«Ազրպէյճան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (- <ref +<ref)
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 4.
[[Պատկեր:Flag of Azerbaijan.svg|250x250px|մինի|Ազրպէյճանի դրօշ]]
[[Պատկեր:Coat of arms of Azerbaijan.svg|273x273px|մինի|Ազրպէյճանի զինանշան]]
'''Ազրպէյճան''' ([[ազրպէյճաներէն]]՝ ''Azərbaycan'', պաշտօնապէս ''Azərbaycan Respublikası''<ref>[http://www.meclis.gov.az/?/ru/topcontent/67 Ազպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւն]</ref>, '''Ազրպէյճանական Հանրապետութիւն'''<ref name="ԱՊՏՀՏԲ">{{ԱՊՏՀՏԲ|page=5}}</ref>) հանրապետութիւն է Հարաւային [[Կովկաս]]ի, [[Կասպից ծով]]ու արեւմտեան ափամերձ շրջանին մէջ։ Կը սահմանակցի [[Հայաստան]]ին եւ [[ԼՂՀ|Արցախին]] արեւմուտքին, [[Վրաստան]]ին հիւսիսարեւմուտքին, Ռուսիոյ հիւսիսին եւ [[Իրան]]ին հարաւին մէջ։ Ազրպէյճանի կազմի մէջ մտած է նաեւ [[Նախիջեւան]]ը, որ կը սահմանակցի Հայաստանին, Իրանին եւ Թուրքիոյ (7 քմ լայնութեամբ միջանցքով)։
 
== Անուանում ==
Երկիրը [[ազրպէյճաներէն]] կը կոչուի ''Ազրպէյճանական'', որ կազմուած է [[պարսկերէն]] ''ազեր'' «կրակ» եւ ''պէյճան'' «երկիր» բառերու միացումէն, այսինքն կը նշանակէ «կրակէ երկիր»։ Կ'ենթադրեն, որ նոյնպէս կը նշանակէ «կրակ» (հայերէնի սղման օրէնքով բարդութեան սկիզբը դարձած է ''ադր'')։ Երկրի հարաւային մասը հին յունական աղբիւրներուն մէջ, կը կոչուի ''Ատրոպատենե'', հայկականին մէջ ''Ատրպատական''։{{փաստ}} Այդպէս կոչուած է [[Փոքր Մարաստան]]ի մէջ, [[Աքեմենյաններ]]ու սատրապ [[Ատրոպատես]]ի անունով (ան մ.թ.ա. 321-ին Փոքր Մարաստանը հռչակած է անկախ թագաւորութիւն եւ դարձած է հարստութեան հիմնադիր թագաւորը)։ Ազրպէյճանցի ժողովուրդը մինչեւ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը յայտնի էր թուրքեր կամ Կովկասի թաթարներ անունով, այնուհետեւ կոչուեցան ազրպէյճանական թուրքեր, ապա՝ [[ազրպէյճանցիներ]] (ինքնանուանումը՝ ազրպէյճանլար)։<ref>{{cite book|author=Հ, Ղ Գրգեարեան, Ն. Մ. Հարությունեան|title=Աշխարհագրական անուններու բառարան|publisher=«Լոյս»|location=Երեւան|year=1987|page=էջ 11}}</ref>
 
== Պատմութիւն ==
Այժմյան Ազրպէյճանի տարածքը կը ներառէ պատմական [[Աղուանք]]ը, [[Մեծ Հայք]]ի [[Ուտիք]], [[Փայտակարան]], մասամբ նաեւ [[Սիւնիք]] եւ [[Արարատ]] նահանգները։ Իսկ «Ազրպէյճան» տեղանունը, որ [[Իրան]]ի հիւսիսարեւմտեան երկրամասի պատմական կ'անուանէր, մինչև 1918 թ․ չէ տարածուած իր տարածքի վրայ։ Ազրպէյճանի ժողովուրդի ձեւաւորումը սկսած է XI դարու վերջէն, երբ [[Այսրկովկաս]] ներխուժած են թրքալեզու քոչուոր ցեղերը։ Ան ընթացած է թրքալեզու եւ իրանալեզու տարրերու համախմբման պայմաններուն մէջ, տնտեսական եւ կրօնամշակութային ընդհարնութիւններու հիմքի վրայ։ Մինչեւ 1920-ական թուականները [[ազրպէյճանցիներ]]ը յայտնի էին [[թուրքեր]] կամ [[Կովկասի թաթարներ]]։ XVI դարու սկզբին ժամանակէն Ազրպէյճանի տարածքը կը մտնէր [[Սեֆյան Պարսկաստան]]ի կազմի մէջ, եւ այստեղ ձեւաւորուեցան մի քանի [[խանութիւններ]]՝ Շիրվանի, Շաքիի, Գանձակի, Ղուբայի եւ այլն։ XIX դարու սկզբին Ազրպէյճանի տարածքը միացուցաւ [[Ռուսական կայսրութեան]]ը: Ազրպէյճանական ազգային պետականութիւնը ձեւաւոուած է 1918 թ–ի Մայիսին, երբ Ռուսական կայսրութենէն անջատուած Այսրկովկասի մէջ, ստեղծեցին [[Վրաստան]]ի, Ազրպէյճանի եւ [[Հայաստան]]ի հանրապետութիւնները։ Ազրպէյճանական Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունեցաւ մինչեւ 1920, Ապրիլ 28-ը, երբ այստեղ՝ հաստատուեցան [[խորհրդային կարգեր]]ը: Աշխարհագրականօրէն բուն Ազրպէյճանէն անջատուած է անոր կազմի մէջ մտնող [[Նախիջեւանի Հանրապետութիւն]]ը, որուն տարածքը կազմած է Մեծ Հայքի մէկ մասը եւ մտած է անոր տարբեր աշխարհներու (Արարատ, Սիւնիք, [[Վասպուրական]]) կազմերու մէջ, սակայն 1921 թ–ին [[Խորհրդային Ռուսաստան]]ի եւ քեմալական Թուրքիոյ միջեւ կնքուած պայմանագրով այն Ազրպէյճանին բռնակցուած է (աւելի ուշ՝ 1924 թ–ին, այստեղ ստեղծուաեւ է [[Նախիջևանի Ինքնավար Հանրապետութիւն]]ը)։ Նոյն՝ 1921 թ–ին, [[Մոսկուայի պայմանագր]]ով Ազրպէյճանին միացած էր նաեւ [[Արցախ]]ը (1923 թ–ին այստեղ կազմաւորուած է [[Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ]]ը, որ 1991, Սեպտեմբեր 2–ին, հռչակեց իր անկախութիւնը)։ 1991 թ–ին Ազրպէյճանը հռչակեց իր անկախութիւնը, որ առաջին ճանաչցաւ Թուրքիան։ 2003 թ–էն նախագահը [[Իլհամ Ալիեւ]]ն է։
 
== Բնակչութիւն ==
Տող 346.
 
=== Հայերը Ազրպէյճանի Մէջ ===
Ազրպէյճանի ներկայիս տարածքին մէջ, հայերը բնակած են հնագոյն ժամանակներէն։ Իսկ XIX դարուն, հիմնականին մէջ հայաբնակ էին Պաքուն, Սումգայիթը եւ այլ շրջաններ ([[Գանձակ]]ը, [[Շամխոր]]ի, [[Շաքի]]ի (Նուխի), Շամախիի եւ այլ շրջաններ)։ Այստեղ կը գործէին հայկական դպրոցներ, մշակութային օճախներ։ Հայ բուրժուազիայի ձեռքին մէջ կը գտնուէր Ազրպէյճանի նաֆթարդիւնաբերութեան մէկ մասը, Պաքուի ձեռնարկութիւններուն մէջ, կ'աշխատէին հազարաւոր հայ բանուորներ։ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք եւ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն Ազրպէյճանի մէջ կը շարունակէր ապրիլ հայ հոծ բնակչութիւն (1979 թ-ին՝ 475,5 հզ. մարդ), կը գործէին հսկայական թիւով կրթական ու մշակութային օճախներ։ Ատոնք հետզհետէ նուազեցուցին՝ երկրի իշխանութիւններու վարած բացայայտ ուծացման եւ ազգային խտրականութեան քաղաքականութեան հետեւանքով։ 1988 թ-ի Փետրուարէն սկիզբ առաւ Ղարաբաղեան շարժումը, ծայր աստիճան սրվեցան յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ։ Սումգայիթի մէջ (1988 թ-ի Փետրուար), ապա Պաքուի մէջ (1990 թ-ի Յունուար) ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէն կազմակերպուեցան հայերու կոտորածներ, որմէ ետք Ազրպէյճանի հայ բնակչութիւնը (շուրջ 450 հզ. մարդ) ստիպուած եղաւ հեռանալ Ազրպէյճանէն. փախստականներու զգալի մասը ապաստան գտաւ Հայաստանի մէջ։ Այդ նոյն ժամանակ Հայաստանէն ազրպէյճանցի բնակչութիւնը տարհանուեցաւ Ազրպէյճան։
 
Իր պատմական հողի վրայ, ապրելու իրավունքը պաշտպանելու համար Արցախի հայութիւնը ստիպվուած դիմեց զինուած պայքարի եւ կրցաւ դիմակայել ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն։ 1991 թ-ին Լեռնային Ղարաբաղը հռչակեց իր անկախութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ սակայն, դեռեւս միջազգայնօրէն չէ ճանչցուած։ Բանակցութիւններ կը տարուին հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման նպատակով։
 
== Կրօն ==
Ազրպէյճան կը համարուի աշխարհիկ պետութիւն։ Ազրպէյճանական կրօնական քաղաքանութիւնը հիմնուած է Լաիցիզմի վրայ, որ յստակ կը տարանջատէ եկեղեցւոյ պետութենէն եւ հասրակական կեանքը կը համարուի աշխարհիկ կեանք<ref name="preslib">Նախագահութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, ''[http://files.preslib.az/projects/remz/pdf_en/atr_din.pdf Նախագահական Գրադարան – Կրօն]''։ {{ref-en}}</ref>։
 
Բացարձակ մեծամասնութիւնը, այսինքն բնակչութեան 95%ը [[մուսուլման]] են. 85%-ը՝ [[Շիա իսլամ|շիա մուսուլման]] եւ 15%-ը՝ [[Սուննի իսլամ|սուննի մուսուլման]]։<ref name="preslib"/> Կրօնական փոքրամասնութիւններիւ կը թուեն. [[Ռուս ուղղափառ եկեղեցի|ռուս ուղղափառներ]], [[Վրաց ուղղափառ եկեղեցի|վրաց ուղղափառներ]], [[Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի|կաթոզիկէներ]], [[մոլոկաններ]], [[Հայ Աւետարանական Եկեղեցի|աւետարանականներ]], բապտիստներ, [[Եհովայի վկաներ]], [[Յուդայականութիւն|յուդայականներ]], հարէ կրիշնայ, եւ [[բահաի]]։ Ընդհանուր առմամբ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ գրանցուած է 425 կրօնական համայնք<ref name="preslib"/>։
Տող 389.
== Զինուած Ոյժեր ==
[[Պատկեր:Azerbaijan Armed Forces.png|մինի|Ադրբեջանի զինված ուժերի նշան|250x250փքս]]
Ազրպէյճանի Զինուած Ոյժերը ([[ազրպէյճաներէն]]՝ Azərbaycan Silahlı Qüvvələri) կազմուած են [[Ազրպէյճան]]ի [[Ազրպէյճանի Հակադային Պաշտպանութիւն|հակադային պաշտպանութենէն]], [[Ազրպէյճանի Ռազմա-օդային Նաւատաորմ|ռազմա-օդային նաւատորմնաւատորմէն]]էն եւ [[Ազրպէյճանի Ռազմա-ծովային Նաւատորմ|ռազմա-ծովային նաւատորմնաւատորմէն]]էն։։
 
Ազրպէյճանը, նաֆթի վաճառքէն ստացուած գումարները օգտագործելով, իր զինուած ոյժերը մշտապէս կը համալրէ մեծաքանակ զէնք, զինամթերքով։ Մասնաւորապէս, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Մոլդովայէն գնած է մեծ քանակութեամբ ԽՍՀՄ արտադրութեան զրահամեքենաներ եւ տանկեր, իսկ Ռուսիայէն, Իզրայէլէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէն՝ ժամանակէն յարձակողական սպառազինութիւն։ [[2007]]թ-ին Ազրպէյճանի ռազմական պիւտճէն կը հասնէր [[ԱՄՆ տոլլար|$]] 1,3 միլիարի։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ազրպէյճան» էջէն