«Իսքէնտէր Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: շատ մը → բազմաթիւ (2) using AWB
Տող 45.
Շատ բան չենք գիտեր իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շուրջ, բայց ինչ որ կը վերաբերի իր գրական գործունէութեան, սա որոշ է որ շատ կանուխէն սկսաւ գրել։ Քսան տարեկան էր երբ հայրը կորսնցուց։ Նիւթական մեծ դժուարութեանց մատնուած ըլլալով հանդերձ, դարձեալ է՛ն դժնդակ պայմաններու տակ իսկ չդադրեցաւ գրելէ։ Ընդհակառակը, ալ աւելի սաստկացուց իր թափը այս ուղղութեամբ։
 
Իսքէնտէր Աբգարիոս, որ ծառայած է արաբական գրականութեան մօտաւորապէս երեսուն տարի, հեղինակած է շատ մըբազմաթիւ երկեր զորս մի առ մի թուել անկարելի պիտի ըլլար, որովհետեւ ասոնցմէ շատերը ժամանակին սպառած ըլլալով հիմա կարելի չէ գտնել։ Դժբախտաբար ժամանակին իր կենսագրութիւնն ալ ընդարձակ կերպով գրուած չըլլալուն, իր հեղինակութիւններուն մէկ լրիւ ցանկը չունինք, սակայն մեր տուածը ցարդ գոյութիւն ունեցածներուն կատարելագոյնն է։ Հետեւեալները, որոնք իր գործերուն էն կարեւորներն են եւ որոնք մեզի հասած են, կրնան ընթերցողին գաղափար մը տալ իր ճշմարիտ գրագէտի տաղանդին շուրջ։ Հոս կ'արժէ շեշտել այն պարագան, թէ Իսքէնտէրի երկերէն շատերը սպառած են եւ իր գրութիւններէն շատերը ցիրուցան կը մնան հին թերթերու մէջ։ Իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է այն ժամանակուայ պարբերաթերթերուն, ամսագիրներուն եւ թերթերուն, որոնց մէջ ունի շատ մըբազմաթիւ բանաստեղծական, պատմական, փիլիսոփայական, եւ զանազան ուսումնասիրական յօդուածներ<ref>{{Գիրք:Հայերը Լիբանանի մէջ|հատոր|166}}</ref>:
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}