«Պօղոս Մելիքշահեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կեսագրութիւն: clean up, replaced: Կեսարիա (արեւմտահայերէն) → Կեսարիա using AWB
Չ clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (2) using AWB
Տող 3.
[[Պատկեր:Armenian monastery of s apostles in moush.jpg|մինի|'''Մշոյ վանք''']]
[[Պատկեր:Jerusalem infobox image.JPG|մինի|Երուսաղէմ]]
'''Պօղոս Մելիքշահեան''' ([[1788]]- Կրգաղաճ ([[Իզմիր]]ի մօտ) - [[10 Յունիս]] [[1855]], [[Կոստանդնուպոլիս]]), հայ փիլիսոփայ, մանկավարժ, հասարակական գործիչ, բնագէտ ([[Ֆիզիկոս (արեւմտահայերէն)|ֆիզիկոս]])։
 
== Կեսագրութիւն ==
Գիտութեան աշխարհին մէջ Հայը ամէնէն քիչ ներկայացուցիչները ունեցած է անցեալ դարուն եւ եղած բացառութիւններն ալ երբեք չեն կրցած զերծ մնալ կրօնքի ազդեցութենէն, որ կերպով մը հեռու պահած է միշտ հայ միտքը գիութիւնէն։ Մէկ քանի Հայ բժիշկներէ, իբր [[Գիտութիւն|գիտութեան]] նուիրուած անձ եւ որքան որ ալ այժմու գիտական լայնածաւալ մթնոլորտին մէջ, փոշիի հատիկի մը արժէքն իսկ ունենալու իրաւունք չունի, սակայն նկատելով իր ժամանակը, իր լուսաւորելու փափաքները եւ մանաւանդ այն [[Սերմ (արեւմտահայերէն)|սերմ]]ը, որ ցանած է իր յաջորդներուն համար՝ ծնցնելով գիտութեան սէրը, կ՛ընեն զինք արժանիքի տէր հայ գիտնական մը։
 
Սիմոն Մելիքշահեանի զաւակն էր Պօղոս, որ [[1788]] թուականին ծնած է Գըրգ Աղաճի մէջ, իր մանկութեանը դպրոց կ՛երթայ թէեւ, բայց երբ աւելի կը խելահասի՝ դժգոհանալով իր հոն ստացած ուսմունքէն, [[Իզմիր]] կը մեկնի եւ կ՛աշակերտէ Տ․ [[Օհան Վանանդեցի]] քահանային, երբ արդէն 17 տարեկան էր։