագրել «եգիպտոսի», այսինքն՝ մեղքի գերութենէն, եւ մարդիկը վերադարձնել ու վերահաստատել Աստուածային իրենց նկարագրին եւ որդեգրութեան մէջ։ Ս. Գրոց ընթերցանութեանց կը հետեւի Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր հաւատացեալներ կը հաղորդուին Քրիստոսի յարուցեալ, կենդանարար ու կենսատու մարմինով եւ արիւնով։
 
 
Պարսկահայերը սովորութիւն ունին ճրագալոյցներուն եկեղեցիէն նշխար բերել տուն։ Տան մեծաւորը զայն կը բաժնէ ներկաներուն, իւրաքանչիւրը նշխարի կտորը կը զետեղէ իր բաժակին մէջ, ապա անոր վրայ գինի կը լեցնեն եւ խմելով կը շնորհաւորեն իրար։
Տող 103 ⟶ 100՝
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}
== Արտաքին յղումներ ==
* [http://philotheus.blogspot.com/2013/03/blog-post_28.html Աւագ Հինգշաբթին տարբեր ազգերի սովորոյթներում] (յօդուած)
{{Օրվա հոդված նախագծի մասնակից|2018 թվականի [[Կաղապար:Օրվա հոդված/Մարտի 31, 2018 թ.|մարտի 31]]}}
 
[[Կատեգորիա:Քրիստոնէական տօներ]]