«Աշոտ Ղուլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
→Աղբիւրներ: կատեգորիայի հեռացում |
Չ →Արցախեան պատերազմ: clean up, replaced: Հայաստան (արեւմտահայերէն) → Հայաստան using AWB |
||
Տող 38.
== Արցախեան պատերազմ ==
Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման սկզբնական փուլէն իսկ՝ նախազգալով, որ հաւաք-ցոյցերը սպասուող անխուսափելի պատերազմի նախերգանքն են, եւ առանց զէնքի՝ անկարելի պիտի ըլլայ նուաճել ազատութիւնն ու անկախութիւնը, ան գաղափարակից իր ընկերներուն հետ ձեռնամուխ եղաւ ինքնաշէն նռնակներու, ինքնաձիգներու, հրացաններու եւ նռնականետներու պատրաստութեան։ Այդ զէնքերու փորձարկումներուն ժամանակ, Աշոտ երեք անգամ վիրաւորուած է: Անոր ստեղծած առաջին զէնքը 16 գանի կարճափող հրացանը եղած էր: Իսկ երբ հասաւ պահը, Աշոտ լծուեցաւ դէպի [[Արցախ (արեւմտահայերէն)|Արցախ]] զէնքեր գաղտնաբար փոխադրելու գործին եւ այդպէ՛ս իր տեղը գտաւ Արցախեան ֆետայական շարժման ակունքներուն մէջ:
Բեկոր իր մարտական մկրտութիւնը ստացաւ [[Հայաստան
Մինչեւ Արցախի «իսկական» պատերազմական գործողութեանց սկզբնաւորումը, Բեկոր մասնակցած է հայդուկային-հրոսակային շատ գործողութիւններու: Այդ շարքին յատկապէս յիշատակելի է Բեկորիի ղեկավարած կարեւոր խափանարարական գործողութիւնը՝ [[Քելբաջար]]ի մէջ տեղակայուած ՕՄՕՆականներուն ռազմական օգնութիւն տանող ատրպէյճանական ռազմական շարասիւնին վրայ յարձակումը եւ այս վերջինին ոչնչացումը:
Դաշնակցութեան անդամագրուելով՝ Բեկոր շատ կանուխէն եւ շատերէն առաջ յանգեցաւ այն համոզումին, որ Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար նախապայման էր ստեղծել մշտական, կանոնաւո՛ր բանակ՝ իր կառուցուածքով եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ: Այդպէ՛ս [[1991]]ին, երբ սկսաւ Արցախի կանոնաւոր բանակի առաջին զօրամասերուն կազմաւորումը, Բեկորին առաջարկուեցաւ գլխաւորել առաջին վաշտը, որուն կորիզը նոյնինքն իր ղեկավարած ջոկատն էր:
|