«Յակոբ Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 35.
 
== Գործեր ==
Յակոբ նմանապէս հող գնեց Սայտայի[[Սայտա]]յի մէջ: Այժմու Տէյր Մուխալլէսի եւ շրջակայքի հողերը կը պատկանէին իրեն, զորս ինք ծախեց վերոյիշեալ վանքին։ Սա ալ ըսենք միջանկեալ կերպով՝ թէ այս երեք կարդացող կղերականներու [[Սայտա]] հաստատւուիլը անկէ յառաջ կուգար որ այդ ժամանակ, այսինքն շուրջ հարիւր յիսուն տարի առաջ, [[Սայտա]] աւելի մեծ ու կարեւոր քաղաք մըն էր քան [[Պէյրութ]], ինչպէս մանրամասն կերպով բացատրեցինք Պէյրոթի պուտմութեան մէջ։
Իր պատրիարքական ներկայացուցիչ նշանակուիլը 34 տարեկան հասակին եւ արքեպիսկոպոս ձեռնադրուիլը 39 ին, կ՛ապացուցանեն թէ բացառիկ կարողութեանց տէր մէկընմէկն էր Յակոբ Աբգարեան, մինչեւ վերջն ալ լաւ ու սիրալիր յարաբերութիւն մշակեց Երուսաղէմի պատրիարքութեան հետ: Իր [[Պոլիս]] որպէս պատուիրակ զրկուիլը լուրջ դժգոհութիւն կը պատճառէ իրեն։ Իսկ խռովաբար Եղիա վարդապետին պաշտօնի ետ կոչուիլը պատճառ կ՛ըլլայ իր վանական կեանքէ հրաժարելուն։ Երուսաղէմի Պատրիարքին գրած նամակներր կ՝ապացուցանեն թէ իր դիրքը պատրիարքարանի հանդէպ միշտ ալ բարեկամական էր։ Իր վերջին նամակը շնորհակալութիւ.ն կը յայտնէ այգ ժամանակւայ Պատրիարք հօր որ իր (Յակոբին) ընտանիքին պէտք եղած աջակցութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը ընծայած են ինք եւ վաքը, երբ Յակորին կինը զաւակներր Երուսաղէմ այցելութեան գացած են վանքին հետ առնչութիւն ունեցող հաշուական խնդրով մը որ դեռ այդ ժամանակ առկախ կը մնար (Յակոբին եւ վանքին միջեւ:
Հետաքրքրական է դիտել թէ նամակներէն ոմանք հայերէն գրուած էին, իսկ ուրիշներ ալ հայատառ Թրքերէն։ Հայերէն նամակները ստորագրուած են Աբգարեան, իսկ հայատառ Թրքերէն նամակները ստորագրուած են Ապիքարիոս կամ Աբգարիոս Եպիոկոպոս Ագշէհիրցի: Ինչպէս գիտենք, Աբգար անունը մէզի հայերուս անծանօթ անուն մը չէ:
մը չէ։ Ունեցած ենք մեր Աբգար Թագաւորը։ Անշուշտ հոս երբեք ըսել չենք ուզեր թէ Յակոբ Աբգարեանի գերդաստանը ըլլայ Աբգար թագաւորի տոհմէն: Հաւանաբար Յակոբին մեծ հայրը Աբգար կը կոչուէր, ինչեւիցէ, այդքանը մեզ չի հետաքրրքրեր: Կ՛ըսուի թէ այս Աբգարիոսը եւ Հնդկաստանի[[Հնդկաստան]]ի Աբգար ծանօթ ընտանիքը միեւնոյն գերդաստանին ճիւղերն են։
Յատկանշական կէտ մը կայ դիտուելիք, թէ Յակոբ միշտ ալ իր Երուսաղէմի Պատրիարքին ուղղած հայերէն նամակները ստորագրած է Աբգարեան,իսկ հայատառ Թրքերէն նամակները՝ Ապիքարիոս։ Հաւանաբար Յակոբ իր թրքերէն նամակներուն մէջ ստորագրած է Ապիքարիոս՝ հայկական եան յետագաս մասնիկը փոխելով իոս յունական յետադաս մասնիկով որ դարձեալ եան կը նշանակէ յունարէն։ Ահա ասկէ կը բացատրուի Աբգարիոսի գերդաստանին արաբերէնով Էպքարիոսի փոխուիլը:
Հոս կ՚արժէ մատնանշել հետեւեալ կէտը եւս: Յակոբ Աբգարեանի դստեր՝ փոքրիկն Մարթայի շիրմաքարին վրայ (որ կը գտնուի անկլօ-ամերիկեան հին գերեդմանատունը) հայերէն գրութեան մէջ կ՛ըսուի. «նորաբոյս ծաղիկ Աբգարեան գարմի», մինչդեռ, արաբերէնով կ՛ըսուի. «Աբգարիոսի աղջիկը»: Որով այս մեզի խորհիլ կուտայ թէ լիւստրացի աշխարհական անունով հայ միջավայրի ճանչցուեցաւ որպէս Յակոբ Աբգարեան, իսկ օտարներու կողմէ կոչուեցաւ Եաղուպ ապա Աբգարիոս։