«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
Չ clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ, Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն) → Կոստանդնուպոլիս using AWB
Տող 33.
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Ռուբէն Չիլինկիրեան։ Ծնած է [[Սիլիվրի]] ([[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մօտ)։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ագգային վարժարանին մէջ, ապա հետեւած՝ [[Պարտիզակ]]ի Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն, երկու տարի։ Անցած է Պոլիս, ուր փայլուն նիշերով աւարտած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարան ([[Թուրքիա]])|Պէրպէրեան վարժարանը։ Համալսարանական ուսումը ստացած է [[Զուիցերիա|Զուիցերիոյ]] մէջ՝ [[Լոզան]] ([[1905]])-ին, վկայուելով որպէս բժիշկ։
 
[[1911]]-ին, բժիշկ, շրջան մը կը պաշտօնավարէ զուիցերիական հիւանդանոցներու մէջ եւ կ'ամուսնանայ գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամին (Եաննի Ապել) հետ։ Եաննիի հետ Ռուբէնի ծանօթացումը տեղի ունեցած է վերջինիս ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանի ճամբով։ 1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ / [[Լոզան]], ամուսնացած է Եաննիի հետ։ 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ, իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ՝ դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ Հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
Տող 46.
 
== Գրական վաստակ ==
Գրական իր ամբողջական վաստակը կը հրատարակուի [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]ի «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ»ուն կողմէ՝ քերթուածներ, արձակ էջեր, վիպակներ։
 
Իր բանաստեղծական գլխաւոր գործերն են՝ «Սիրոյ Գիրք», «Թրուպատուրները», «Մարդերգութիւն» եւ այլն։