«Սեբաստացի Մուրատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Սեբաստիա (արեւմտահայերէն) → Սեբաստիա (2), Ճակատամարտ → ճակատամարտ (2) using AWB
Չ clean up, replaced: Սասուն (արեւմտահայերէն) → Սասուն (2), Դժոխք (արեւմտահայերէն) → դժոխք, removed: <nowiki/> using AWB
Տող 19.
Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ [[Հնչակեան Կուսակցութիւն|Հնչակեան կուսակցութեան]], որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ [[Պոլիս]]էն իր ընկերներով։ Անցաւ [[Եգիպտոս]] ու [[Յունաստան]]։ Բայց արդէն չէր կրնար հայրենիքէն հեռու մնալ։ Գնաց [[Թիֆլիս]], ուր նորակազմ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութիւնը]] կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ ուղարկուեցաւ [[Կարս]]՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար։ [[1903]]ին իրականացաւ Մուրատի տարիներու երազը, երբ Թորգոմի առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։
 
[[Մուշ]] եւ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]], [[Հրայր Դժոխք (արեւմտահայերէն)դժոխք|Հրայր Դժոխքի]] եւ [[Գէորգ Չաւուշ]]ի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ կը դառնայ խիզախ զինուոր եւ կը գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ [[1904]]ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կ՚որոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ պաշտօնը տրուի [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկին]]։ Ան հռչակ կը ստանայ երբ Երկրորդ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, [[Աղթամար կղզի (արեւմտահայերէն)|Աղթամար կղզի]] հաւաքուած ֆետայիներու ժողովէն ետք, Թրքական զօրքի պաշարման շղթան կտրելով, կը գրաւէ նաւ մը եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցնէ։
 
[[1905]]-ի հայ-թաթարական կռիւներու ամբողջ տեւողութեան, [[Նիկոլ Դուման]]ի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ մղուած հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարին յառաջապահներէն հանդիսացաւ Սեբաստացի Մուրատ։ Ան յատկապէս [[Զանգեզուր]]ի եւ [[Նախիջեւան]]ի ճակատներուն վրայ մարտեր ղեկավարեց։
 
[[1906]]ին վերադարձաւ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]], մասնակցեցաւ [[1907]]ի հերոսական կռիւներուն։ Եւ երբ ապստամբութեան աւարտին, կը մասնակցի Վիեննայի մէջ գումարուած [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Հ.Յ.Դ]]. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովին ան դաշնակցական մարտիկներուն կամքը կը ներկայացնէր եւ ժողովի որոշումով, կ՚ուղղուի դէպի [[Պարսկաստան]]՝ իր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու համար Սահմանադրական ուժերու կողքին Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան։
 
[[1908]]-ին, հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Մուրատ երկար ժամանակի համար վերադարձաւ [[Սեբաստիա]]։ Բնաւ չհաւատաց Սահմանադրութեան եւ շարունակեց ժողովուրդի զինման եւ երիտասարդներու պատրաստութեան գործը։ [[1910]]ին, իր ընկերներու եւ շրջապատի ճնշման տակ, ամուսնացաւ՝ [[Դանիել Վարուժան (արեւմտահայերէն)|Դանիէլ Վարուժանի]] կնքահայրութեամբ (որ Մուրատի պաշտողներէն էր եւ անոր նուիրած է իր քերթուածներէն մէկը)։
Տող 37.
* [[Միքայել Վարանդյան|Միքայէլ Վարանդեան]], Մուրատ /Սեբաստացի ռազմիկին կեանքն ու գործը/, Պոսթըն, 1931, 348 էջ, 2-րդ հրատ., Թեհրան, 1981, 352 էջ։
* [[Սեպուհ (ֆիդայի)|Սեպուհ]], Էջեր իմ յուշերէն, հատ. Բ., Պոսթըն, 1929, 315 էջ։
* [[Սողոմոն Թեհլիրյան|Թեհլիրեան Սողոմոն]] «Վերյիշումներ։ [[Թալեաթ Մեհմեդ|Թալեաթ]]<nowiki/>ի ահաբեկումը», [[Գահիրէ]], 1953, 1956, 474 էջ, Երևան, 1993, 288 էջ, 2008։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==