«Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎top: կատեգորիայի հեռացում using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ, [Թիֆլիս (արեւմտահայերէն) → [Թիֆլիս using AWB
Տող 31.
 
== Կենսագրութիւն ==
Սաթենիկ ծնած է [[Ալեքսանդրապոլ (արեւմտահայերէն)|Ալեքսանդրապոլ]]<ref>[http://www.ayo2006.com/?p=2548 ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒՀԻՆ ՍԱԹԵՆԻԿ ՄԱՏԻՆԵԱՆ ԱՐՂՈՒԹԵԱՆ (ԾԱՂԻԿ)]</ref> եւ ընտանիքով փոքր տարիքէն կը փոխադրուի [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]։ Ինը տարեկանին կը սկսուի Թիֆլիսի առաջին Օրիորդաց Գիմնազիան, սակայն հիւանդութեան պատճառով Զ. դասարանին կը ստիպուի դպրոցը ձգել։ Հետագային այն կը ստանայ մանկավարժութեան վկայականը։ Մատինեաններու ընտանիքը ըստ [[Մալխաս (արեւմտահայերէն)|Մալխասի]]՝ Թիֆլիսի երիտասարդութեան հաւաքավայրն էր եւ կը կոչուէր «Դաշնակցութեան Պապոնց Տուն»ը։
 
Սաթենիկ եւ իր քոյրը [[Նատալիա Մատինեան|Նատալիան]], փոքր տարիքէն կը հետեւին իրենց տան մէջ տեղի ունեցող զրոյցներուն եւ կը սկսին հետզհետէ հետաքրքրուիլ ազգային հարցերով։ Երբ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութիւնը]] կը հիմնուի, ան շարքերը կը մտնէ։ Դաշնակցութեան Ա. Ընդհանուր Ժողովէն ետք, կը որոշէ ձգել Թիֆլիս եւ ուսուցչութիւն ընել [[Թաւրիզ]]ի Լիլիաւայի դպրոցը ([[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]])։ Հոն կը շարունակէ որ յեղափոխական գործերը եւ կը սկսի աշխատիլ յեղափոխական ծածկանունով, Ծաղիկ։
Տող 43.
[[Խանասորի Արշաւանք]]էն ետք, Իշխան Արղութեան կը ձերբակալուի Սալմաստի մէջ Պարսկաստանի Կառավարութեան կողմէ եւ կը յանձնուի ռուսական հիւպատոսարանին եւ կ՚աքսորուի [[Վոլոդգայ]]։ Սաթենիք կը հետեւի Իշխանին եւ աքսորավայրին մէջ կ՚ամուսնանան<ref name="ռռռ">{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/328533 | title=Սաթենիկ Արղութեան (Մատինեան, 1874-1930). Հայկական Յեղափոխութեան Ոգեշնչող «Ծաղիկ»-ը}}</ref>։
 
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, Իշխան 4-5 միացեալ գունդերու հրամանատար կը նշանակուի եւ Սաթենիք իր օգնութիւնը կը բերէ նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Երբ Հայաստան կ՚անկախանայ, Իշխան կը նշանակուի Պարսկաստանի դեսպան եւ անկումէն ետք կը հաստատուին [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]։ Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք, Սաթենիկ կը մահանայ [[12 Դեկտեմբեր]], [[1930]]-ին։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==