«Իւան Թուրկենեւ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: գրողներ (արւմտ․) → Գրողներ, removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ →‎Ծագում եւ Կեանքի Վաղ Տարիներ: clean up, replaced: Գերմանիա (արեւմտահայերէն) → Գերմանիա using AWB
Տող 20.
[[Պատկեր:Varvara Petrovna Turgeneva.jpg|մինի|180px|ձախից|Վառվառա Փեթրովնա Լութովինովան՝ գրողի մայրը]]
 
Վառվառա Փեթրովնան յատուկ խառնուածքի տէր կին մըն էր։ Ան օժտուած էր ճորտատիրական հակումներով, սակայն միաժամանակ բաւականին կիրթ եւ կարդացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան իր երեխաներուն դաստիարակութիւնը կը զուգորդէր ընտանեկան [[Բռնութիւն|բռնութեան]] հետ։ Մայրական ծեծի կ՝ ենթարկուէր նաեւ Իւանը, հակառակ անոր, որ՝ ան կը համարուէր մօր ամենասիրելի որդին։ Տղուն գրագիտութեամբ զբաղած են, յաճախակիօրէն, փոփոխուող [[ֆրանսա]]ցի եւ [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանա]]ցի տնային դաստիարակները։ Վառվառա Փեթրովնայի ընտանիքին մէջ խօսակցութիւնը, նոյնիսկ աղօթքները կ՝ արտասանուէր [[ֆրանսերէն]]։ Վառվառան շատ կը ճամբորդէր եւ ան պայծառ եւ կրթեալ կին էր, կը կարդար շատ, դարձեալ՝ առաւելապէս ֆրանսերէն։ Սակայն հարազատ լեզուն ու [[գրականութիւն]]ը նոյնպէս խորթ չէին իրեն համար։ Ան հրաշալի կը տիրապետէր պատկերաւոր ռուսերէն խօսքին, իսկ Սերկէյ Նիքոլաեւիչը կը պահանջէր երեխաներէն, որ անոնք իր բացակայութեան ժամանակ, ռուսերէն նամակներ գրեն իրեն։ Թուրկենեւներու ընտանիքը կապ կը պահէր Վ. Ժուկովսկիի եւ Մ. Զագոնսկիի հետ։ Վառվառա Փեթրովնան կը հետեւէր գրականութեան նորոյթներուն, լաւ տեղեկացուած էր Ն. Քարամզինի, Վ. Ժուկովսկիի, Ա. Պուշկինի, Մ. Լերմոնտովի եւ Ն. Կոկոլի ստեղծագործութիւններէն, որոնցմէ հաճոյքով մէջբերումներ կը բերէր որդւոյն գրած նամակներուն մէջ։
 
Ռուսական գրականութեան հանդէպ սէրը պատանի Թուրկենեւի մեջ սերմանած է նաեւ ճորտ սպասաւորներէն մէկը, որ յետագային դարձաւ Փունինի նախատիպը «Փունինը եւ Պապուրինը» պատմուածքին մէջ։ Մինչեւ 9 տարեկան Թուրկենեւը ապրած է մայրական ժառանգական կալուածքին մէջ՝ Սպասքոյէ-Լութովինովօ՝ Օրիոլի նահանգ՝ Մցենսքէն 10 քմ հեռաւորութեան վրայ։ 1827 թուականին Թուրկենեւները երեխաներուն կրթութեան տալու նպատակով հաստատուեցան Մոսկուայի՝ Սամոթեօք թաղամասը։ Ապագայ գրողը սկիզբը սորված է Վէյտենհամըրի գիշերօթիկ դպրոցին մէջ, ապա ան եղած է Լազարեան ճեմարանի տնօրէն՝ Ի. Քրաուզէին սանը։