«Հայկ Բժշկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 11.
Ազատ արձակուելէն ետք կը տեղափոխուի [[Թիֆլիս]] ուր կը հետեւի հաշուապահական դասընթացքներու: Կ’աշխատի երկաթավաճառի խանութի մը մէջ: Հոս եւս կը մասնակցի բանուորական շարժումներուն: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի ՙառեւտրա-արդիւնաբերական ծառայողներու Թիֆլիսի միութիւնը՚: 1911 Նոյեմբեր դարձեալ կը ձերբակալուի եւ 3 ամիս Մետիխի բանտին մէջ բանտարկուելէ ետք կ’աքսորուի [[Աստրախան]], ուր կը հաստատուի նաեւ իր ընտանիքը: Որպէս հաշուապահ կ’աշխատի հայ առեւտրականի մը մօտ:
 
Համաշխարհային Ա. Պատերազմի սկիզբին, Աստրախանի հայութիւնը եւս խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ դէպի կամաւորագրութիւնը: Այդ շարժումը կը գլխաւորէ [[Ս.Դ.Հ.Կ.Ս․Դ․Հ․Կ․]] Աստրախանի ՙԷդիլ՚ մասնաճիւղը: Կը կամաւորագրուին 35 երիտասարդներ, որոնք մարզանքներէ եւ բժշկական քննութիւններ անցնելէ ետք, կը պարզուի որ անոնցմէ 11 հոգին միայն ատակ է զինուորական կեանքի: Այս խումբին խմբապետ կը նշանակուի Հ. Բժշկեան: Խումբին ճակատ մեկնելու առիթով տեղի կ’ունենայ եկեղեցական արարողութիւն, որուն կը հետեւի ողջերթի ժողովրդային հաւաք: Տեղի կ’ունենան ոգեւորիչ եթոյթներ: Յատկանշական կ’ըլլայ Հ. Բժշկեանի հօր՝ Տիմիդրիի ելոյթը, որ ՙլի զգացմունքով խօսեց եւ արտայայտեց իր անկեղծութիւնը դէպի իր որդին, որդու սուրը եւ ասելով, այսօր քո հարսանեաց հանդէսն է, ահա քո պսակի կանաչ-կարմիրը որը իմ ձեռքովս կապեցի իմ սիրելի կտրիճ Հայկս՚ :
 
Խումբը կը տեղափոխուի Թիֆլիս եւ կը միանայ կամաւորական Զ. գունդին, որ Ազգ. Պիւռոյի կազմած կամաւորական գունդերէն անկախ, ստեղծուած էր Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ՝ ռուսական բանակի հրամանատարութեան հաւանութեամբ: Զ. գունդը, կը տեղափոխուի Կարս, զինավարժութիւններ եւ համալրում կատարելու համար: