«Սուշի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Werldwayd տեղափոխեց էջը «Սուշի (արեւմտահայերէն)»-էն «Սուշի»
Չ removed: {{Արեւելահայերէն|Սուշի}} using AWB
Տող 1.
 
{{Արեւելահայերէն|Սուշի}}
[[Պատկեր:2007feb-sushi-odaiba-manytypes.jpg|300px|մինի]]
'''Սուշի,''' ([[Ճափոներէն|ճափ]].՝ 寿司 կամ 壽司, 鮨, 鮓, 寿し, すし) ճափոնական խոհանոցի աւանդական ուտելիք, որ կը պատրաստուի [[Բրինձ (արեւմտահայերէն)|բրնիձէ]] եւ տարբեր ծովամթերքներէ, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ այլ բաղադրամասերէ։ 1980-ականներու սկիզբէն սուշիները շատ յայտնի դարձած են ամբողջ աշխարհին մէջ։
 
== Պատմութիւն ==
Սուշիի առաջացման պատմութիւնը սկիզբ կ՛առնէ [[Հարաւային Ասիա|Հարաւային Ասիայէն]]յէն, ուր խաշած բրինձը կ՛օգտագործուի ձկնեղէնի պատրաստութեան եւ պահածոյացման համար։ Մաքրուած եւ ոչ մեծ կտորներով կտրտուած ձուկին վրայ կը լեցուէր աղ, կը խառնուէր բրնձի հետ։ Ձուկ ու բրինձ խառնուրդին վրայ կը դրուէր քարէ ծանրութիւն, որ քանի մը շաբաթ ետք կը փոխարինուէր կափարիչով։
 
Ձկան «թթուեցման» գործընթացը կը տեւէր քանի մը ամիս, որուն շնորհիւ ձուկը պիտանի կը մնար ամբողջ տարի մը։
 
Բրինձը, որ կը վերածուէր սոսնձանման զանգուածի, կ՛ունենապ ոչ այնքան հաճելի հոտ։ Զայն կամ կը թափէին եւ կամ կ՛օգտագործէին ձուկի նոր չափաբաժին պատրաստելու համար<ref>{{Cite web|url=http://www.foodreference.com/html/html/yearonlytimeline.html|title=Food History Timeline, Events in Food History, 50,000 BC to 2015|last=|first=|date=|website=|publisher=|accessdate=}}</ref>։
 
Մոտաւորապէս 7-րդ դարուն [[Չինաստան (արեւմտահայերէն)|Չինաստանի]] եւ Թայլանտի վաճառականներուն միջոցով պատրաստման այս եղանակը ստացաւ տարածում նաեւ [[Ճափոն|Ճափոնի]]ի մէջ<ref>{{Cite web|url=http://homepage3.nifty.com/maryy/eng/sushi_history.htm|title=|last=|first=|date=|website=|publisher=|accessdate=}}</ref>։ Սնունդի մէջ թթուեցուած ձուկին օգտագործումը Հարաւային Ասիոյ երկիրներուն մէջ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը։ Սուշիի չինական գաղափարագիրը կը նշանակէ թթու դրուած ձուկ, սակայն պատրաստման աւանդական ձեւը այլեւս չ՛օգտագործուիր Չինաստանի։ Ճափոնի մէջ ներկայիս այս ձեւով կը պատրաստեն նարեձուսին։
 
17-րդ դարուն սկսաւ տարածուիլ բրինձի սուշին, որ կը ներառէր խաշած բրինձ, բրինձի ածիկ, ծովային մթերքներ, բանջարեղէն։ Շուտով սկսան պատրաստել բրնձի քացախ, զոր կ՛աւելցնէին բրինձի մէջ խմորման նպատակով, ինչը զգալիօրէն կրճատեց սուշիի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ ժամանակը։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սուշի» էջէն