«Գուրգէն Պաղտասար Մալեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: իբր → իբրեւ (2) using AWB
Տող 46.
Պիթլիսի մէջ Գուրգէն կը կազմակերպէ ոստիկանապէտ Հիլմիի տեռորի գործողութիւնը: Սերոբի հետ Ախլաթի եւ Պիթլիսի կազմակերպչական աշխարանքները աւարտելէ եւ «Սալնօ Ձոր» Կեդրոնական Կոմիտէի ստեղծումէն ետք կ'անցնի [[Տարօն]], միանալով Ղզլաղաճ գիւղին մէջ գտնուող Հրայր Դժոխքին եւ Վանէն եկած Վազգէնին:
 
Գուրգէնը լաւ հասկանալով Պիթլիսի կարեւորութիւնը չէր ուզեր երթալ Սասուն, որովհետեւ համոզուած էր, որ դժուար էր իրեն նման գործիչ ուղարկուի իր փոխրէն, որ կրնայ լիովին հասկնալ Պիթլիսի կարեւորութիւնը, իբրիբրեւ կապ Վանէն դէպի Երկիրի խորքը անցնող հայդուկային ճանապարհին: Սասունի վիճակն ու հայդուկներուն միջեւ եղած տարակարծութիւնները կը ստիպեն զինք, որ անցնի Սասուն. Գուրգէն իր հետ կը տանի Անդրանիկը, որ այն ժամանակ տակաւին զինուոր էր եւ Սերոբ Աբիւրը իր խմբով, որը շատ չ'անցած կը վերադառնայ Ախլաթ:
 
Սասնոյ Սպաղանք գիւղին մէջ, ան ձեռնամուխ կ'ըլլայ կազմակերպչական աշխարանքներու: Գաղտնի զինման աշխատանքներ կը կազմակերպէ, պարտաւորիչ դարձնելով կուսակցական շարքերուն զինք ունենալը: Զէնքի պատրաստութիւնները կը ստանցնեն շրջանի վարպէտները եւ իր հետ եկած Անդրանիկը:
Տող 56.
1898 թուականի Հոկտեմբերին, Բաբշէնի նշանաւոր կռիւէն ետք, Սերոբ Աղբիւր իր ընտանիքով կը հաստատուի Սասուն: Յեղափոխական կազմակերպութիւններու քայքայման վտանգը կը ստիպէ Գուրգէնը, որ վերադառնայ Պիթլիս: 1899-ի սկզբին տակաւին Պիթլիս չգացած, Գուրգէն ֆետայի միւս ընկերներուն հետ երկար վէճերէ ետք կը վճռէ իր որոշումը ըսելով՝ {{քաղվածք|Ես քանի մը օրէն կը հեռանամ Տարօնէն եւ Սասնայ երկրէն: Մեռնիլ կայ՝ ապրիլ կայ, ես իմ մտածումներս ձեզի ըսեմ, միտքերնիդ պահեցէք եւ գործադրեցէք: Տարօնի, Սասնայ երկիրներու հայրեը լաւ հայեր են, յեղափոխական են, մէկ լուցկի վառես, անոնք վառոդի նման կը պայթին եւ օսմանցու թախթը կը խախտեն: Բայց այդ բանը պէտք չէ ընել,... մինչեւ որ Պիթլիսի շրջանն ալ ձեզի պէս հաւատացեալ եւ կազմակերպուած ըլլայ: Ձեզի չորս բան չէտք է՝ համբերութիւն, խաղաղութիւն, ուսում եւ պատրաստութիւն:|}}
 
Գուրգէնի երազանքը չիրականացաւ: Պիթլիս մեկնելէն առաջ, 1899 Ապրիլին, ան կ'իջնէ Մուշ քաղաք, ուր կազմակերպչական աշխատանքներ տանելէ ետք, կ'անցնի Ցրոնք գիւղ: Լրտեսները լուր կը հասցնեն Պիթլիսի կուսակալին, որ Ալայ պէյի եւ Մշեցի Տալիպ էֆէնտիի 1000-ի չափ զինուորներով կը հասնի Ցրոնք, իսկ Գուրգէգնը իր ընկերներով կ'անցնի մարագի մը մէջ: Զօրքը կը պաշարէ մարագը. Գուրգէնը ընկերներուն կ'առաջարկէ իբրիբրեւ «վերջին խրախոյս» երգ մը սկսին: Եւ այդպէս, գնդակներու սուլոցին կը միանայ ֆետայական ռազմերգը՝ «Կռուեցէ՛ք տղերք, կռուեցէ՛ք քաջ-քաջ, ահա քիւրտերը փախչին սարսափած»:
 
Մշեցի Տիգրանը, Տալիպ էֆենտիին դրացի ըլլալով, կը ճանչնայ զինք անոր ձայնէն, եւ մարագին դիմացի տան տանիքէն անկենդան գետին կը բռէ հրահանգներ արձակող էֆենտին: