«Ինտրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Երկերի մատենագիտութիւն: clean up, replaced: Կատեգորիա:1921 մահեր (արւմտ․) → Կատեգորիա:1921 մահեր using AWB
Չ clean up, replaced: Փարիզ (արեւմտահայերէն) → Փարիզ, Գրողներ (արւմտ․) → Գրողներ, Բանաստեղծներ (արւմտ․) → Բանաստեղծներ using AWB
Տող 5.
Ծնած է 1875-ին Պոլիս, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք թաղային դպրոցը, յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, ուր կրած է Ռէթէոս Պէրպէրեանի խոր ազդեցութիւնը: Մեծանուն կրթական գործիչը խօսելով իր աշակերտին մասին, կը գրէ.- «Լուսալի աչքերով աշխոյժ բայց արդէն խոհուն պատանեկիկ մըն էր, չարաճճի հարցուփորձող ժպիտով մը»: Տիրան Չրաքեան ուշիմ աշակերտ եղած է, մասնաւոր սէր ու հակում ունեցած է նկարչութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ: Իր ստորագրութիւնը կրող քանի մը յաջող իւղանկարներ եւ գծանկարներ մնացած են կարգ մը բարեկամներու մօտ: Ամէն հարցի խորը թափանցելու հետաքրքրութիւնը կը մղէ որ Չրաքեան կլանուի նաեւ գիտութեամբ: Լայն ծանօթութիւններ ձեռք կը բերէ մասնաւորաբար բնապատմութեան ճիւղին մէջ:
 
Պէրպէրեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1891-ին կը նուիրուի ուսուցչութեան նոյն վարժարանին մէջ: 1898-ին դարձեալ ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Տրապիզոն, Սեւ ծովեան շրջան եւ 1900-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Սեւ Ծովէն քաղած ներշնչումները այդ տեղափոխութեան կը պարտի:1904-1905 տարիներուն նախ կ'անցնի [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]՝ նկարչութեան եւ գրականութեան հետեւելու, յետոյ կ'այցելէ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]] ու կը դառնայ Պոլիս: Առաւելաբար անձնական աշխատութեամբ ձեռք կը բերէ իր փափաքած զարգացումը: 1906-ին կը հրատարակէ «Ներաշխարհ»ը, զոր գրի առած էր 1898-1900-ին: Ինտրա կը շարունակէ ուսուցչութեան պաշտօնը վարել Պէրպէրեան, Կեդրոնական եւ Պեզազեան վարժարաններուն մէջ, աւանդելով գլխաւորապէս հայ գրականութիւն: 1908-ին կը հրատարակէ «Նոճաստան»ը, քերթուածներու փոքրիկ հատոր մը: Ինտրա մօտ 15 տարի իր աշխատակցութիւնը բերած է հայ թերթերուն եւ տարեգիրքերուն, զանազան յօդուածներով: Ուշագրաւ է մասնաւորաբար «Ներաշխարհ»ի պաշտպանութեան համար գրած իր ընդարձակ յօդուածաշարքը, ի պատասխան գրաբարագէտ Տիգրան Ելքէնճեանին, որ «Բիւզանդիոն»ի մէջ քննադատած էր այս գործը:
 
1910 թուականը անկիւնադարձ մը կը դառնայ Չրաքեանի կեանքին մէջ: Յաջորդական ներքին տագնապներ իր մէջ կ'առաջացնեն հոգեփոխութիւն եւ կ'ուրանայ իր անցեալը, գրական վաստակը, նոյնիսկ Իռենան: Նախ կը յարի ոգեհարցութեան, ապա շաբաթապահութեան, դառնալով աւետարանի քարոզիչ: Համաշխարհային Առաջին պատերազմին իբրեւ հասարակ զինուոր կը ծառայէ թուրք բանակին մէջ. բայց կը մերժէ զէնք վերցնել, հաւատարիմ մնալու համար «մարդ չսպաննելու» իր սկզբունքին: Իր աշակերտները դրամ կը հաւաքեն եւ զինք կ'ազատեն զինուորութենէ՝ վճարելով անհրաժեշտ փրկագինը: Պոլիս վերադառնալով՝ կը շարունակէ Ս. Գիրքի քարոզչութեամբ զբաղիլ: Կինն ու մէկ հատիկ զաւակը կը հեռանան տունէն՝ անհանդուրժելի գտնելով շաբաթապահ քարոզիչի իր ընթացքը: Խորապէս ցնցուած 1915-ի ահաւոր ոճիրներէն, ընդմիշտ կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ անձնատուր կ'ըլլայ մտասեւեռումներու: Այդ օրերուն է որ կ'այրէ իր բոլոր ձեռագիրները: 1919-1920 տարիներուն կը հիմնէ Աւետարանական լսարան եւ կը քարոզէ Քրիստոսի սէռը եւ հանդերձեալ կեանքի գեղեցկութիւնը: Հոգեկան տագնապը այնուհետեւ արգելք կը դառնայ գրական ամէն ստեղծագործութեան եւ մահուան փափաքը իր հիմնական մտածումը կը դառնայ: Քեմալական շարժումի օրերուն, Ինտրա մեկնած էր Գոնիա, ուր տունէ տուն պտտելով կը քարոզէր Աւետարանի եւ քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնը: Կը ձերբակալուի իբրեւ կասկածելի ու վտանգաւոր անձ, «կիլիկեան յեղափոխական գործիչ» եւ կ'աքսորուի անծանօթ ուղղութեամբ: Տասնեակ օրերու տաժանելի ճամբորդութենէ ետք, իր բախտակիցներուն հետ կը հասնի Տիգրանակերտի դաշտը եւ անօթի, ծարաւ ու հիւանդ, մտրակներու հարուածներու տակ, ի վերջոյ շունչը կը փչէ 1921 Սեպտեմբեր 11-ին, ընկերներուն յանձնարարելով սէր, միութիւն եւ հաւատք: Իր ծանօթներուն վկայութեամբ՝ Ինտրա կեանքին ընթացքին եղած է ստորնութեանց եւ միջակութեանց մոլեգին դշնամի, վերջին ծայր սրասմիտ, վիճաբանիլը սիրող, գեղեցիկին առջեւ սարսռացող, զօրաւոր յուզումներ բնտռող եւ այդ յուզումներով գինովնալ սիրող բացառիկ անձ մը:
Տող 49.
[[Կատեգորիա:1875 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1921 մահեր]]
[[Կատեգորիա:Գրողներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ գրողներ]]
[[Կատեգորիա:Պոլիս ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Տիարպեքիր մահացածներ]]
[[Կատեգորիա:Բանաստեղծներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ բանաստեղծներ]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ինտրա» էջէն