«Հայրենիք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Հայրենիք''', իւրաքանչիւր ժողովուրդ գոյատեւելու եւ բնականոն կեանքով ապրելու համար պէտք է ունենայ...»:
 
No edit summary
Տող 1.
'''Հայրենիք''', իւրաքանչիւր ժողովուրդ գոյատեւելու եւ բնականոն կեանքով ապրելու համար պէտք է ունենայ իր ազատ եւ անկախ Հայրենիքը։
 
Հայրենիքը ժողովուրդի մը պատմական ապրելատարածքն է։ Հայրենիքի գաղափարի ակունքները սկիզբ կ՛առնեն դարերու խորքէն եւ ունին պատմաէթնիկական բնոյթ։բնոյթ<ref>https://www.encyclopedia.am/pages.php?bId=2&hId=1369</ref>։
 
Սակայն ամէն մէկ տարածք դեռ Հայրենիք չէ։ Հողը Հայրենիք կը դառնայ դարերու ընթացքին՝
Տող 9.
*երբ այդ հողը ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ կը մտնէ ֆոլկլորային՝ ազատագրական առասպելներով, էպոսով, երգերով, հեքիաթներով ու հոգեպէս հարազատ կը դառնայ.
*երբ ժողովուրդը կը դառնայ հոգեւոր ամբողջութիւն.
*երբ «հող» հասկացութիւնը կը վերածուի «տուն» հասկացութեան, իսկ «տուն» հասկացութիւնն ալ «Երկիր» ու «Հայրենիք» հասկացութիւններու եւ կը մտնեն ցեղի արեան ու «գենի» մէջ որպէս անոր գոյատեւման հիմնական պայման։ պայման<ref>http://www.aztagdaily.com/archives/351912</ref>։
 
Հայրենիք կոչուող ապրելատարածքին մէջ իւրաքանչիւր ժողովուրդ անպայման պէտք է ունենայ ազատ, անկախ պետականութիւն, որովհետեւ միայն ան ի վիճակի է ապահովելու ժողովուրդի գոյատեւման եւ բազմակողմանի զարգացումին հնարաւորութիւնը։ Ազատ Հայրենիքն ու անկախ պետականութիւնը այն հզօր գործօններն են, որոնք կ՛ապահովեն ժողովուրդի բնականոն զարգացումը։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հայրենիք» էջէն