«Ստեփան Էքշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 1.
 
{{Արևելահայերեն|Ստեփան Էքշյան}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
| անուն ազգանուն = Ստեփան Էքշեան
| բնագիր ԱԱՀ =
Տող 40 ⟶ 39՝
 
== Թատերական Գործունէութիւն ==
Ստեփան Էքշեանի յաճախած վարժարանին մէջ սովորութիւն էր տօնական եւ հանդիսական առիթներուն վարժարանի սրահին մէջ թատերախաղեր ներկայացնել: Ստեփան բուռն կերպով կը մասնակցէր այս թատերախաղերուն։ Աշակերտներուն ամենախանդավառն էր ու հետզհետէ աւելի կը նուիրուի բեմին:
 
[[Կ.Պոլիս (Արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] վերադառնալէ ետք, [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան կայսրութեան]] մէջ կը վարէ պետական թարգմանիչի պաշտօն: Միաժամանակ, [[Միջագիւղ|Միջագիւղի]]ի մէջ մաս կը կազմէ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան|Մ. Պէշիկթաշլեանի]] ներկայացումներու խումբին, որ Բերայի մէջ ալ ներկայացում մը կը բեմականացնէ: Ան նաեւ կը մասնակցի [[Խասգիւղ|Խասգիւղի]]ի մէջ տեղի ունեցած ներկայացումներուն: Էքշեան մեծ համբաւ կ՛ունենայ Միջագիւղի մէջ:
 
1856-ին [[Սրապիոն Հէքիմեան|Ս.Հէքիմեանի]] եւ Մաղաքեանի հետ միասին կը կազմէ թատերախումբ մը, որ նաեւ ներկայացումներ կ՛ունենայ Բերայի [[Նաումի Բեմ|Նաումի բեմին]] վրայ: Այս խումբը ամառնային շրջանը կ՛անցընէր [[Գատըգիւղ]]ի Մէօհրիւտարի զբօսարանին մէջ, ուր առաջին անգամ բեմ կ՛ելլէ Էքշեանի քենին՝ Աղաւնի Խամսեան-Ճէզիրեանը՝ ծանօթ Ֆաննի կեղծանունով:
 
Էքշեան 1858-59-ի թատերական շրջանը Բերայի մէջ կ՛անցընէ Սրապիոն Հէքիմեանի հետ: 1858-ին, Հէքիմեանի խումբը [[Թէաթրը Ֆրանս|Թէաթրը Ֆրանսի]]ի մէջ երկու ներկայացում կը բեմականացնէ. «Նեղսիրտ բարեգործը» եւ «Ամօթխածութեան Վարձատրութիւնը»։ Երկու ներկայացումները կ՛արժանանան բարձր գնահատանքի: Այս ներկայացումներուն կը մասնկացին Էքշեան եւ [[Աղաւնի Գէորգեան]]: 1860-ին, Ս. Էքշեան գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլայ Հէքիմեանի խումբին բեմադրած Մոնթիի «Արիստոդէմ» ողբերգութեան, որ կը կատարուի [[Հայերէն]] [[Գրաբար (Արեւմտահայերէն)|գրաբար]] լեզուով:
 
[[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ թատերական լաւագոյն դերասանները թատերական խումբ մը կը կազմեն, որուն մէջ գլխաւոր դերասաններէն մէկը կ՛ըլլայ Էքշեան:
 
Ան դերասանի իր մեծ համբաւը հիւսեց [[Արեւելեան Թատրոն|Արեւելեան թատրոնին]] մէջ: Արեւելեան թատերաշրջանի երկրորդ սկիզբը իր համբաւի գագաթնակէտն էր: Այս շրջանին, թատերական վարչութեան եւ դերասանախումին մէջ երկպառակութիւն մը կ՛ըսկսի. դերասանները իրենց ամսականները չէին ստացած, եւ այդ պատճառով վարչութեան կը մեղադրէին: Այս բոլորը պատճառ դարձաւ որ Էքշեան դադրի իր դերասանական ներկայացումներէն:
 
Այս բոլորէն ետք, 1863-ին, [[Իզմիր (արեւմտահայերէն)|Իզմիրէն]] [[Սարգիս Վանանդեցի|Սարգիս Վանանդեցիէն]]էն հրաւէր ընդունելով, կրցաւ իր շուրջ համախմբել դերասաններուն մեծ մասը ու մեկնիլ [[Զմիւռնիա]]: Խումբը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն. Էքշեան, Պէնկլեան, Մնակեան, Աճէմեան, ֆասուլեաճեան, Թրեանց, Այտընեան, Չերազի, Ռ. Սետեֆճեան, Մէրասեէտեան, Արուսեակ, քոյրը՝ Աղաւնի եւ Պայծառ:
 
Զմիւռնիոյ մէջ սկիզբըր «Վասպուրական Թատրոն»-ին մէջ ներկայացումներ կ՛ըլլան եւ արդիւնքը շատ բարեբեր կ՛ըլլայ, սակայն հետզհետէ դերասաններէն ոմանք դժուարութեամբ [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] կը վերադառնան եւ յաջողութիւնները կը նուազին: Զմիւռնիոյ մէջ Էքշեան խումբին կեդրոնական դէմքն էր, եւ կատարելապէս կը փայլի:
 
Պոլիս վերադարձին ան վերջնականապէս կը հրաժարի դերասանութենէն, սակայն անշուշտ միշտ կը հետաքրքրուէր թատերական կեանքով:
 
Բեմէն հեռանալէ ետք, ամէն անգամ որ իր դերակատարութիւնը խնդրած են՝ բարեսիրական ձեռնարկի մը համար, սիրահօժար իր մասնակցութիւնը բերած է:
 
Էքշեանի դերերը ընդհանրապէս մարդկային հոգիի չափազանցութեան ներկայացումն էր, եւ ինք շատ լաւ կը կատարէր այդ մէկը, զայն բնականի վերածելով: Ան կը յաջողէր սրտի փոթորիկներու, կիրքերու, անպարփակելի սիրոյ եւ վիշտի արտայայտութիւնները բնական տեսարաններով կատարել: Էքշեան դիւցազներգակ էր, եւ միակ թրքահայ դերասան էր, որ մինչեւ վերջ միեւնոյն սեռին մէջ մնացած էր: Իր ներկայացուցած գլխաւոր դէմքերէն են՝ Ռոպէրթ աւազակապետը, Արիստոդէմ, Անճէլօ Մալիբիէրի, Հայկ դուցազն, Վրադան Մամիկոնեան, Լեւոն Զ., Սանատրուկ, եւ այլն:
 
== Թարգմանական Գործունէութիւն ==
Էքշեան եղած է [[Թարգմանիչ (արեւմտահայերէն)|թարգմանիչ]]: Ան կը տիրաբետէր [[Թրքերէն|Թրքերէնին]]ին, [[Ֆրանսերէն|Ֆրանսերէնին]]ին, եւ [[Հայերէն|Հայերէնին]]ին: Անոր [[Լեզուագիտութիւն|լեզուագիտութեան]] մէկ փաստը կը տեսնուի իր լուսանկարին ետեւը, որ նուիրուած էր իր կնոջ՝ Թագուհիի (Խամսեան) հետեւեալ տողով.
«Սէվկիւլիւ Թագուզումա սուվընիր. Ստեփան Էքշեան»:
 
== Աղբիւրներ ==