«Մատթէոս Զարիֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: Ճակատամարտ → ճակատամարտ using AWB
Չ →‎top: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 10.
Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն<ref name="զզզ" />։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «[[ճակատամարտ]]» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է [[1918]]-ի զինադադարէն ետք։ Իսկ առաջին գիրքը [[1921]]-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։
 
[[Պետրոս Դուրեան|Դուրեան]]ի, [[Միսաք Մեծարենց (արեւմտահայերէն)|Մեծարենց]]ի եւ [[Վահան Տէրեան|Տէրեան]]ի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։
 
[[1921]]-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ [[1922]]–ին՝ երկրորդը։